Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղուան Վարդանեան. «ՀՅԴ-ն Արցախի Իշխանութիւններուն Հետ Կը Համագործակցի Աւելի Լայն Հարցերու Շուրջ»

January 24, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան` նշելով, որ կառավարման ձեւի ընտրութեան առումով կուսակցութեան դիրքորոշումը անփոփոխ է, եւ որ անիկա կողմնակից է խորհրդարանական կառավարման համակարգին, ըսած է, թէ Դաշնակցութիւնը իր սկզբունքներուն հաւատարիմ կը մնայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Լրագրողը հարցուցած է, որ արդեօք ներկայացուած նոր սահմանադրութեան «ո՛չ» ըսելով, անոր դէմ քուէարկելով Դաշնակցութիւնը Արցախի մէջ ընդդիմութիւն եղա՞ւ. Աղուան Վարդանեան պատասխանած է. «Ո՛չ: Արցախի հարցով, Արցախի պետականութեան շրջագիծին մէջ միակ հարցը սահմանադրական փոփոխութիւնները չեն: Մենք Արցախի իշխանութիւններուն հետ սահմանադրութեան բովանդակութեան հարցով չենք համագործակցիր, բայց մենք կը համագործակցինք շատ աւելի լայն հարցերու շուրջ: Ասիկա  մեր մօտեցումն է: Իսկ ի՞նչ կը կարծէք, մենք ի՞նչ պէտք է ընէինք` Հայաստանի մէջ ըսէինք, թէ ճիշդը կառավարման խորհրդարանական համակա՞րգն է, Արցախի մէջ ալ ըսէինք, թէ չէ` նախագահակա՞նն է: Ի՞նչ պիտի մտածէիք այդ պարագային դուք»:

Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ սահմանադրութիւնը պիտի դրուի հանրաքուէի եւ ինքնին բնակչութիւնը պիտի որոշէ` փոփոխութիւն կ՛ուզէ՞, թէ՞ ոչ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ համաձա՞յն են արդեօք այն տեսակէտներուն, որոնց համաձայն, նոր սահմանադրութեամբ առաջարկուող կառավարման համակարգը «գերնախագահական» է, պատգամաւորը ըսած է. «Կը դժուարանամ ըսել, թէ գերնախագահական է»:

Նախորդը

Վահրամ Բալայեան. «Մեզի Համար Մութ Մնաց, Թէ Ինչո՛ւ Արցախի Իշխանութիւնները Ընտրեցին Նախագահական Համակարգը»

Յաջորդը

Ակնարկ. Համաձայնեցուած Յայտարարութիւններու Տրամաբանութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.