Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայոց Բանակի 25-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

January 28, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

27 յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները` նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն եւ ծաղիկներ զետեղեցին արցախեան պատերազմին զոհուած  ազատամարտիկներու շիրիմներուն:

Այնուհետեւ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հայոց բանակի օրուան նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկ` հայրենադարձ ազատամարտիկներու, սփիւռքահայ ներկայ զինուորական ծառայողներու, պետական պաշտօնեաներու, համահայկական կառոյցներու երեւանեան գրասենեակներու, ինչպես նաեւ սուրիահայերու աջակցութեան հարցերով զբաղող հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան նշեց. «Այսօր տօն է Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ: Սիրով եւ ջերմութեամբ կը շնորհաւորեմ բոլորիս այս պայծառ ու յաղթական տօնի` հայոց բանակի 25-ամեակին առիթով: Փառք ու պատիւ բոլոր անոնց, որոնք ինկան, որ մենք ապրինք ու կերտենք մեր երկու անկախ պետութիւնները` Հայաստանն ու Արցախը: Հայաստանը այսօր հպարտ է իր սփիւռքով: Սփիւռքը Արցախեան պատերազմի օրերուն մեր կողքին էր: Երբ Հայաստանը  անկախացաւ, սփիւռքէն շատ հայորդիներ եկան եւ կռուեցան Արցախի մէջ»:

Այնուհետեւ նախարար Հրանուշ Յակոբեան ձեռնարկին մասնակից հայրենադարձ ազատամարտիկները պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան Երախտագիտութեան մետալով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով պարգեւին համար` ազատամարտիկ Անդրանիկ Պօղոսեան նշեց, որ ան իր պարտքը կատարած է հայրենիքին հանդէպ: Ան համոզմունք յայտնեց, որ նոր սերունդը  ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ապացուցեց, որ պատրաստ չէ ոեւէ մէկուն զիջիլ ազատագրուած հայկական հողերը:

Նախարարը ներկաներուն ներկայացուց սուրիահայ Գազանճեան ընտանիքը: «Դաւիթ եւ Նաթալիա Գազանճեանները 5 զաւակ ունին: Անոնցմէ 3-ը` Գէորգը, Թորոսը եւ Մեսրոպը այսօր կը ծառայեն հայոց բանակին մէջ: Իսկ Գէորգը մասնակցած է ապրիլեան պատերազմին»,  նշեց սփիւռքի նախարարը: Նախարար Յակոբեան Գազանճեաններուն յանձնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիր:

Սփիւռքի նախարարը նշեց, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը անգամ մը եւս փաստեց հայ ժողովուրդին միասնականութիւնն ու համախմբուածութիւնը: Այդ օրերուն մարդկային եւ այլ կորուստներ տեսած Արցախին օգնելու նպատակով Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ  բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ իրականացան,  որոնց մէկ մասը դարձան յիշարժան պատմութիւններ:

Ցուցադրուեցան աշխարհի տարբեր հայկական համայնքներէն յղուած, հայոց բանակին նուիրուած շնորհաւորանքի ուղերձներ:

Հնչեցին ազգագրական, ժողովրդական երգերու կատարումներ:

 

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Շնորհահանդէս Նուիրուած «Տարեգրութիւն Հայ Աւետարանական Բեթէլ Վարժարանի, 1923-2013» Յուշամատեանին

Յաջորդը

Յայտարարութիւն. Ազգային Բանակը` Փրկութեան Եւ Միութեան Ջահակիր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.