Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՅԴ-ՀՀԿ Համաձայնագիրէն Հրաժարելու Տրամաբանութիւն Չկայ. Եթէ Գործ Ունինք Ընելիք, Գործ Պէտք Է Ընենք» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Սեպտեմբեր 27, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghvan_91916

26 սեպտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան բացառած է, որ ՀՅԴ-ՀՀԿ համաձայնագիրը չեղեալ յայտարարուի: «Եթէ գործ ունինք ընելիք, գործ պէտք է ընենք, հետեւաբար` այդ համաձայնագիրէն հրաժարելու տրամաբանութիւն չկայ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ հանդիպում ունեցած են վարչապետին հետ եւ քննարկած առկայ բոլոր հարցերը:

Ա. Վարդանեան դիտել տուած է, որ, վարչապետին համաձայն, նախարարութեան վերանուանումով ինք կը պատկերացնէ աւելի շատ գործարարական մտածողութիւն ունեցող անձ մը, գործառնութեան հետ առնչութիւն ունեցող անձ մը ճշդել` աւելցնելով, որ անոր համար շատ կարեւոր են տնտեսական մարզի բարեփոխումները: Վարդանեան նշած է, որ վարչապետը բարձր գնահատած է Արծուիկ Մինասեանի թէ՛ քաղաքական յատկութիւնները, թէ՛ իմացութիւնը` շեշտելով, որ բացարձակապէս որեւէ խնդիր չունի Արծուիկ Մինասեանի հետ:

«Մեզի հետ հանդիպումին ընթացքին վարչապետը ըսած է, որ լրագրութեան ու հասարակութեան մէջ թիւրընկալում տեղի ունեցած է` առաջին նիստին առնչութեամբ: Վարչապետը բացարձակապէս նման ցանկութիւն չէ ունեցած, ընդհակառակն` ափսոսանքով ըսած է, որ շատ կ՛ուզէ աշխատիլ Արծուիկ Մինասեանի հետ եւ առաջարկ ներկայացուցած է ե՛ւ Դաշնակցութեան, ե՛ւ Արծուիկ Մինասեանին», ըսած է Վարդանեան:

Անոր համաձայն, իրենց համար հասկնալի է, թէ վարչապետը ի՛նչ կ՛ուզէ ընել տնտեսութեան մարզին մէջ, որպէսզի մարզը զարգանայ, ուստի իրենք կ՛աջակցին վարչապետին այդ նախաձեռնութիւններուն:

«Արծուիկ Մինասեանը, ամենայն հաւանականութեամբ, յառաջիկային պիտի ստանձնէ բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնը: Դաշնակցութեան համար բացարձակապէս կարեւոր չէ, թէ մենք քանի նախարարութիւն կ՛ունենանք: Մեր համաձայնագիրին մէջ մենք հարցեր ճշդած ենք, եթէ այդ հարցերը կը լուծուին, մենք կրնանք նոյնիսկ  նախարար չունենալ, կրնանք հինգ նախարար ունենալ: Արծուիկ Մինասեանի կարողութիւնները լիուլի կը բաւականացնեն նաեւ բնապահպանութեան նախարարութեան մէջ իր գործառոյթները կատարելուն», նշած է Վարդանեան:

Ըստ անոր, Արծուիկ Մինասեան, ըլլալով թէ՛ քաղաքական գործիչ, եւ թէ՛ մասնագէտ, տիրապետելով բոլոր խնդիրներուն, գործարարութեան հետ առնչութիւն չէ ունեցած, բնական է, որ վարչապետը կազմէ այնպիսի խումբ, որով ինք կարենայ տնտեսութեան խնդիրները լուծել:

«Այս փուլին մենք կը տեսնենք վարչապետի վճռականութիւնը` բոլոր երեւոյթներուն դէմ իսկապէս պայքարելու: Ես յոյս ունիմ, որ կրնանք», յայտնած է Վարդանեան` աւելցնելով, թէ կարեւոր է, որ կառավարութիւնը իր առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները լուծէ, մասնաւորաբար` ստուերի եւ փտածութեան դէմ պայքարի:

Աղուան Վարդանեան հաստատած է, որ Դաւիթ Լոքեանն ու Լեւոն Մկրտչեանը պիտի պահպանեն իրենց պաշտօնները:

 

Նախորդը

Վանաձորի Մէջ Երդման Արարողութիւն. Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն

Յաջորդը

Ազգային Ժողովին Մէջ. Կառավարութեան Կառուցուածքին Մէջ Փոփոխութիւններու Վերաբերող Օրինագիծի Ներկայացում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?