Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Երուանդ Փամպուքեանն ու Շահան Գանտահարեանը
7 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց անուանի պատմաբան, հայագէտ, ՀՅԴ արխիւներու պատասխանատու, խմբագիր Երուանդ Փամպուքեանը եւ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը: Նախարար Յակոբեան բարձր գնահատեց Երուանդ Փամպուքեանի կատարած ազգանուէր գործունէութիւնը, արխիւային ուսումնասիրութիւնները, որոնք արժէքաւոր նիւթեր են սերունդներու համար: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան հիմնախնդիրներուն, Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուցած է այդ ուղղութեամբ նախարարութեան կատարած աշխատանքները: Քննարկուած...




















