«Նիուզմեքս» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս 18 յունուարին Տանըլտ Թրամփի նախագահական փոխանցման խմբակի պետ նշանակած է հանրային յարաբերութեանց մարզի մասնագէտ Քեն Նահիկեանը, որ պիտի ամբողջացնէ Ռիք Տիրպոռնի սկսած աշխատանքը:
Տիրպոռն փոխանցման խմբակի պետի պաշտօնէն հեռացած էր, որովհետեւ ստանձնած էր Սպիտակ տան անձնակազմի պետի տեղակալի պաշտօնը:
Քեն Նահիկեան անցեալ ամառ միացած էր Թրամփի ընտրապայքարին եւ ընտրական յաղթանակէն ետք մաս կազմած էր երկրին յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու աշխատանքին: