Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Սարգսեան. «Մեզի Համար Մարտունակ Բանակը Կենսական Անհրաժեշտութիւն Է»

Յունուար 21, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 20 յունուարին պաշտպանութեան նախարարութեան Դիլիջանի «Լեռնային Հայաստան»  առողջարանին մէջ հանդիպում ունեցած է վերջին ամիսներուն զօրացրուած, ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ ու խիզախութեամբ ուշադրութիւն գրաւած զինուորներուն հետ, որոնց մեծ մասը մասնակցած է մարտական գործողութիւններուն` հակառակորդին ոտնձգութիւններէն պաշտպանելով հայրենիքը:

Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:

Նախագահը ողջունած է հանդիպման մասնակիցները` շնորհակալութիւն յայտնելով լաւ ծառայութեան համար եւ խօսքը ուղղած է ո՛չ միայն ներկաներուն, այլ բոլոր զօրացրուած զինուորներուն: Նշելով, որ նախորդ տարի մեր զինուորներուն ծառայութիւնը համընկեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ ապրիլին անոնք դիմագրաւեցին հակառակորդին հարուածը եւ պատուախնդրութեամբ պաշտպանեցին հայրենիքը, նախագահը ընդգծած է, որ զօրացրուելէ ետք եւս անոնք հայրենիքի զինուորը կը մնան` ո՛ւր եւ ո՛ր մարզին մէջ ալ շարունակեն իրենց գործունէութիւնը:

«Ես կը կարծեմ, որ այսօր մենք պէտք է ունենանք անկաշկանդ խօսակցութիւն, անկաշկանդ քննարկում, հասկնանք, տեսնենք, թէ ո՞րն է մեր բանակին առաւելութիւնը, որո՞նք են մեր զինուորական ծառայութեան դրական կողմերը եւ ինչի՞ հասած ենք: Բայց խօսինք նաեւ այն խնդիրներուն մասին, որոնք պէտք է ապագային լուծուին` աւելի մարտունակ դարձնելով մեր բանակը, որովհետեւ մենք պարտադրուած ենք ունենալու մարտունակ բանակ: Բոլոր ժողովուրդներուն ալ պէտք են բանակներ, բայց կան դէպքեր, երբ այդ պէտքը կը դառնայ անհրաժեշտութիւն` կենսական անհրաժեշտութիւն: Մեզի համար մարտունակ բանակը կենսական անհրաժեշտութիւն է», ըսած է նախագահը:

Զօրացրուած զինուորները հետաքրքրուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին հեռանկարով, 25-ամեայ հայոց բանակի մեծագոյն ձեռքբերումով, պաշտպանութեան նոր նշանակուած նախարարին կողմէ հռչակուած «Ազգ-բանակ» հայեցակարգի գործադրութեան մէջ զօրացրուած զինուորին դերակատարութեամբ, հասարակութեան մէջ սպայի կերպարի ճիշդ ներկայացումով, անոր հեղինակութեան բարձրացման  կարելիութիւններով, հակառակորդին կողմէ ծաւալող սպառազինութիւններու մրցավազքի պարագային հայկական կողմին հաւանական պատասխանով, մարտական հերթապահութեան մէջ ներգրաւուած զինուորներուն կրթաթոշակներու փոխհատուցման ծրագիրով եւ բանակաշինութեան ու պաշտպանութեան մարզին վերաբերող շարք մը այլ նիւթերով:

Հանրապետութեան նախագահը զրոյցին ընթացքին զինուորներէն լսած է զինք հետաքրքրող հարցումներուն պատասխանները, թէ` զինուորները ի՞նչ կ՛ուզեն, որ փոխուէր բանակին մէջ, ի՞նչ խնդիրներ ունին, ի՞նչ տուած է բանակին մէջ ծառայութիւնը հայրենիքին առջեւ իրենց պարտքը կատարած զինուորներուն, ո՞վ է ամէնէն յիշուած հրամանատարն ու ինչո՞ւ, մինչեւ մարտական գործողութիւնները զինուորներուն ստացած գիտելիքները բաւարա՞ր էին մարտական գործողութիւններուն արդիւնաւէտ մասնակցելու համար, մտադի՞ր է, արդեօք, հանդիպման մասնակիցներէն ոեւէ մէկը ներգրաւուիլ պայմանագրային ծառայութեան մէջ կամ դառնալ սպայ, բանակին մասին անոնց պատկերացումները որքանո՞վ կը համապատասխանեն մինչեւ զօրակոչուիլը անոնց ունեցած ակնկալութիւններուն, զօրացրուելէ ետք կապ կը պահե՞ն ծառայակից ընկերներուն հետ:

Հանդիպումին լոյսին տակ նախագահը պաշտպանութեան նախարարութեան տուած է շարք մը յանձնարարականներ, որոնք կը վերաբերին ծառայութեան անվտանգութեան բարձրացման, զինուորներու գաղափարական դաստիարակութեան եւ ազատ ժամանակի կազմակերպման ուղղութիւններով աշխատանքի զարգացման ու կատարելագործման, նոր սպառազինութեան ձեռքբերման զուգընթաց համապատասխան մասնագէտներու շարունակական ուսուցման ու պատրաստութեան, ուսումնական կեդրոններուն մէջ, ըստ անհրաժեշտութեան, նոր ծրագիրներու ներդրման, մարտական հերթապահութեան մէջ ներգրաւուած զինուորներուն կրթաթոշակի ամբողջութեամբ վճարման ծրագիրի ներդրման համար կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աշխատանքի շարունակութեան եւ այլն:

Նախորդը

Ամերիկահայ Կազմակերպութիւնները Կը Պատրաստուին Աշխատելու Միացեալ Նահանգներու Նոր Վարչակազմին Հետ

Յաջորդը

Թենիս. Թոմաս Պերտիչ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?