Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ Լափշինը Ազրպէյճանին Արտայանձնելու Պիելոռուսիոյ Որոշումը

January 27, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պիելոռուսիոյ կողմէ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան եւ զայն Ազրպէյճանին արտայանձնելու որոշումին լոյսին տակ, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը հրապարակեց հետեւեալ դատապարտագիրը.

20 յունուար 2017-ին Պիելոռուսիոյ ընդհանուր դատախազի տեղակալը որոշում տուաւ բաւարարելու Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութեան դիմումը` Ալեքսանտր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու վերաբերեալ:

Ազրպէյճան որոշած է քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել Լափշինը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելելուն, հրապարակաւ անոր անկախութեան ճանաչման զօրակցելուն եւ Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը քննադատելուն համար:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը խստիւ կը դատապարտէ Լափշինը ձերբակալելով Ազրպէյճանին արտայանձնելու որոշումը: Բռնատիրական երկու պետութիւններու միջեւ խօսքի ազատութիւնը հարուածող այս գործառքը կը նկատենք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հասցուած հարուած մը,  ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ապակայունացնող ազդակ մը, որ կը խրախուսէ Ազրպէյճանը անհաւասարակշիռ քայլեր առնելու:

Կը դատապարտենք այն իրողութիւնը, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի անդամ Պիելոռուսիան դարձած է Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան մեղսակիցը, ինչպէս նաեւ կը պահանջենք Ալեքսանտր Լափշինի անյապաղ եւ առանց նախապայմանի ազատ արձակումը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ

Նախորդը

«Սպիտակ Տունը Սուրիոյ Մէջ Ապահով Գօտիներու Ծրագիրին Շուրջ Ռուսիոյ Հետ Չխորհրդակցեցաւ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.