Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորքի Մէջ. Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

September 26, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

nalbandian1_62515

ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցող արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան 24 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի  վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը երախտագիտութիւն յայտնած է իր պաշտօնավարման ընթացքին կազմակերպութեան աշխատանքներուն Հայաստանի աշխուժ մասնակցութեան համար եւ ընդգծած, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը շատ տեսանելի եւ կառուցողական դերակատարութիւն ծաւալած է միջազգային ասպարէզին մէջ, ոչ միայն իր առաջնահերթութիւններուն առումով, այլեւ ՄԱԿ-ի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման նպատակով:

Էդուարդ Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ բարձր կը գնահատեն ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ անոր առաջնորդութեան, նախաձեռնութիւններուն եւ գործադրած ջանքերուն համար` ուղղուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան արժէքներուն, նպատակներուն եւ սկզբունքներուն յառաջ մղման:

Զրուցակիցները քննարկած են ՄԱԿ-ի օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Պան Քի Մուն Էդուարդ Նալբանդեանին յանձնած է իր հեղինակած գիրքը, որուն մէջ ամփոփուած է վերջին տասը տարիներուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ անոր գործունէութիւնը:

Հայաստանի Եւ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

nalbandian_92516

Աշխատանքային այցելութեամբ Նիւ Եորք գտնուող արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան 24 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներուն  միջեւ համագործակցութիւնը աւելի խորացնելու նպատակով ձեռնարկուող միացեալ քայլերը: Այս առումով կարեւոր նկատուած են փոխադարձ բարձրաստիճան այցելութիւններու կազմակերպումը, միջկառավարական յանձնախումբի արդիւնաւէտ աշխատանքը, նախարարութիւններուն միջեւ պարբերական խորհրդատուութիւններու կազմակերպումը, միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ  փոխադարձ գործակցութեան սերտացումը:

Երկուստեք գոհունակութեամբ նշուած է, որ տարուէ տարի կը խորանան գործարար կապերը, կ՛ընդլայնի առեւտրական շրջանառութիւնը, որ  արդէն կը կազմէ շուրջ 120 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը Էդուարդ Նալբանդեանին տեղեկացուցած է երկրին մէջ ահաբեկչութեան դէմ մղուող պայքարին, կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն մասին: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ շրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ:

Հայաստանի Եւ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Նոյն ծիրին մէջ, Նիւ Եորք գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմի հետ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցումով, հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող ջանքերուն, այդ ուղղութեամբ միջազգային նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ:

Նախարար Նալբանդեան յոյս յայտնած է, որ սուրիական տագնապի լուծման շուրջ վերջերս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները յարգուին եւ իրականացուին, ինչ որ ճամբայ կը հարթէ տագնապի խաղաղ լուծման համապարփակ բանակցութիւններու սկզբնաւորութեան  համար:

 

Նախորդը

Օհանեան Այցելած Է Մարտական Յենակէտեր

Յաջորդը

Հովանաւորութեամբ Վարչապետ Թամմամ Սալամի` «Համակեցութեան Քաղաքի Կառուցում» Կարգախօսով Ֆրանսախօս Քաղաքապետներու Միջազգային Համագումար

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.