«Վանայ ձայն»-էն հերթականօրէն ձայնասփռուող «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին նորագոյն հիւրն էր երգչուհի Հիամ Եունես:
«Արաբական երկիրները համախմբող», «Քսաներորդ դարու հրաշքը», «քերթուածներու երգչուհին», «Արեւելքի աստղը» եւ ժողովրդային այլ տիտղոսներով ծանօթ երգչուհին` առ ի գնահատանք մշակութային իր երկարամեայ վաստակին, յուշանուէրով մը պարգեւատրուեցաւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի կողմէ:
«Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրի հաղորդավար Հալա Հատտատի հարցումներուն պատասխանելով երգչուհի Հիամ Եունես ներկայացուց իր վայելած իւրաքանչիւր տիտղոսին «պատմութիւնը»: Ան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս երբ չորսուկէս տարեկան էր, մանկատի իր տարիքին յաջողած էր գրաւել լիբանանցի հանրածանօթ երգիչ Ուատիհ Սաֆիի ուշադրութիւնը` երգելով Տորայի «Սաատէ» բեմէն, երգչախումբի ընկերակցութեամբ եւ թէ ինչպէ՛ս նշեալ քազինոյի սեփականատէրը դիմած էր իրենց տունը` համոզելու համար իր ծնողքը, որ արտօնէ զինք երգելու:
Յայտագիրի ընթացքին վաստակաւոր երգչուհին պատմեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս հինգ տարեկանին նկարահանուած է իր առաջին դերը` ժապաւէններու ծանօթ արտադրիչ Ասիա Տաղերի բեմադրած «Սիրտս զաւկիս հետ է» խորագրեալ շարժապատկերին մէջ:
Խօսելով իր արուեստի կեանքի կարեւոր հանգրուաններուն մասին` հանրածանօթ երգչուհի Հիամ Եունես փափաք յայտնեց «Վանայ ձայն»-ին հետ գործակցաբար իրականացնելու հայ երգարուեստի մշակոյթէն երգ մը երգելու իր երազը:
Երգչուհի Եունես նշեց, թէ իր մանկութեան շրջանի խաղալիքը պուպրիկը չէր, այլ` երգն ու արուեստը, ընդգծելով, որ ինք կ՛ապրի ո՛չ ատելութիւն, ո՛չ ալ ոխ ճանչցող հոգեկան մանկութիւն: Ան յայտնեց, որ լիբանանեան պատերազմի ընթացքին ինք արուեստի աշխարհէն չէ հրաժարած, այլ` երեք տարիով ինքնամեկուսացած է:
Այս առիթով երգչուհի Հիամ Եունես շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց լիբանանցի հանրածանօթ երգիչ` Մլհեմ Պարաքաթին` յոյս յայտնելով, որ ան շուտով վերադառնայ իր արուեստին եւ բնականոն կեանքին: