Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ընթացիկ շրջանի երրորդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ` Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովի անդամներուն եւ Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն եւ առաջնորդարանի անձնակազմին:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Առաջնորդ սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի նախորդ նիստի ատենագրութեան քննարկում եւ վաւերացում, որուն յաջորդեց Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան երկամեայ աշխատանքային ծրագիրներու քննարկումն ու վաւերացումը: Կրօնական ժողովը իր երկամեայ գործունէութեան ընթացքին ծրագրած է ժողովուրդին, երիտասարդութեան, դպրաց դասերուն եւ աշակերտութեան համար հոգեւոր լսարաններ, հանդիպումներ, ձեռնարկներ եւ հաւաքներ կազմակերպել, քահանայ հայրերու համագումարներ եւ հանդիպումներ կայացնել, ընկերային ծառայութիւններ մատուցել գաղութին մէջ եւ այլն: Ազգային վարչութիւնը իր կարգին ներկայացուց իր երկամեայ ծրագիրը, որ առաջին բաժինով կ՛ընդգրկէր առաջադրանքներ եւ աշխատանքային ուղղութիւններ, որոնք կ՛անդրադառնային մեր ազգային կեանքին հետ առնչուող զանազան բնագաւառներու եւ մարզերու` առաջնորդարան-ժողովուրդ կապի սերտացում, երիտասարդութեան հետ յարաբերութեան նոր հարթակի մը ստեղծում, Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքներու ամբողջացում, կրթական ծրագիրի պատրաստութիւն եւ վարժարանի բացում, օտարացնող երեւոյթներու կանխարգիլման ծրագիրներու առաջադրում, քահանաներու դերակատարութեան եւ առաքելութեան վերասահմանում ու ընդարձակում, առաջնորդարանի պաշտօնէութեան եւ անձնակազմի վերաորակաւորման եւ գործունէութեան դաշտերու ընդարձակում եւ արդիականացում: Ազգային վարչութեան երկամեայ ծրագիրը կ՛անդրադառնար նաեւ տնտեսական, շինարարական, գերեզմաններու բարեզարդման, կալուածոց, ուսումնական, դատաստանական, ընկերային ծառայութեան, առաջնորդարանի կալուածներու շահարկման, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին գործունէութեան, Հայաստանի մէջ ուսանելու «Գագիկ Ծառուկեան» ֆոնտի, ինչպէս նաեւ առաջնորդարանի արխիւներու դասաւորման աշխատանքներուն:
Քննարկումներէն ետք Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները փոխանցեցին համապատասխան լուսաբանութիւններ եւ տեղեկութիւններ: Ժողովը մեծապէս գնահատեց ծրագիրներու ամբողջական բնոյթը, որ արդիւնքն է հետեւողական, լուրջ, առարկայական եւ բծախնդիր աշխատանքի:
Այնուհետեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին շրջագիծին մէջ տեղի ունենալիք հովուապետական այցելութեան, պաշտօնական հանդիսութեանց ու ելոյթներու մասին: Յայտնենք, որ մօտ օրէն մամուլով պիտի հրատարակուի վեհափառ հօր Լիբանանի թեմ այցելութեան ժամանակացոյցը:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ գոհունակութիւն յայտնեց սոյն ժողովին համար, որովհետեւ ժողովականները բաւական լրջութեամբ խորացան թէ՛ Կրօնական ժողովի եւ թէ՛ Ազգային վարչութեան ներկայացուցած երկամեայ ծրագիրներուն մէջ` աւելցնելով, որ անոնք բաւական համապարփակ ծրագիրներ են: Սրբազան հայրը մաղթեց, որ աշխատանքով մեր զոյգ ժողովները գործնականացման հասկացողութեամբ անպայմանօրէն հասնին այնտեղ, ուր կը ծրագրեն հասնիլ, յօգուտ մեր ժողովուրդին եւ մեր եկեղեցւոյ: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ հարցերը, տագնապները եւ դժուարութիւնները մեր կեանքին մէջ շատ են, հետեւաբար մեր եռանդը եւ մարդուժը պէտք է աճի, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել եւ դիմակալել այն բոլոր հարցերը, որոնց մէջ մենք մեզ կը տեսնենք: Ան մաղթեց, որ յառաջիկայ հանգրուանը աշխատանքային հեզասահ շրջան ըլլայ բոլորին համար, մեր պատկերացումները իսկապէս իրականութեան վերածուին եւ մեր կեանքին մէջ մենք ալ զգանք յառաջդիմութիւն եւ ոչ թէ տեղքայլ, որովհետեւ ժամանակներու պահանջը եւս կը թելադրէ քիչ մը յառաջդիմութիւն: Ապա սրբազան հօր աղօթքով փակուեցաւ ժողովը: