Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ռուսիոյ Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Ռուսիոյ Վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի Հետ

Յունուար 25, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քննարկուած Են Համագործակցութեան
Շարք Մը Ուղղութիւններ

24 յունուարին Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան պաշտօնապէս այցելեց Ռուսիա, ուր տեսակցեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ, ապա կայացաւ ընդլայնուած կազմով հանդիպում` երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ:

Քննարկուած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ համար կարեւորութիւն ներկայացնող տարբեր հարցեր: Համագործակցութեան աւանդական ուղղութիւններէն բացի, կողմերը քննարկած են նոր ուղղութիւններով գործակցութեան ընդլայնման նոր թափ հաղորդելու, ռուսական դրամագլուխը միացեալ նախագիծերու միջոցով հայաստանեան գործարարութեան մէջ ներգրաւելու կապուած հարցեր: Երկու երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները, իբրեւ օրակարգային առանցքային կէտեր, առանձնացուցած են միացեալ ներդրումային նախագիծերու իրականացումը եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան  ձեւաչափով առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու ամրապնդումը:

Ընդլայնուած ձեւաչափով հանդիպման ընթացքին յատուկ կերպով քննարկուած է հայկական կողմին առաջարկը` հայ-ռուսական ներդրումային հիմնադրամ հիմնելու վերաբերեալ, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ ֆինանսաւորելու Հայաստանի համար առաջնահերթ նկատուող տնտեսական ճիւղերը: Ռուսական կողմը առաջարկը դրական նկատած է: Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի մէջ` Իրանի հետ սահմանակից հատուածին մէջ, ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծման եւ անոր մէջ ռուսական ընկերութիւններու աշխուժ մասնակցութեան:

Ռուսիոյ վարչապետը կարեւոր նկատած է առաջարկը եւ կարծիք յայտնած, որ ռուսական ընկերութիւնները այդ հարցին մէջ հետաքրքրութիւն պիտի դրսեւորեն: Հանդիպման ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ վարձակալութեամբ կամ այլ հիմունքներով Հայաստանին գիւղատնտեսական սարքաւորումներ տրամադրելու հարցին, կարեւոր նկատուած է նաեւ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ միացեալ ձեռնարկութիւններու հիմնադրութեան գաղափարը:

Պաշտօնական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպման աւարտին ստորագրուած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ համագործակցութեան խորացման վերաբերող փաստաթուղթեր:

Հանդիպումին աւարտին Տմիթրի Մետվետեւ հաստատած է, որ Ռուսիա եւ Հայաստան պիտի վերլուծեն ներդրումային համագործակցութեան հիմնադրամ ստեղծելու կարելիութիւնը: «Մենք քննարկած ենք համագործակցութեան շարք մը ուղղութիւններ, ի հարկէ, նաեւ ներդրումային համագործակցութիւնը: Կայ գաղափար այդ նպատակներու իրականացման համար ստեղծելու հիմնադրամ մը: Մենք պայմանաւորուած ենք, որ պիտի յանձնարարենք ճիւղային գերատեսչութիւններուն վերլուծել նման հիմնադրամի ստեղծման կարելիութիւնը` ներդրումային համագործակցութեան վերաբերող եւ, վստահաբար, ֆինանսաւորման աղբիւրներու հայթայթման», յայտարարած է վարչապետը:

Այս ծիրին մէջ ստորագրուած է երկկողմանի չորս փաստաթուղթ, որոնց կարգին` քաղաքացիներու` առանց այցագիրի փոխադարձ այցելութիւններ կատարելու կարելիութիւն: Ասկէ ետք Ռուսիոյ եւ Հայաստանի քաղաքացիները պիտի կարենան փոխադարձ այցելութիւններ կատարել ներքին անձնագիրներով: Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ այս առնչութեամբ ըսած է. «Շատ կարեւոր է երկկողմանի համագործակցութեան մարդասիրական տուեալը, մեր քաղաքացիներու ուղիղ կապերու ընդլայնումը: Այցելութեան ծիրին մէջ համաձայնեցանք, որ մեր երկրի քաղաքացիները պիտի կարենան Հայաստան այցելել ներքին անձնագիրներով, որուն առնչութեամբ փաստաթուղթ ստորագրուեցաւ: Ատիկա պիտի ամրապնդէ համագործակցութիւնը կարեւոր մարզերու մէջ»:

Բացի ատկէ, Ռուսիոյ արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի եւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան յուշագիրը եւ 2016-2021 թուականներու միջշրջանային համագործակցութեան ծրագիրը: Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութեան եւ «Ռոսաթոմ»-ի միջեւ ստորագրուած է հիւլէական անվտանգութեան մարզին մէջ համագործակցութեան բարձրացման եւ տեղեկատուութեան փոխանակման մասին արձանագրութիւն:

Մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Ռուսիոյ վարչապետը հաստատած է, որ քննարկումները, ինչպէս միշտ, եղած են կառուցողական, յագեցած եւ բարեկամական, ինչ որ պիտի օգնէ լուծելու բազում խնդիրներ, մանաւանդ որ այս տարի կ՛ամբողջանայ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակը: Ըստ անոր, Ռուսիան Հայաստանի արտաքին տնտեսական հիմնական գործընկերն է, հակառակ տարբեր դժուարութիւններուն եւ վերիվայրումներուն, փոխադարձ առեւտրական շրջանառութեան ցուցանիշները բաւական լաւ կը մնան: Նախորդ տարի այդ թիւը աւելի քան 1 միլիառ տոլար էր: Ան անդրադարձած է այն հանգամանքին, որ նախորդ տարի շատ աւելցած է Հայաստանէն սննդամթերքի ներածումը, ինչ որ կապուած է Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութիւն մտնելուն: «Խօսելով գիւղատնտեսութեան մասին, պէտք է ըսեմ, որ հոն կայ զարգացման շատ լաւ ներուժ` ո՛չ միայն ապրանքներու կամ գիւղատնտեսական համակարգերու փոխադարձ գնման, այլ նաեւ միացեալ արտադրութիւններու կազմակերպման տեսանկիւնէն: Այժմ կան բազմաթիւ նախագիծեր: Մեր շուկան մեծ է, եւ, կը կարծեմ, պէտք է իբրեւ առաջնահերթութիւն կեդրոնանալ նաեւ այս ուղղութեամբ: Մենք քննարկած ենք համագործակցութեան շարք մը այլ ուղղութիւններ, նաեւ ներդրումային համագործակցութիւնը եւ այդ նպատակով յատուկ հիմնադրամ ստեղծելու գաղափարը», ըսած է վարչապետը:

Մետվետեւ անդրադարձած է կնքուած համաձայնագիրներուն` դիտել տալով, որ անոնց հիման վրայ կարելի է կառուցել տնտեսական համագործակցութիւնը մօտակայ տարիներուն համար:

Իր խօսքը եզրափակելով` ան յայտարարած է, որ շատ գոհ է եղած բանակցութիւններէն, անոնց արդիւնքներէն ու յանձնարարականներէն, որոնք տրուած են համապատասխան կողմերուն` հետագայ համագործակցութեան առիթով` դիտել տալով, որ, թէեւ համագործակցութիւնը բաւական լաւ մակարդակի վրայ է, սակայն տակաւին զայն զարգացնելու ներուժ գոյութիւն ունի:

Վարչապետ Կարապետեան իր ռուս պաշտօնակիցին հետ բանակցութիւնները գնահատած է կառուցողական եւ բեղմնաւոր: Ըստ անոր, կողմերը քննարկած են շարք մը ուղղութիւններ, թէ ի՛նչ ընթացքով կրնան ընթանալ ռուս-հայկական յարաբերութիւնները, ուղենշած զարգացման մարզերն ու յստակ քայլերը: Անդրադառնալով ստորագրուած փաստաթուղթերուն` Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ անոնք մեծ թափ պիտի հաղորդեն մշակութային, մարդասիրական յարաբերութիւններուն:

 

Նախորդը

Յովիկ Աբրահամեան Հաստատած Է Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութենէն Հրաժարելու Լուրը

Յաջորդը

Գերմանիա Կ՛ուզէ Հիւրընկալել Եուրօ-2024-ը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?