Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 123-րդ Լսարան. «Ձգտինք Արեւմտահայ Ինքնութեան Խնդիրը Կարգախօս Չդարձնել, Այլ Լինելութեան Միակ Ճշմարիտ Ճանապարհը» Ըսաւ Փրոֆ. Դոկտ. Սուրէն Դանիէլեան

Յունուար 20, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lsaran123a_11917

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 19 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 123-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը եւ արեւմտահայ գրամշակութային հիմնախնդիրները», իսկ զեկուցաբերը` «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն եւ Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. դոկտ. Սուրէն Դանիէլեան:

Lsaran123_11917Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվի Աբէլեան: Ան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ վերջերս լեզուաբաններու, գրականագէտներու եւ մասնագէտներու գրաւոր կամ բանաւոր խօսքերուն մէջ արեւմտահայ գրականութեան եւ արեւմտահայերէնի կարգաւորման ու պահպանման հիմնախնդիրներու յաճախակիօրէն տեղ գտնելու երեւոյթին: Ան հաստատեց, որ հակառակ կառուցողական քննարկումներուն եւ վերլուծութիւններու միջոցով խնդիրներու լուծման նպաստող ուղիներու եւ ծրագիրներու մշակման, գործնական գետնի վրայ հիմնախնդիրները կը շարունակեն մնալ ցաւոտ, իսկ լուծումները կը յամենան: Ան  աւարտեց խօսքը հրաւիրելով օրուան զեկուցաբեր դոկտ. Սուրէն Դանիէլեանը ներկայացնելու արեւմտահայ գրամշակութային հիմնախնդիրները եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի աշխատանքները:

Lsaran1123_11917Դոկտ. Սուրէն Դանիէլեան իր խօսքին սկիզբը շեշտեց  արեւմտահայ գրականութեան ճանաչողութեան հիմնախնդիրի կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ. «Այսօր երկու ճակատ կայ. այս խնդիրին շուրջ մեր վերաբերումներուն սահմանները ճանչնալու եւ տարբեր մտորումներ երեւան հանելու պարտաւորութիւնը: Առաջինը բնականաբար կու գայ հինէն` պահել ու պահպանել մեր լեզուի միասնական կերպը: 20-րդ դարու 20-ական թուականներուն մենք բոլորս մեր գրականութեան մէջ միասնական լեզուական դեր ունէինք: Մեր լաւագոյն բանաստեղծական աշխարհը կ՛առաջնորդուէր այդ միասնական դերի տեսլականին հպարտութեամբ»: Ան հաստատեց, որ հայ գրականութիւնը երբեք չէ կրցած ունենալ որեւէ լաւ շրջան գեղարուեստական մտածողութեան տեսակէտէն, ինչ որ 20-րդ դարու սկիզբն էր, երբ կը գործէին հայ հանճարները:

Իր խօսքին մէջ Ս. Դանիէլեան մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի մասնագիտական մարզերուն մէջ  արեւմտահայերէնը նեղ ծաւալներով դասաւանդելու վերաբերեալ: Ան նաեւ անդրադարձաւ արեւմտահայ գրամշակութային դաշտը Հայաստանի մէջ պատշաճ բարձրութեան հասցնելու դժուարութիւններուն:  Ան կոչ ուղղեց տէր ու պաշտպան կանգնելու արեւմտահայերէնին` իբրեւ գիտամշակութային արժէք, իսկ դասագիրքերու մէջ լեզուական ճանաչողութեան առումով արեւմտահայերէնի իւրացման հարցերը նոր հարթութեան տանիլ:

Միւս կողմէ, զեկուցաբերը ներկայացուց «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի աշխատանքները` հաստատելով, որ կեանքի կոչուած կեդրոնը ե՛ւ հայրենի, ե՛ւ սփիւռքահայ մտաւորականներուն եւ ուսուցիչներուն կ՛աշխատի մօտեցնել դասական գրութեան եղանակներուն, արեւմտահայ սքանչելի գրականութեան: Սփիւռք գիտաուսումնական կեդրոնը մարտահրաւէրներու փչող քամիներուն դիմաց կը փորձէ տոկալ, ինչ որ բան պահել ու փրկել:

Իր խօսքի աւարտին փրոֆ. Դանիէլեան շեշտեց միասին գործելու անհրաժեշտութիւնը եւ ըսաւ. «Ձգտինք արեւմտահայ ինքնութեան խնդիրը կարգախօս չդարձնել, այլ լինելութեան միակ ճշմարիտ ճանապարհը: Ձեռք-ձեռքի տանք եւ դժուարութիւնը յաղթահարենք»:

 

 

Նախորդը

Հայ Ապրելու Ճանապարհին «Ազդակ» Խթան Է Բոլորիս Համար Հայօրէն Ապրելու, Հայօրէն Մտածելու», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սուրէն Դանիէլեան

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան Ժողովին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?