Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հազարաւոր Համակիրներու Ներկայութեան Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ-ի Եզրափակիչ Հանրահաւաքը

Մարտ 31, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի

Երէկ` հինգշաբթի, 30 մարտին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հանրահաւաք կազմակերպեց` ամփոփելով նախընտրական քարոզարշաւը:

Հանրահաւաքը կը վարէր ՀՅԴ անդամ, «Երկիր Մետիա»  պատկերասփիւռի կայանի լրատուական ծառայութեան ղեկավար Գեղամ Մանուկեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ հայորդիներուն, որոնք եկած էին միասին նշելու Դաշնակցութեան յաղթական երթի սկիզբը: Գեղամ Մանուկեան համառօտ անդրադարձ կատարեց հայրենիքի մէջ ՀՅԴ-ի վերջին տասնամեակներու  գործունէութեան` ընդգծելով, որ այդ տարիներուն Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է նոյնը, միւսներէն տարբեր իր կառոյցի ամրութեամբ եւ սկզբունքայնութեամբ:

Հանրահաւաքին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, որ նշեց, թէ միայն ազատ քաղաքացին կրնայ ուժեղ, ազատ երկիր ունենալ, արժանավայել կեանքով ապրիլ: Անոր համաձայն, ներկաները հաւաքուած են` պաշտպանելու իւրաքանչիւր հայ մարդու ազատ ապրելու, ազատ ընտրութիւն կատարելու իրաւունքը, որուն նկատմամբ բռնացողները, զայն սակարկութեան առարկայ  դարձնողները հայու ինքնութեան հետ կապ չունին:

«Մենք այստեղ ենք` իբրեւ հայ զինուորը, աշխատանքով բարիք ստեղծող հայ մարդը, հայ մշակոյթը մարմնաւորող կուսակցութիւն: Իբրեւ Դաշնակցութիւն: Քաղաքական ուժի չափանիշը դրամը կամ իշխանական լծակները չեն: Իրական քաղաքական ուժի յատկանիշը կենսագրութիւնն է, ինքնուրոյնութիւնը, հաւատարմութիւնը նպատակներուն եւ սկզբունքներուն: Եւ աշխատանքը. հետեւողական` իր երկրի եւ ժողովուրդի ապագային հանդէպ վստահ, լաւատեսութեամբ աշխատանքը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ չարութեամբ, ատելութեամբ, յուսահատութեամբ ոչ մէկ գործ կը կատարուի:

Աղուան Վարդանեանի հաստատումով` միայն արդարութեամբ կրնանք ունենալ խաղաղ, անվտանգ, զարգացող, ուժեղ, բարեկեցիկ, ազատ Հայաստան, որ իրենք պիտի ստեղծեն` հաւատալով հայ մարդուն, հաւատալով Հայաստանին, գործելով պատասխանատուութեամբ:

«Ուրիշներ կ՛ըսեն` պիտի գան փոփոխութիւն կատարեն, մենք արդէն կը կատարենք այդ փոփոխութիւնը: Կայ դրուած նպատակ, գծուած են ուղղութիւնները, առաջին արդիւնքները նկատելի են: Ով որ կը հաւատայ, կը մասնակցի, քար մը կը դնէ, ան կը մօտեցնէ իր, իր ընտանիքի, իր երկրի բարեկեցութիւնը, իրականութիւն կը դարձնէ  համերաշխ հասարակութիւն ունենալու բոլորիս երազանքը: Ով որ կը մասնակցի, անիկա մեր եղբայրն է, ազատ հայ մարդն է, որ իր տեղը ունի հարիւր հազարներու այդ հպարտ շարքին մէջ», յայտարարեց Աղուան Վարդանեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան իր ելոյթին ընթացքին նշեց, որ Դաշնակցութեան որեւէ ընտրապայքար նախ եւ առաջ հաշուետուութիւն է իրենց ընտրողներուն` համակիրներուն առջեւ: Անոր խօսքով` իրենք հասած են ընտրապայքարի եզրագիծին ոչ թէ խոստումներ շռայլածի կարկամութեամբ, այլ խոստումները կատարածի եւ սկսածը շարունակողի վճռականութեամբ: «Մենք համոզուած ենք, որ 2 ապրիլը նոր ժամանակաշրջանի սկիզբը  պիտի  ազդարարէ: Երկար տարիներէ ի վեր Դաշնակցութիւնը, ըլլայ  իշխանութեան մէջ, կամ ոչ, յամառ եւ անզիջում պայքար մղած է, որ պատմական այս շրջադարձը կատարելու կարելիութիւնը ընձեռուի մեր ժողովուրդին, վերացուին մեր յառաջընթացը խոչընդոտող արգելքները, եւ ստեղծուին երկրի զարգացումը խթանող անհրաժեշտ պայմաններ»,  ըսաւ Ռուստամեան:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան մասնակցութեամբ կատարուած փոփոխութիւններու որակն ու ծաւալը այնքան է, որ առանց չափազանցութեան, կարելի է զանոնք անուանել պատմական եւ յեղափոխական: Անոնք մեր երկրի թռիչքաձեւ զարգացման համար ստեղծած են հիմնական գլխաւոր նախադրեալները: ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչին համաձայն, Դաշնակցութեան հռչակած նոր սկիզբը պիտի փոխէ որոշումներու կայացման անդրքուլիսեան ձեւաչափերը, պիտի ապահովէ երկրին մէջ միջազգային յառաջադէմ փորձի վրայ հիմնուած արդար ղեկավարում:

«Հայ մարդը պիտի ապրի ազատ ու ապահով, Հայաստանը պիտի ըլլայ հզօր, արդար եւ զարգացող, հայութիւնը պիտի ըլլայ  հայաստանակեդրոն եւ համերաշխ: 2 ապրիլին այս նոյն անպարտելի ոգիով ընտրենք չորրորդ հանրապետութեան հիմնադիր խորհրդարանը: Կեցցէ՛ այն Հայաստանը, որ այս նոր սկզբունքով, նոր շունչով եւ նոր երանգով պիտի ընթանայ», եզրափակեց Արմէն Ռուստամեան:

Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած ՀՅԴ-ի բազմահազար համակիրները ջերմօրէն ողջունեցին եզրափակիչ հանրահաւաքին իրենց կատարումներով հանդէս եկած արուեստի գործիչները եւ անոնց կատարած ստեղծագործութիւնները: Հանրահաւաքին հնչեցին ազգային-ազատագրական պայքարի երգեր, այլ ստեղծագործութիւններ:

Հանրահաւաքին մասնակիցներուն իր անկեղծ ելոյթով հիացմունքի պահեր պատճառեց «Եւրատեսիլ»-ի մէջ Հայաստանը ներկայացնող Գոռ Սուջեանը, որ առաջին անգամ ըլլալով կատարեց «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան» երգը:

https://www.youtube.com/watch?v=vtKAB0mn04Y&feature=youtu.be

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութիւնը Կը Դատապարտէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Յայտարարութիւնները

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 3 Մրցումներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?