Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկահայ Կազմակերպութիւնները Կը Պատրաստուին Աշխատելու Միացեալ Նահանգներու Նոր Վարչակազմին Հետ

Յունուար 21, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկահայ կազմակերպութիւնները կը պատրաստուին աշխատելու Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմին հետ: «Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Ամերիկայի ձայն»-ին, կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Ատրունի նշած է, որ պիտի շարունակեն աշխատանքները նորընտիր քոնկրեսի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերուն հետ, ինչպէս նաեւ նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարարին եւ վարչակազմին հետ արտաքին քաղաքականութեան խնդիրներու շուրջ` վստահ ըլլալու համար, որ իրենց ձայնը լսելի է:

«Ամերիկահայ համայնքը բաւական լայն շրջանակ է, մենք ունինք ամերիկահայ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ, որոնք սատարած են Թրամփին: Այժմ պէտք է բոլորը համախմբուին` մայրաքաղաքին մէջ մեր ձայնը աւելի լսելի դարձնելու համար: Մենք կ՛ուզենք, որ վարչակազմը պատասխանատուութեան ենթարկէ Ազրպէյճանը` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ անմեղ մարդոց սպանութիւններուն համար: Կ՛ակնկալենք, որ վարչակազմը աշխուժօրէն ներգրաւուի զինադուլի խախտումները դադրեցնելու գործին մէջ», ըսած է Ատրունի:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի համաձայն, որոշ մօտեցումներ պէտք է շարունակուին, սակայն կան քաղաքական մօտեցումներ, որոնք պէտք է փոխուին: «Մենք պատրաստակամ ենք համագործակցելու Թրամփի վարչակազմին հետ այդ խնդիրներուն ծիրին մէջ: Մենք նախագահութեան թեկնածուներէն ոչ մէկուն աջակցած ենք, կը կարծենք, որ անոնցմէ ոչ մէկը վաստկած է մեր աջակցութիւնը, սակայն բազմաթիւ հայեր աշխուժ էին ինչպէս Քլինթընի, այնպէս ալ Թրամփի ճամբարին մէջ, եւ մենք պատրաստ ենք աշխատելու բոլորին հետ: Թրամփի վարչակազմը կը տարբերի նախորդէն եւ հիմնովին պիտի փոխէ ամերիկեան աւանդական քաղաքականութիւնը: Մենք յոյս ունինք, որ այդ փոփոխութիւնը դրական անդրադարձ ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի ճանաչման խնդիրներուն վրայ», ըսած է Արամ Համբարեան:

Ամփոփելով Օպամայի վարչակազմի գործունէութիւնը` ամերիկահայ կազմակերպութիւնները համակարծիք են, որ կայ հիասթափութիւն յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ: Ամերիկայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները կը նշեն, որ Օպամայի վարչակազմը սկիզբը յուսադրող էր եւ խոստմնալից, սակայն անոր խոստումները Արցախի, Հայոց ցեղասպանութեան մասին մնացին անկատար:

 

Նախորդը

Վարչապետը` Ուսանողներուն. «Եղէ՛ք Անկախ Եւ Սիրեցէ՛ք Ձեր Հայրենիքը»

Յաջորդը

Սերժ Սարգսեան. «Մեզի Համար Մարտունակ Բանակը Կենսական Անհրաժեշտութիւն Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?