Տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեան նախարարութեան անուան փոփոխութեան հետ կապուած իր տեսակէտը չէ փոխած: «Հիմա որոշակիօրէն մեղմացուած է նախարարութեան անուանումը: Զիս կը մտահոգէ նաեւ այլ բան, որ որեւէ փոփոխութիւն մէկ կողմէ որոշակի առումով նաեւ տնտեսական հետեւանք կը յառաջացնէ, միւս կողմէ` անուանումը պէտք է բովանդակութեան մօտ ըլլայ, հետեւաբար ես ունիմ իմ տեսակէտս», երէկ Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Մինասեան:
Ըստ Մինասեանի, այնպէս չէ, որ հիմա բովանդակութիւն կամ ուղղուածութիւն չկայ նախարարութեան անուան մէջ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ եթէ «էկոնոմիկա»-ն մնար, ուղղուածութիւն պիտի չըլլար:
Անդրադառնալով վարչապետին արտայայտած այն միտքին, թէ Արծուիկ Մինասեանը չունի գործառնութեան մտածողութիւն, այդ պատճառով վարչապետը չ՛ուզեր, որ ինք մնայ այդ պաշտօնին վրայ, ան նշեց, որ այդ հարցումը պէտք է վարչապետին ուղղել: «Պարոն վարչապետը նոր ձեւաւորուած խնդիրներու հարցով այլ անձ կը տեսնէ: Ես յարգանքով կը մօտենամ: Որեւէ այլ միտում այս հարցին վերաբերեալ չկայ, եւ անկախ անկէ, թէ ես ո՛ւր կը գործեմ, իմ գլխաւոր խնդիրս, իբրեւ դաշնակցական, իրականացումն է այն չափանիշներուն, որոնք ամրագրուած են թէ՛ համաձայնական յուշագիրով եւ թէ՛ սահմանադրական չափանիշները կեանքի կոչելով», նշեց նախարարի պաշտօնակատարը:
Մինասեան պատշաճ չնկատեց խօսիլ այն հարցին մասին, թէ արդեօք բնապահպանութեան նախարա՞ր պիտի նշանակուի: «Կը կարծեմ` պատշաճ չէ այդ հարցումին պատասխանել առնուազն այնքան ատեն որ կառավարութիւնը կազմուած չէ, եւ չկան համապատասխան հրամանագիրներ: Չափազանց բարձր կը գնահատեմ ոեւէ նախարարի դիրքը եւ դերը: Ինծի համար դժուար է այս պահուն պատասխանել այդ հարցումին: Ինչ կը վերաբերի, առհասարակ, բնապահպանական խնդիրներուն, ինծի համար առաջնորդողը պէտք է ըլլայ սահմանադրութիւնը, մասնաւորապէս` սահմանադրութեան 12-րդ յօդուածը, որովհետեւ շրջակայ միջավայրի պահպանութիւնը, վերականգնումը եւ, բնականաբար, ողջամիտ օգտագործումը պետական եւ հանրային իշխանութեան հիմնական պարտաւորութիւնն է` իբրեւ գալիք սերունդներուն առջեւ պատասխանատուութիւն: Այս հիմնարար մօտեցումով է, որ բնապահպանութեան մարզին մէջ պէտք է առաջնորդուի իւրաքանչիւր նախարար, ոեւէ կառավարիչ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կայ գործող նախարար, եւ ինք պատշաճ չի նկատեր այդ հարցումին պատասխանել:
Մինասեան խօսեցաւ տնտեսութեան նախարարութեան մասին եւ նշեց, որ կայուն զարգացման հիմնարար սկզբունքը սահմանադրական է եւ կ՛ենթադրէ երեք միաժամանակ առաջնակարգ ուղղութիւններով աշխատանք, եւ որեւէ որոշում պէտք է բաւարարէ երեք չափանիշներ` տնտեսութիւն կամ տնտեսական արդիւնաւէտութիւն, ընկերային ապահովութիւն եւ բնապահպանական խնդիրներու պատշաճ լուծում: «Բնութենէն վերցուածը պէտք է վերադարձուի բնութեան, բնութեան շահագործումը պէտք է ըլլայ ողջմիտ, որպէսզի կարենանք կայուն զարգացման հիմնարար սկզբունքները յառաջ տանիլ: Ասիկա բոլոր ուղղութիւններուն կ՛առնչուի», ըսաւ ան:
Ամուլսարի խնդիրներուն անդրադառնալով` Մինասեան նշեց. «Մենք այս պահուն ունինք գերատեսչական տարբեր լիազօրութիւններու մասին նիւթեր, որոնք, մէկ կողմէ, առնուազն լուրջ ուսումնասիրութեան անհրաժեշտութիւն ունին, միւս կողմէ` Ամուլսարի ծրագիրը անցած է համապատասխան փորձաքննութիւններէն: Ես վստահ եմ, որ եթէ բնապահպանական հատուածին մէջ չկայ կոպիտ միջամտութիւն կամ առարկութիւն, կամ հաւասարակշռութիւնը պահպանուած է, այդ նիւթը պէտք չէ անհանգստութիւն պատճառէ, իսկ եթէ կան անհանգստութիւններ, ապա անոնք քննարկման ենթակայ խնդիրներ են»:
Ըստ Մինասեանի, կապ չունի` ինք ո՛ւր կ՛ըլլայ, ինք կրնայ իբրեւ ուժանիւթի նախարար ալ այդ հարցերը քննարկել, այնպէս չէ, որ պէտք է մարզը փոխել, որպէսզի կարենայ ինչ որ հարցեր քննարկել:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պիտի պայքարի պոչամբարներու եւ այլ բնապահպանական խնդիրներու դէմ, ան ըսաւ. «Ժամանակը կու գայ, այդ բոլոր հարցումներուն պատասխանները կու տամ: Միայն կը խնդրեմ` նախապէս կանխակալ մօտեցումներ մի՛ ցուցաբերէք: Ես բաց գործիչ եմ, ես բաց նախարար եմ, ձգեցէ՛ք, որ ամէն ինչ իր բնականոն հունով ընթանայ: Երբ որ կարիքը ըլլայ, ես պատրաստ եմ ըլլալու բաց եւ հրապարակային խօսելու, ներկայացնելու»:
Ըստ Մինասեանի, իր սկսած գործերը ընթացքի մէջ են եւ հետագային ալ պիտի շարունակուին: «Իմ սկսած գործերս, իբրեւ տնտեսութեան նախարար, ընթացքի մէջ են: Եղած է դրական տեղաշարժ իմ նախարար եղած ժամանակս, ժամանակը կը գնահատէ բոլոր կատարուածները», ըսաւ ան:
Աւարտին տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատարը նշեց, որ ինք միշտ կը կարօտնայ խորհրդարանը, ուր ազատութիւնը շատ աւելի որակեալ եւ ընդգրկուն էր: