Հայաստանի մեծցուած համայնքներուն մէջ կան տարբեր մարզերու առնչուող բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնք մեծ թափ պիտի հաղորդեն, յառաջիկային պիտի ֆինանսաւորուին ու պիտի ունենան իրենց յաջողութիւնները: «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին ըսած է Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան:
«Մեծցուած համայնքներուն մէջ մենք ունինք երկու տեսակի ծրագիրներ: Առաջինը` ենթակառուցուածքային ծրագիրներն են, որոնք պէտք է ապահովեն մեծցուած համայնքին մէջ մտնող բնակավայրերու ամբողջութիւնը: Այսինքն` պէտք է այնպէս կատարուի, որ անոնք կապ ունենան համայնքի կեդրոնին հետ, կարենան հաղորդակցիլ առանց դժուարութեան, վճարումներ կատարել, օգտուիլ կապի բոլոր ձեւերէն: Հայաստանի 21 համայնքապետարաններուն մէջ կը գործեն քաղաքացիներու սպասարկման գրասենեակներ, որոնցմէ 8-ն մեծցուած համայնքներու կեդրոններուն մէջ: Օրինակ` Դիլիջանի համայնքապետարանին մէջ կը գործէ սպասարկման գրասենեակը, աշխատակիցները գիւղական բնակավայրերուն հետ ելեկտրոնային մշտական կապի շնորհիւ կրնան տրամադրել անհրաժեշտ որեւէ տեղեկութիւն կամ որեւէ ֆինանսական գործառոյթ իրականացնել», ըսած է Դաւիթ Լոքեան:
Այսօր հիմնադրութեան աշխատանքները ընթացքի մէջ են մեծցուած 10 համայնքներու մէջ եւս (Ամասիա, Արփի, Աշոցք, Սարապատ, Այրում, Նոյեմբերեան, Կողբ, Տեղ, Գորայք): Ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ գործակցութեամբ Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան (GIZ), որ նաեւ տուեալ շրջաններուն մէջ մասնագիտական ուսուցում կը կատարէ:
Դաւիթ Լոքեանի համաձայն, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան դրամաշնորհի միջոցով Դիլիջան համայնքը իր շրջակայ գիւղական բնակավայրերով` Գօշ, Հաղարծին, Թեղուտ եւ այլն, արդէն ստացած է բեռնատար, աղբահաւաք, ձիւն մաքրող, փողոցները լուացող մեքենաներ: Ուշադրութիւն կը դարձուին նաեւ փոխադրութեան հարցերուն, Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ մարտին արդէն համայնքը պիտի ունենայ 6 հանրակառք, որոնք ամէնօրեայ շրջագայութիւններ պիտի կատարեն գիւղական բնակավայրերուն մէջ` ապահովելով կայուն կապ համայնքի կեդրոնին` Դիլիջանի հետ:
Դաւիթ Լոքեան յատուկ կերպով անդրադարձած է նաեւ Դիլիջանի լուսաւորութեան ծրագիրին: «Շուրջ 380 միլիոն դրամի ծրագիր է, որ ամբողջապէս գիւղական համայնքներուն եւ Դիլիջանի մէջ պէտք է ժամանակակից լուսաւորման համակարգ ապահովէ: Ծրագիրի շրջագիծին մէջ 2000-է աւելի լամբերու, սիւներու եւ տարածութիւններու լուսաւորման շնորհիւ քաղաքը զբօսաշրջութեան զարգացման համար կը դառնայ աւելի գրաւիչ եւ հետաքրքրական», ըսած է նախարարը:
Այլ ծրագիրով մը Դիլիջան եւ Հաղարծին մայրուղիին վրայ շուկաներ պիտի կառուցուին` քաղաքակիրթ առեւտուր կազմակերպելու համար, իսկ սառնարանային փոքր տնտեսութիւններու հիմնումն ալ պիտի երաշխաւորէ, որ մթերքը չփճանայ: