Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քննարկում` Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Լիբանանի Հանրապետութեան Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 25-ամեակին Առիթով

Մարտ 31, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 մարտ 2017-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայկազեան համալսարանին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին նուիրուած քննարկում:

Ձեռնարկին կը մասնակցէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Հայաստանի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպաններ Սաատ Զախիա (1997-99) եւ Կապրիէլ Ժըարա (2003-2011): Ներկայ էին կրօնական, դիւանագիտական, ակադեմական շրջանակներու ներկայացուցիչներ:

Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ դիւանագիտութեան մէջ տարբեր գործօններու` քաղաքակրթական, ազգային-մշակութային, տարբեր դերակատարներու շահերու համընկնումի փոխադարձ յարաբերակցութեան եւ անոնց հիման վրայ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններու զարգացման: Վեր. Հայտոսթեան գոհունակութեամբ  նշեց, որ 1992-էն 1993 թուականներու կրթաշրջանին Հայկազեան համալսարանին մէջ ուսանած խումբ մը դիւանագէտներ այսօր կարեւոր պաշտօններ կը զբաղեցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցներուն մէջ:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան նախ արժեւորեց Հայաստանի եւ Լիբանանի` իբրեւ երկու անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւններու, վերջին 25 տարիներու յարաբերութիւնները: Դեսպանը` յղում կատարելով երկու ժողովուրդներու դարաւոր առնչութիւններուն, Լիբանանի հայ համայնքի ակնառու դերակատարութեան, մասնաւորապէս անդրադարձաւ վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու փոխադարձ այցելութիւններուն, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտական մարզերուն մէջ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան: Դեսպան Մկրտչեան կարեւոր նկատեց միջազգային հարթակներու վրայ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը, որ հիմնուած է արժէքային մօտեցումներու վրայ: Ան նշեց, որ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ժըպրան Պասիլ միասին 2015-ին մասնակցած են Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան  նուիրուած Ժընեւի միջազգային համաժողովին: Դեսպանը ընդգծեց, որ քաղաքական համագործակցութեան մարզին մէջ առկայ փոխադարձ վստահութեան շնորհիւ երկու բարեկամ պետութիւնները միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ մշտապէս կ՛աջակցին մէկզմէկու:

Իր ելոյթին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Լիբանանի առաջին դեսպան Սաատ Զախիա նկարագրեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանատան հաստատման առաջին քայլերը` իբրեւ 10-րդ երկիր Հայաստանի անկախացումէն ետք: Ուշագրաւ էր նաեւ դեսպան Կապրիէլ Ժըարայի ելոյթը: Ան դրուագներ ներկայացուց Հայաստանի մէջ իր իննամեայ պաշտօնավարութեան շրջանէն, անդրադարձաւ լիբանանեան եւ սփիւռքահայ ներդրումներուն, վերյիշեց իր կապերը Գարեգին Ա. կաթողիկոսին հետ: Կ. Ժըարա շեշտեց, որ երկու երկիրներու սերտ կապերուն շնորհիւ վերջին 25 տարիներուն ընթացքին լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդները կրցան ստեղծել համագործակցութեան ամուր հիմքեր, որոնք հիմնուած են հարուստ մշակոյթներու նկատմամբ փոխադարձ յարգանքի վրայ:

Քննարկման մասնակիցները արձանագրեցին, որ Հայաստանն ու Լիբանանը ունին փոխըմբռնման եւ բարեկամութեան դարաւոր կապեր, որոնք կարելի է աւելի զարգացնել եւ զօրացնել:

 

Նախորդը

Կոչ Կ՛ուղղեմ Կազմելու Արեւելքի Քրիստոնեաներու Լոպի Մը, Որպէսզի Կարելի Ըլլայ Դուրս Գալ Փոքրամասնութիւններու Նուաստ Հանգամանքէն Եւ Պաշտպանողական Դիրքերէն Անցնիլ Մտաւոր, Մշակութային, Քաղաքական Եւ Իրաւական Յարձակումներու» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Լեւոն Զաքի Ետալեան

Յաջորդը

Ֆրանսախօսութեան Ամսուան Նուիրուած Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. Իհապ Ժամալի Եւ Լիանա Յարութիւնեանի Երաժշտական Երեկոն

RelatedPosts

Համազգային Զօրաշարժ Ի Խնդիր Արցախի Փրկութեան
Գլխաւոր լուրեր

Համազգային Զօրաշարժ Ի Խնդիր Արցախի Փրկութեան

Սեպտեմբեր 21, 2023
Դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան Այցելեց «Ազդակ»
Գաղութային

Դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան Այցելեց «Ազդակ»

Սեպտեմբեր 21, 2023
Խմբագրական.  Համայն Հայութեան Իղձերը, Պատմական Արդարութիւնը Եւ Արցախի Վերամիաւորումը  (Սեպտեմբեր 21-ի Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Համայն Հայութեան Իղձերը, Պատմական Արդարութիւնը Եւ Արցախի Վերամիաւորումը (Սեպտեմբեր 21-ի Առիթով)

Սեպտեմբեր 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In