Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Առաջնորդարան Լիբանանի Հայոց. Այցելութիւն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

January 25, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 23 յունուարին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութիւնը այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով փոխանցելու իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին արծարծուեցան Լիբանանի հայոց թեմի անցնող տարուան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութիւնը ներկայացուց իր յառաջիկայ ծրագիրները: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց թեմին ծաւալած գործունէութիւնը եւ այս իմաստով կատարեց նաեւ իր թելադրանքները:

Հանդիպումի ընթացքին յատուկ կարեւորութեամբ արծարծուեցան Ազգային միացեալ վարժարանի յառաջիկայ տարեշրջանի վերամուտին հետ առնչուած մանրամասնութիւնները: Վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ այս արդիական ազգային կրթական օճախը գաղութային կեանքին նոր որակի աշխուժութիւն մը բերելու բոլոր տուեալները ունի` յոյս յայտնելով, որ անիկա արժանանայ համաժողովրդային զօրակցութեան ու գուրգուրանքի:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ եկեղեցի-ժողովուրդ կապի խորացման եւ այս իմաստով թեմի եկեղեցական ծուխերու` կրօնական եւ աշխարհական պատասխանատուներու նոր գործելաոճի մը որդեգրման: Արծարծուեցաւ նաեւ երիտասարդութիւնը ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ ներգրաւելու կարեւորութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը զեկուցեց նաեւ Հալէպ իր կատարած հովուապետական այցելութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ տեսակցութեան մասին: Ան հիացմունքով անդրադարձաւ Հալէպի կրօնական եւ ազգային կառոյցներուն ծաւալած աշխուժ գործունէութեան եւ հաստատեց, որ հալէպահայութեան մօտ առկայ է վերականգնումի վճռակամութիւնը: Վեհափառ հայրապետը յոյս յայտնեց, որ գաղութը եւ ընդհանրապէս սուրիահայութիւնը շուտով պիտի յաջողին գտնել իրենց կեանքի բնականոն ընթացքը:

Նախորդը

Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Յեղափոխականութեան Աղբիւր

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.