Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Լոքեան Ընդունած Է ՀՕՄ-ի Պատուիրակութիւնը

January 26, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան 25 յունուարին ընդունած է Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) պատուիրակութիւնը: Ողջունելով պատուիրակութեան անդամները` նախարարը բարձր գնահատած է ՀՕՄ-ի հասարակական, բարեսիրական, համահայկական գործունէութիւնը:

Նախարարը հիւրերէն տեղեկութիւններ խնդրած է համայնքներուն մէջ միութեան կողմէ իրականացուող ընթացիկ եւ հետագայ ծրագիրներուն մասին: Հիւրերը նախարարին ներկայացուցած են 2014-էն ի վեր Հայաստանի Տաւուշի եւ Վայոց Ձորի մարզերու սահմանամերձ համայնքներուն մէջ իրականացուող զարգացման ծրագիրներու ձեռքբերումները, որոնց ծիրին մէջ կատարուած են նախակրթարաններու, դպրոցներու, բժշկական կեդրոններու վերանորոգութիւն եւ կահաւորում, ինքնահոս ոռոգման ջուրի ապահովում, ճամբաներու խճապատում:

Հայ օգնութեան միութիւնը ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան հետ միասնաբար կ՛իրականացնէ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ համայնքներու զարգացման ծրագիր, որուն ծիրին մէջ կը նախատեսուի առնուազն 90 ջերմատուներու կառուցում: ՀՕՄ-ի համաֆինանսաւորումով արդէն կատարուած է 30 ջերմատուներու մէջ կաթիլային ոռոգման համակարգերու տեղադրում:

Կարեւոր նկատելով համայնքներուն մէջ կազմակերպութեան կողմէ տարուող բարեսիրական աշխատանքները` նախարար Լոքեան, յղում կատարելով կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան, նշած է, որ բոլոր ծրագիրները պէտք է հիմնուած ըլլան յաւելեալ արժէք ստեղծելու գաղափարին վրայ:

Հանդիպումի աւարտին համայնքներուն մէջ ՀՕՄ-ի աշխատանքները աւելի թիրախային դարձնելու եւ նախարարութեան կողմէ համապատասխան խորհրդատուութիւն ստանալու նպատակով կողմերը պայմանաւորուած են հանդիպումները առաւել յաճախակի դարձնել:

 

Նախորդը

Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին Ընդգծուեցաւ Ապահովական Կառոյցներուն Միջեւ Գործակցութեան Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Կառավարութեան Այս Տարուան Անդրանիկ Նիստը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.