Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Իմ Եւ Վարչապետին Միջեւ Լարուածութիւն Երբեք Չէ Եղած»

Սեպտեմբեր 24, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ardzvig_92316

23 սեպտեմբերին տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեան տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ամփոփած է իր պաշտօնավարման եօթը ամիսներուն ընթացքին կատարած աշխատանքները:

Ան դիտել տուած է, որ իբրեւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ կարեւոր եւ սկզբունքային է լրատուամիջոցներուն ներկայացնել հաշուետուութիւն իրականացուած գործունէութեան ու կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Տնտեսութեան նախարարութիւնը կը միաւորէ 13 գերատեսութիւններ ու լիազօրութիւններ, 30 հիմնարար ոլորտներ:

Արծուիկ Մինասեանի համաձայն, անկախ այն հանգամանքէն, թէ տնտեսութեան նախարարութիւն գոյութիւն պիտի ունենայ կամ ոչ, բոլոր պարագաներուն ալ կարեւոր պիտի ըլլայ հովանաւոր կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութեան, ներդրումային քաղաքականութեան, ազատ տնտեսական գօտիներու ուղղութեան, պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեան, տնտեսութեան կեանքին մէջ պետութեան մասնակցութեան, ներդրողներու աջակցութեան հայեցակարգի մշակման, գործարար միջավայրի բարելաւման, արդիւնաբերական արտահանման քաղաքականութեան վերատեսութիւնը:

Նախարարը առանձնացուցած է ապրիլեան պատերազմին զոհուած զինուորներուն ընտանիքները եկամտաբեր գործունէութեան մէջ ներգրաւելու օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ այդ ծրարը ամբողջութեամբ պատրաստ է եւ կը գտնուի կառավարութեան մօտ:

Ա. Մինասեան նշած է, որ իր պաշտօնավարման ժամանակ քատրային քաղաքականութեան ընթացքին միշտ առաջնորդուած է արհեստավարժութեան, հայրենասիրութեան եւ պատասխանատուութեան սկզբունքներով: Նախարարութիւնը այդ եօթը ամիսներուն աշխատած է գերծանրաբեռնուած:

«Տնտեսութեան նախարարութիւնը կարիքը ունի բարեկարգումներու», յայտնած է նախարարը: Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ տնտեսական քաղաքականութեան կեդրոնական հարցը կը մնայ «տնտեսական ուսմունք»-ի մշակման հարցը, որ պատկերացում կու տայ տնտեսական բոլոր ուղղութիւններով կատարուելիք աշխատանքին մասին:

Լրագրող մը հարցուցած է, որ արդեօք լարուածութիւն կա՞յ վարչապետին ու Դաշնակցութեան նախարարներուն միջեւ` Արծուիկ Մինասեան պատասխանած է, որ չկայ լարուածութիւն, չկայ խնդիր, կայ բնականոն աշխատանքային ընթացք:

«Վստահ եմ, որ թէ՛ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը, թէ՛ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար մարմինը քաղաքական համագործակցութեան յուշագիրը կեանքի կոչելու պատրաստակամութիւն ունին, թուացեալ լարուածութիւնը աւելի շատ առանձին հատուածներու ցանկութիւնն է, քան իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւն: Աւելի լաւ չէ՞, որ կառավարութեան նիստերը ըլլան բաց բանավիճային», շեշտած է ան:

Անոր համաձայն, իր եւ վարչապետին միջեւ երբեք լարուածութիւն չէ եղած, աւելի՛ն, ինք շնորհակալ է վարչապետին, որ ան յստակ տեսակէտ ունի այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է թեթեւցնել գործարարներուն վրայ դրուած բեռը, ինչպէ՛ս նուազեցնել վարչարարութիւնը: «Ես կը շարունակեմ կատարել իմ պարտականութիւններս, հրաժարական տալու խնդիր չկայ, այս պահուն ես ժամանակաւոր պաշտօնակատար եմ, կը շարունակեմ աշխատիլ այնքան ժամանակ, մինչեւ նոր հրաման ըլլայ», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:

Ան նաեւ նշած է, թէ ճիշդ է այն տեղեկութիւնը, որուն համաձայն, իրեն առաջարկած են այլ մարզ ղեկավարել:

«Այո՛, եղած է նման առաջարկ, ես իբրեւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ այդ հարցը քննարկման առարկայ կը դարձնեմ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինին մէջ, որմէ ետք կը ներկայացնեմ իմ մօտեցումներս: Եթէ կառավարութեան օրէնքի նախագիծը ընդունուի, ուրեմն տնտեսութեան նախարարութիւն պիտի չըլլայ այլեւս, ինչ որ ինծի համար բնականաբար ընդունելի չէ, այդ մասին ես բարձրաձայնած եմ նաեւ կառավարութեան նիստին ընթացքին, ես դէմ եմ «էկոնոմիկա» բառը հանել անուանումէն: Այո՛, վարչապետը այդ նախարարի (վերափոխուած էկոնոմիկայի) պաշտօնին  այլ անձ տեսնելու ցանկութիւն յայտնած է, ես փառամոլութիւնը չունիմ ամէն գնով պահպանելու իմ դիրքս: Եթէ կայ այլ անձ, որ աւելի արդիւնաւէտ կրնայ իրականացնել այդ աշխատանքը, ուրեմն խնդիր չեմ տեսներ, ես կրնամ աջակցիլ անոր` յանուն տնտեսութեան զարգացման», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:

Մինասեան դրական նկատած է այն, որ կառավարութեան մէջ աշխուժ քննարկումներ կը կատարուին, գուցէ որոշ պահեր հրապարակման համար չեն, այլ զուտ աշխատանքային են, բայց վարչապետին կողմէ ոեւէ անձի վիրաւորելու միտում չկայ, եթէ կառավարութեան նիստին վարչապետին ու նախարարներուն միջեւ աշխուժ քննարկում կայ, տեսակէտներու տարբերութիւններ եւ այլն, ապա ատիկա միայն գովելի է, անկէ կը շահի միայն հասարակութիւնը:

Արձագանգելով այն հարցումին, թէ ճի՞շդ են այն տեղեկութիւնները, թէ վարչապետը չ՛ուզեր աշխատիլ Դաւիթ Լոքեանի հետ` Արծուիկ Մինասեան հերքած է զանոնք: «Նման բան չկայ, այսպիսի նիւթ չկայ, յարաբերութիւնները զուտ աշխատանքային են», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:

Աւելի ուշ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան հաստատած էր, որ Դաշնակցութիւնը պիտի պահպանէ իր երեք նախարարութիւնները նոր կառավարութեան կազմին մէջ` նշելով, որ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեան պիտի նշանակուի բնապահպանութեան նախարար:

 

 

Նախորդը

Մոսկուան, Ուաշինկթընն Ու Փարիզը Պատրաստ Են Հիւրընկալելու Սարգսեան-Ալիեւ Կամ Նալբանդեան-Մամետեարով Յաջորդ Հանդիպումը

Յաջորդը

Աղուան Վարդանեան. «Մենք Որեւէ Խնդիր Չունինք Վարչապետին Հետ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?