Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին քննարկուած է «Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ Հայաստանի օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին» օրինագիծը:
Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան, ներկայացնելով օրինագիծը, նշած է, որ անոր նպատակն է կարգաւորել բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ անոնց առնչուած անձերու եկամուտներու յայտարարագրման, հոլովոյթի ոչ պատշաճ իրականացման կամ սահմանուած ժամկէտին ընթացքին զայն չներկայացնելու պարագային յառաջացող իրաւայարաբերութիւնները:
«Օրինագիծը մշակուած է փտածութեան դէմ պայքարի ռազմավարութեան շրջագիծին մէջ: Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի կարգաւորելու յարաբերութիւններ, որոնք Հայաստանի մէջ թէպէտ նիւթական առումով կարգաւորուած էին, սակայն ոչ հետեւանքային: Ասիկա փտածութեան դէմ պայքարի ռազմավարութեան շրջագիծին մէջ ամէնէն կարեւոր նախագիծերէն է», ըսած է Արփինէ Յովհաննիսեան:
Աւելի ուշ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախարարը նաեւ դիտել տուած է, որ յառաջիկային արդարադատութեան նախարարութիւնը պիտի ամփոփէ եւ ներկայացնէ քանի մը օրինագիծեր, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի ապօրինի հարստացման քրէականացման:
«Երկրորդը կը վերաբերի իրական սեփականատէրերու բացայայտման, գնումներու հոլովոյթին մէջ իրական սեփականատէրերու խնդիրի կարեւորութեան եւ, անկէ մեկնելով, այս կամ այն կարգաւորումը նախատեսելուն: Վերջապէս, յաջորդ կարեւոր քայլը, որ, իմ համոզումով, կ՛ամփոփէ այս ամէնը, փտածութեան դէմ պայքարի մարմինի հետ կապուած քննարկումներն են, որմէ ետք, անհրաժեշտութեան պարագային, կը ներկայացուին այդ մարմինին վերաբերող օրինագիծեր», յայտնած է արդարադատութեան նախարարը: Ան նշած է, որ փտածութեան դէմ պայքարի մարմինին մէջ հատուածային լուծումներով կարելի չէ հասնիլ վերջնական արդիւնքի: «Ինչպիսի մարմին ալ ըլլայ, ինչ տեսքով ալ գործէ, պէտք է ունենայ լծակներ, գործիքակազմ, մարմինի ղեկավարէն ալ շատ բան կախեալ է: Բոլոր պայմաններն ալ անհրաժեշտ են արդիւնքի հասնելու համար», նշած է ան:
Արփինէ Յովհաննիսեան նաեւ անդրադարձած է նուիրատուութիւններուն եւ փոխառութիւններուն` նշելով, որ յառաջիկային անոնց առնչուած թղթածրարներ եւս պիտի ներկայացուին: