Նորարար փորձառական կեդրոնին մէջ բացուած «Կամրջելով պատմութիւնները» (#Bridgingstories) խորագիրը կրող ցուցահանդէսին ընթացքին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ ըսած է, որ ցուցահանդէսը կարեւոր է անով, որ ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն ընդհանրութիւններ կան հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ: Այս մասին կը գրէ Հռիփսիմէ Յովհաննիսեան:
«Այդ ընկալումը կրնայ առաջնորդել հաշտեցման, զոր կը փափաքինք տեսնել հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ: Մենք միշտ նշած ենք, որ հաշտեցման համար պէտք պիտի ըլլայ լիարժէք, ամբողջական ճանաչում 100 տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն», շեշտած է ան:
Նշենք, որ դեսպանը խօսած է հայ եւ թուրք երիտասարդ լուսանկարիչ լրագրողները միաւորող ծրագիրին մասին, որուն ծիրին մէջ 24 հայ եւ թուրք մասնակիցներ 5 ամիսներու ընթացքին լուսանկարած են ուշագրաւ դրուագներ, որոնք կը ներկայացնեն իրենց կեանքն ու առօրեան` շեշտը դնելով երկու ժողովուրդներու նմանութիւններուն վրայ:
«Նման ցուցահանդէս պատմութեան եւ քաղաքականութեան սահմանէն միւս կողմ է: Անիկա ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ ընդհանրութիւններ կան: Ա՛յդ է ամբողջ գեղեցկութիւնը: Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտութիւն ըլլայ, ատիկա կը բխի շրջանի, Կովկասի շահերէն: Ատիկա պիտի առաջնորդէ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան», ըսած է դեսպանը:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հովանիին տակ կազմակերպուած «Կամրջելով պատմութիւնները» ծրագիրի մասնակիցները 24 հոգի էին` 12-ը Հայաստանէն, 12-ը Թուրքիայէն, որոնք ընտրուած են մրցումի ընդմէջէն` անցեալ տարուան ամրան, ապա մասնակցած են լուսանկարչական լրագրութեան դասընթացքի, որ տեղի ունեցած է օգոստոս 2016-ին, Դիլիջանի մէջ: Յետոյ անոնք վերադարձած են իրենց բնակավայրերը` հոն աշխատելու: Մասնակիցներուն հետ աշխատած են Անուշ Բաբաջանեանը` Հայաստանէն եւ Սերա Աքճան` Թուրքիայէն, ուսուցումներու հարցին մէջ իր դերը ունեցած է «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»-ի լուսանկարիչ Ճոն Սթենմայըր: