Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղուան Վարդանեան. «Մենք Որեւէ Խնդիր Չունինք Վարչապետին Հետ»

Սեպտեմբեր 24, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghvan_92316

«Երկիր մետիա»-ի «Երկիրն այսօր» լրատուական հաղորդումէն` պատասխանելով վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գործունէութեան վերաբերող հարցումի մը` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ տակաւին կանուխ է գնահատական տալը:

«Ընդամէնը մէկ շաբաթ է, որ Կարէն Կարապետեանը իբրեւ վարչապետ կը գործէ: Բայց ըսեմ հետեւեալը` վարչապետին հետ ունեցած ենք տեւական հանդիպումներ, ուր քննարկած ենք ե՛ւ երկրին առջեւ ծառացած խնդիրները, ե՛ւ տնտեսութեան վիճակը, ե՛ւ իր պատկերացումները, թէ ի՛նչ ծրագիրներ, նպատակներ ունի` կարճաժամկէտ եւ հեռանկարային: Կրնամ ըսել, որ վարչապետին  մօտեցումը, այն է` իսկապէս նոր սկիզբ դնել, խաղի նոր կանոններ սահմանել, իրապէս պայքարիլ ստուերային տնտեսութեան դէմ, աջակցիլ գործարարութեան, կարելի եղածին չափ արտօնեալ, առաւելագոյն յարմար պայմաններ ստեղծել Հայաստանի մէջ  ներդրումներու համար, նոր արտադրանք ստեղծողներու համար ձեւաւորել բարենպաստ միջավայր, աջակցիլ փոքր ու միջին գործառնութիւններուն, հանրապետութեան մէջ ներդրումները մեծցնել, առաւելագոյնս աջակցիլ անապահով բնակչութեան` անոնց բեռը նուազեցնելով, խօսքը կը վերաբերի կազի, ելեկտրականութեան գիներու  տարբերակուած մօտեցումներուն, եւ ընդհանուր բառերով` ասիկա իսկապէս նոր սկիզբ է: Այսինքն` այն, ինչ որ արձանագրուած է ե՛ւ մեր համաձայնագիրին մէջ` ՀՀԿ-ի հետ` այդ խնդիրները, նպատակները, ե՛ւ այն, ինչ որ յայտարարած է հանրապետութեան նախագահը այս տարուան 12 փետրուարին, ինչ որ իսկապէս մեր երկրին առջեւ ծառացած խնդիրներն են, վարչապետը վճռականօրէն պատրաստակամ է եւ իսկապէս կ՛ուզէ այդ բոլոր հարցերով արմատական քայլեր կատարել: Եւ այս առումով մենք ամբողջովին կ՛աջակցինք վարչապետին  մօտեցումներուն, բազմաթիւ համընկնումներ կան մեր մօտեցումներուն  մէջ, այլ բան է, թէ ժամանակը ի՛նչ ցոյց կու տայ: Յատկապէս այս փուլին  մենք բոլոր նախաձեռնութիւններուն կ՛աջակցինք», բացատրած է Աղուան Վարդանեան:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ վերջին շրջանին քննարկման նիւթ կը հանդիսանան յատկապէս վարչապետին եւ դաշնակցական նախարարներուն յարաբերութիւնները` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ըսած է.

«Ասիկա մեր լրատուամիջոցներուն գործն է` տեսադաշտին մէջ գտնել բան մը եւ անոր վրայ վերլուծութիւններ կատարել: Այսօր ես կարդացած  եմ վերլուծութիւններ` Դաշնակցութեան եւ վարչապետին  առճակատման եւ հակասութիւններուն մասին. ամբողջովին երեւակայածին  վերլուծութիւն էր, բացարձակ նման բան չկայ: Կառավարութեան առաջին նիստէն, տեսէք, կրնար տպաւորութիւն ստեղծուիլ, բայց մենք այդ նիւթով խօսած ենք վարչապետին հետ, խօսած ենք բաց, անկեղծ, մինչեւ վերջ, եւ վարչապետը խորապէս կ՛ափսոսայ, որ նման տպաւորութիւն ստեղծուած է: Ընդհակառակն` ինքը ըսած է, որ շատ բարձր կը գնահատէ նոյն Արծուիկ Մինասեանը` իբրեւ բանիմաց քաղաքական գործիչ եւ նախարար, եւ պիտի շարունակէ իրեն հետ աշխատիլ: Վարչապետը ունի իր պատկերացումները այս կամ այն ճիւղի` ե՛ւ կառուցուածքին, ե՛ւ ընելիքներուն վերաբերեալ: Եւ իմ յորդորս էր, առաջարկս էր, որ մենք եւս իրեն այս հարցին մէջ աջակցինք, եւ մենք որեւէ խնդիր չենք տեսներ: Մեզի համար կարեւորը իմ թուարկած խնդիրներուս դրական լուծումն է, սպասումները` բնակչութեան բեռի թեթեւացում, իսկապէս ստուերի դէմ պայքար, ասոնք ընթացք ունենան. ատիկա կ՛ունենանք 2 նախարարով, 3 նախարարով, ատիկա էական տարբերութիւն չէ: Ես կը վստահեցնեմ, որ վարչապետը պիտի աշխատի Արծուիկ Մինասեանին հետ, միւս նախարարներուն հետ, եւ այս մասին վերջնականապէս դուք յառաջիկայ օրերուն կ՛իմանաք: Կը կրկնեմ, դրուած են յստակ խնդիրներ, եւ ատիկա հանրապետութեան նախագահի 12 փետրուարի ելոյթէն ետք էր, ատիկա կը բխի մեր համաձայնագիրէն, եւ որքան վարչապետը վճռականօրէն այդ ուղղութիւններով յառաջ երթայ, այնքան կ՛ունենայ մեր աջակցութիւնը», ըսած է Աղուան Վարդանեան:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը անդրադարձած է նաեւ «էկոնոմիկայի նախարարութեան» վերանուանման առնչութեամբ Արծուիկ Մինասեանի առարկութիւններուն եւ հարցին` թէ ատիկա կրնա՞յ ազդել հոլովոյթին վրայ:

«Մենք պէտք է անդրադառնանք, որ կառավարութեան նիստին նախարարները  անհատականութիւններ են, մարզերու ղեկավարներ են եւ իրենց սկզբունքներն ու տեսակէտները ազատօրէն պէտք է  արտայայտեն: Եւ շատ բնական է, որ Արծուիկ Մինասեանը իր սկզբունքային տեսակէտները արտայայտէ: Լաւ կ՛ըլլար, եթէ բոլոր նախարարները այդպէս ընէին, կառավարութեան նիստը այդպէս ընթանար: Կառուցուածքային փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան ո՛չ միայն տնտեսութեան նախարարութեան մէջ, այլ նաեւ բազմաթիւ մարզերու մէջ. հիմա դժուար է գնահատել, թէ այսքան արագ կատարուած կառուցուածքային փոփոխութիւնները, տարբեր մարմիններու ստեղծումը որքա՛ն արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, բայց ասիկա եւս վկայութիւն մըն է վարչապետին վճռական մօտեցումներուն մասին: Այնպէս որ, կը կրկնեմ, մենք այսօր որեւէ խնդիր չունինք վարչապետին  հետ, հիմնական ուղղութիւններով մեր տեսակէտները կը համընկնին, եւ այս փուլին մենք կ՛աջակցինք վարչապետին գործողութիւններուն, ինչ որ  կը բխի նաեւ մեր նպատակներէն եւ մօտեցումներէն: Կու գայ ժամանակը` արդիւնքները կը տեսնենք եւ կը դատենք ըստ արդիւնքներուն: Բայց անհրաժեշտ է վստահիլ եւ ժամանակ տալ», եզրափակած է Աղուան Վարդանեան:

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Իմ Եւ Վարչապետին Միջեւ Լարուածութիւն Երբեք Չէ Եղած»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?