Էրեբունի եւ Կեդրոն վարչական շրջաններուն մէջ վարկանշային ցուցակով առաջադրուած ՀՅԴ-ի թեկնածու Բագրատ Եսայեան երէկ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին, խօսելով ընտրողներու իրաւագիտակցութեան մակարդակի բարձրացման գծով անոր ուղղուած յստակ քայլեր կատարելու անհրաժեշտութեան մասին, ընդգծեց, որ փոխուած Սահմանադրութիւնը եւ Ընտրական օրէնսգիրքը ստեղծած են այնպիսի կարելիութիւններ, որ մարդոց իրաւունքները կարելի եղածին չափ քիչ ոտնահարուին: Սակայն Եսայեան ընդգծեց նաեւ, որ օրէնք ունենալը բան մըն է, բայց անիկա կիրարկելու մշակոյթ ունենալը բոլորովին այլ բան:
«Այլ հարց է` հասարակութիւնը ինչքանո՛վ պատրաստ է օրէնքի ընձեռած կարելիութիւնները օգտագործելու` արդար իշխանութեան հասնելու համար», ըսաւ ան:
Եսայեանի համաձայն, հակառակ անոր որ վարկանշային ընտրակարգը իտէալական միջոց չէ ընտրական իրաւունքը հարիւր առ հարիւր գործադրելու համար, բայց «մեծ յաղթանակին հասնելու համար» կողմ քուէարկած են անոր:
«Ասիկա միջանկեալ կարգ է, բայց թէ վարկանշային ընտրակարգը ինչպէ՛ս կը զարգացնենք, այլ հարց է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նոր Սահմանադրութեան ստեղծած գործիքները աւելի արդիւնաւէտ են ու լաւ, քան նախորդինը: Եսայեանի համաձայն, ՀՅԴ-ն կ՛առաջարկէ տնտեսական համակարգը այնպէս փոխել, որ ոեւէ մէկը հարստութիւն դիզելու անվերահսկելի կարելիութիւնը չունենայ, արդար արդիւնքի արդար բաշխման համակարգ ստեղծուի, որպէսզի չըլլան ծայրայեղ հարուստներ եւ ծայրայեղ աղքատներ:
Եսայեան խօսեցաւ նաեւ հրապարակուած այն ձայնագրութիւններուն մասին, ըստ որոնց` դպրոցի տնօրէնները զբաղած են ձայներու հաւաքագրումով: Անոր խօսքով` իւրաքանչիւր մարդ պէտք է գիտակցի իր ձայնի արժէքը եւ որեւէ պարագայի չվաճառէ զայն, անկախ անկէ, թէ ո՛վ է զայն դրդողը կամ իրմէ խնդրողը:
«Դաշնակցութիւնը որեւէ վարչական լծակ չ՛օգտագործեր: Նախ եթէ կ՛ըսէք` ոլորտի պատասխանատուն Դաշնակցութիւնն է, նոյն տրամաբանութեամբ ալ օրինակ դպրոցի տնօրէնները պէտք է ձայներ հաւաքէին կամ ցուցակներ կազմէին Դաշնակցութեան օգտին, բայց փաստը այն է, որ այդպիսի բաներ չեն ըլլար», ըսաւ Եսայեան` աւելցնելով, որ դպրոցներու ճնշող մեծամասնութիւնը կ՛ենթարկուին քաղաքապետարաններուն եւ մարզպետարաններուն:
«Եթէ կրթութեան նախարարութիւնը կը ճշդէ կրթութեան չափորոշիչները, տակաւին վարչական լծակի կիրարկում չէ` տնօրէնները նշանակելու, գործէ արձակելու, պատասխանատուութեան ենթարկելու, ստիպելու, որ կուսակցութեան անդամագրուին: Տուեալ պարագային խօսքը կը վերաբերի վարչական լծակին, որ կրթութեան նախարարին ձեռքը չէ», ըսաւ Եսայեան: