Ռուստամեան. «Կ՛ուզենք Աւելի Մեծ Ներկայութիւն Ունենալ Խորհրդարանին Մէջ, Որպէսզի Մեր Սկսած Այս Գործընթացը Մինչեւ Վերջ Կարենանք Տեղ Հասցնել»
Երէկ` կիրակի, 2 ապրիլ 2017-ին, Հայաստանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 8:00-ին վերջ գտաւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկութիւնը` 2009 տեղամասերը փակեցին իրենց դռները: Սկսաւ ձայներու հաշուարկը:
Ընտրութիւններուն մասնակցեցան 5 կուսակցութիւններ եւ 4 դաշինքներ: Խորհրդարան անցնելու համար կուսակցութիւններուն անհրաժեշտ է ստանալ ընտրողներու քուէներուն 5 առ հարիւրը, դաշինքներուն` 7 առ հարիւրը:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ընդհանուր առմամբ մասնակցած է ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 60,86 առ հարիւրը: Լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան: «Ընտրելու իրաւունք ունեցող 2 միլիոն 587 հազար 706 քաղաքացիներէ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քուէարկութեան մասնակցած է 1 միլիոն 574 հազար 947 քուէարկող», ըսած է Մուկուչեան:
Ըստ «Կելափ» ընկերութեան երէկ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք հրապարակած էկզիթ փոլ-ի արդիւնքներուն 4 քաղաքական ուժեր կը մտնեն խորհրդարան` ստանալով հետեւեալ արդիւնքները` ՀՀԿ 46 առ հարիւր, «Ծառուկեան դաշինք»` 25, «Ելք» դաշինք` 10, ՀՅԴ` 5:
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի վերջին տուեալներուն համաձայն, 2009 ընտրատեղամասերէն 305 արդիւնքներուն հիման վրայ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը ստացած է քուէներուն 54,57 առ հարիւրը, «Ծառուկեան» դաշինքը` 25,73 առ հարիւրը, իսկ ՀՅԴ-ն` 8,63 առ հարիւրը:
Յայտնենք, որ ՀՅԴ տեղեկատուական մարզի գործիչներու խումբը` բաղկացած «Ազդակ»-ի, «Վանայ Ձայն»-ի եւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական բաժինի լրագրողներէն, երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին ուղղակի տեղեկութիւններ փոխանցեց Լիբանան` ընտրական հոլովոյթին մասին:
Ռուստամեան. «Մենք Կ՛ուզենք Աւելի Մեծ Ներկայութիւն Ունենալ Խորհրդարանին Մէջ»
03/23 ընտրատեղամասին մէջ քաղաքացիական իր պարտքը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ համամասնական ցուցակը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեան:
Քուէարկութենէն ետք լրագրողները Ռուստամեանէն հետաքրքրուեցան` յանուն ինչի՞ քուէարկած է եւ ի՞նչ փոփոխութիւններու կը հասցնէ այս նոր համակարգը:
«Մենք համոզուած ենք, որ ասիկա 4-րդ հանրապետութեան հիմնադիր խորհրդարանն է, եւ կ՛ուզենք, որ այս 4-րդ հանրապետութիւնը ճշմարիտ սկզբնաւորում ունենայ: Այս նպատակին համար քուէարկած եմ` վստահ ըլլալով, որ մենք, իսկապէս, կը թեւակոխենք նոր ժամանակաշրջան մը, եւ այս ընտրութիւնը պիտի ըլլայ որոշիչ, վճռական: Մեր հետագայ քայլերը ինչպէ՞ս կրնանք կատարել եւ ի՞նչ խորութեամբ ու արագութեամբ` կախեալ է այն խորհրդարանի որակէն, որ այսօր կ՛ընտրուի», ըսած է ան` աւելցնելով, որ կ՛ուզեն աւելի լուրջ ներկայութիւն ունենալ խորհրդարանին մէջ, որպէսզի այս հոլովոյթը, որ իրենք սկսած են, մինչեւ վերջ կարենան տեղ հասցնել:
Ինչ կը վերաբերի ընտրախախտումներուն, յատկապէս, որ օնլայն հեռարձակումներ չկան ընտրատեղամասերէն, Ռուստամեան ըսած է, որ իրենք այդ ամէնը պիտի ստուգեն եւ յետոյ եզրակացութիւններ ունենան:
Խօսելով կիրարկուող նոր արհեստագիտութեան մասին` ան ըսաւ, որ կը տեսնէ` ժողովուրդը կ՛իւրացնէ նոր արհեստագիտութիւնը: «Շատ հաճելի է տեսնել, շատերը կ՛ըսէին, որ ասիկա խնդիրներ պիտի յառաջացնէ, բայց հակառակը` շատ սահուն կ՛ընթանայ ամէն ինչ», ըսաւ Ռուստամեան:
«Երկիր»-ի դիտարկումով` 2 ապրիլ 2013-ին սպաննուեցաւ Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեան, իսկ անցեալ տարի այս օրը ապրիլեան քառօրեայ պատերազմն էր, իսկ այսօր խորհրդարանական ընտրութիւններ են, Ռուստամեան արձագանգեց. «Ես քիչ առաջ հոգեհանգիստի էի. ո՛չ միայն Պռօշեանի մեր ընկերոջ` Հրաչ Մուրադեանի հոգեհանգիստն էր, այլ նաեւ` 2 ապրիլին քառօրեայ պատերազմին զոհուած բոլոր զինուորներուն: Բոլորը անուն առ անուն յիշեցինք: Անոնք հերոսներ են, եւ պէտք չէ միայն սուգով նայիլ այդ ամէն ինչին, ես վստահ եմ, որ անոնք նոր Հայաստանի, այսօրուան Հայաստանի հիմքերը դրին, ապահովեցին, որ մենք կարենանք այսօր ազատ ընտրութիւններ կազմակերպել, ատիկա նաեւ անոնց շնորհքն էր եւ անոնց վաստակը, եւ ասիկա պէտք է ըլլայ գլխաւորը: Անոնց անունները պիտի գրուին մեր պատմութեան մէջ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ընտրակաշառքի մասին ահազանգեր, տեղեկութիւններ ստացա՞ծ են, ան ըսաւ. «Ընտրակաշառքի մասին ստացած ենք մինչեւ այսօր, չեմ բացառեր, որ այսօր ալ ըլլայ, որովհետեւ անոր պատրաստուած են շատերը: Այս ընտրութիւններուն ամէնէն ստուերոտ մասը պիտի ըլլայ ընտրակաշառքի հանգամանքը»:
Հարցումին` իրենց գործընկեր Հանրապետականի՞ն ալ նկատի ունի, Ռուստամեան արձագանգեց. «Ես այստեղ ոեւէ մէկը առանձնացնելու խնդիր չեմ բարձացներ, ընտրակաշառք տուողն ալ, ստացողն ալ պէտք է գիտնան, որ նոյն յանցաւոր համագործակցութեան մէջ են: Մեր ժողովուրդը պէտք է հասկնայ` այս ձեւով չի կրնար ունենալ այն երկիրը, որուն մասին կ՛երազէ»:
Վարդանեան. «Մենք Պէտք Է Արժանի Ըլլանք Այդ Հերոս Տղաներուն»
Որեւէ ընտրութիւն պարտաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն է, բայց այն, որ ընտրութիւններու օրը համընկած է արցախեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներու նահատակութեան օրուան հետ, մեզի կը թելադրէ, որ պէտք է արժանի ըլլանք այդ հերոս տղաներուն. «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ նախընտրական գրասենեակի պետ Աղուան Վարդանեան, որ 05/18 ընտրատեղամասին մէջ կատարեց իր ընտրութիւնը:
Անոր համաձայն, մենք պարտք ենք այդ հերոս տղաներուն, որոնք բոլորին ստիպեցին նոր աչքով նայիլ իրականութեան եւ դասեր քաղել: «Իրականութիւնը այն է, որ մեր ապագան այդ տղաներն են: Անոնք կը պարտադրեն, որ մենք կարենանք արդար, ուժեղ Հայաստան կառուցել», ըսաւ Վարդանեան` աւելցնելով, որ ինքն ալ քուէարկած է յանուն նոր սկիզբի, յանուն ազատ, անվտանգ, զարգացող եւ խաղաղ Հայաստանի:
Ան նշեց նաեւ, որ յոյս ունի` ընտրական նոր համակարգն ու արհեստագիտական նոր միջոցները կարելիութիւն կու տան շատ աւելի վստահութիւն ներշնչող ընտրութիւն կազմակերպելու:
Դաւիթ Լոքեան Քուէարկեց Յանուն Արդար Ապագայի
Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի ցանկութիւնն է, որ ընտրութեան իբրեւ հետեւանք յառաջիկայ 5 տարիներուն մեր երկրին մէջ ըլլան ժպտացող մարդիկ, որոնք կը սկսին ապրիլ անհոգ, քիչ թէ շատ հարուստ, բարեկեցիկ կեանքով: «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին Լոքեան, որ իր ընտրութիւնը կատարած էր թիւ 03/20 ընտրատեղամասին մէջ, նշեց, որ քուէարկած է յանուն Հայաստանի արդար ապագային: «Ընտրած եմ նաեւ, որ Հայաստանի մէջ սկսի թագաւորել միտքը, բանականութիւնը. ժամանակն է, որ մենք` իբրեւ քաղաքակիրթ ազգ, անցնինք այդ փուլը եւ մեր երկրին մէջ գերակշիռ դառնայ միտքը», ըսաւ ան:
Լոքեան նշեց, որ այս օրը նաեւ ցաւի օր է` անցեալ տարի այս օրը մենք լուրջ խնդիրներ ունեցանք յարձակում սկսած նախաձեռնութենէ մը եւ զոհեր ունեցանք, բայց, նախարարին խօսքով, այսօր նաեւ հերոսութեան օր է: «Փառք Աստուծոյ, որ մեր զինուորները կրցան կեանքի գնով պահել մեր սահմանը, ինչ որ, կը կարծեմ, պէտք է իր ազդեցութիւնը ունենայ հասարակութեան վրայ, բայց չեմ գիտեր` իրակա՞ն է այդ ազդեցութիւնը, թէ՞ ոչ», նշեց Լոքեան:
Նախագահ Սարգսեան. «Խաղաղութենէն Սուղ Բան Չկայ»
9/18 ընտրատեղամասին մէջ քաղաքացիական իրենց պարտքը կատարեցին նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան: Քուէարկութենէն ետք, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը մտածէր քուէարկութիւն կատարած ընթացքին, Սարգսեան ըսած է. «Խաղաղութենէն սուղ բան չկայ: Ամէն ինչ պիտի ընենք, որ մեր սահմաններուն վրայ հանդարտութիւն ըլլայ, եւ այդ սահմանները ըլլան անձեռնմխելի»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ ՀՀԿ-ի` ընտրութիւններուն յաղթելու առիթները, նախագահը ըսած է. «Այսօր ատիկա գնահատելու ժամանակը չէ, այսօր քուէներ ստանալու ժամանակն է»:
Վարչապետը` Ընտրութիւններուն
ՀՀԿ-ի Յաղթելու Առիթներուն Մասին
Ընտրութիւններուն քաղաքացիական իր պարտքը կատարեց նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեան: Քուէարկութենէն ետք ան յայտարարեց, որ քուէարկած է յանուն իրենց կարգախօսի իրագործման:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ ընտրութիւններուն ՀՀԿ-ի յաղթելու առիթները, ան ըսաւ, որ ժամանակը ցոյց կու տայ: Ան յայտարարեց, որ իր ցանկութիւնն է, որ ամէն ինչ խաղաղ ըլլայ:
Հարցումին, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի նախագահ, ՀՀԿ ղեկավար Սերժ Սարգսեան չմասնակցեցաւ ՀՀԿ-ի քարոզարշաւին, Կարապետեան պատասխանեց, որ կուսակցութիւնը տուած է այդ որոշումը:
«Ի՞նչ Հայաստան կ՛ուզէ տեսնել» հարցումին վարչապետը ըսաւ. «Տրամաբանական, խելօք, օրէնքի երկիր»:
Ի դէպ, վարչապետը նաեւ ըսաւ, թէ ինք միշտ լաւատես է:
Ծառուկեան. «Այսօր Որոշողը Մեր Ժողովուրդն Է,
Ինչ Որ Որոշեն, Այդ Պիտի Ըլլայ»
Առինջ գիւղին մէջ իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ քուէարկելէ ետք «Ծառուկեան» դաշինքի առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան յայտարարած է, թէ ամէն ինչ կախեալ է ժողովուրդէն եւ անոր կատարած ընտրութենէն` աւելցնելով, որ ան պատասխանատու պիտի ըլլայ ատոր, որովհետեւ 2 ապրիլին տրուելիք քուէն պիտի ճշդէ, թէ 3 ապրիլին ինչպիսի՛ Հայաստան կ’ուզէ տեսնել ժողովուրդը:
Ծառուկեան նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին յայտարարած էր, որ իր առաջնորդած դաշինքը եթէ յաղթէ, ապա ինք եւ ընկերները պատրաստ են արաբական եւ եւրոպական երկիրներէն 15 միլիառ տոլարի ներդրում բերել Հայաստան: Լրագրողները հարցուցած են, որ եթէ «Ծառուկեան» դաշինքը մեծամասնութիւն չստանայ, այդ ներդրումները այնուամենայնիւ պիտի կատարուի՞ն: Գ. Ծառուկեան պատասխանած է, թէ երբ իրաւունքները իր ձեռքը չըլլան, երաշխաւոր չըլլայ, ուրեմն բնականաբար չեն կատարուիր այդ ներդրումները. «Ինծի ճիշդ հասկցէք, ես ոչ ոքի կ’ուզեմ փնովել` ո՛չ կառավարութեան, ո՛չ իշխանութեան, ո՛չ որեւէ կուսակցութեան, կարեւորագոյնը այն է, որ այն կուսակցութիւնը, որ ժողովուրդին խօսք տուած է, որ զինք կրնայ հանել այս վիճակէն, ուրեմն պէտք է առկայ հարցերը լուծէ:
Ան հերքած է այն, որ «Ծառուկեան» դաշինքը ընտրակաշառք բաժնած ըլլայ` աւելցնելով, որ աշխատավարձ տրամադրուած է միայն կառոյցներուն եւ քարոզչական աշխատանք տանողներուն, ան նոյնիսկ բարեսիրական աշխատանքները կասեցուցած է այս փուլին: Ծառուկեան նաեւ դիտել տուած է, որ անճիշդ են այն լուրերը, թէ ընտրութեան նախորդող օրերուն հանդիպում ունեցած է նախագահ Սարգսեանի հետ:
Րաֆֆի Յովհաննէսեան. «Քուէարկեցի Յանուն Հայրենիքին,
Հերոս Տղոց, Հայաստանի Ապագային»
«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար, «Օհանեան-Րաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքի անդամ Րաֆֆի Յովհաննէսեան հաստատած է, որ քուէարկած է «յանուն հայրենիքին, հերոս տղոց, Հայաստանի Հանրապետութեան ապագային»: Անոր համաձայն, ընտրական խախտումները նկատելի են թէ՛ նախընտրական շրջանին, եւ թէ՛ ընտրութեան օրը` դիտել տալով, որ անոնց վերաբերող ամբողջական թղթածրարը պիտի ներկայացուի հասարակութեան:
Իր խօսքի աւարտին Յովհաննէսեան ըսած է. «Մենք յոյսով պէտք է ապրինք մեր երկրին մէջ, որպէսզի վերջապէս ունենանք Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ ոչ թէ կուսակցապետութիւն»:
Օհանեան Քուէարկած Է «Ժողովուրդին Ապագան
Աւելի Բարեկեցիկ Դարձնելու Համար»
Պաշտպանութեան նախկին նախարար, «Օհանեան-Րաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքի առաջնորդ Սէյրան Օհանեան քուէարկած է «մեր արդար, ազնիւ Հայաստանին, մեր ժողովուրդին համար աւելի զարգացող տնտեսութիւն ձեւաւորելու, աւելի բարեկեցիկ կեանք կերտելու եւ մեր Հայաստանի համար աւելի յարատեւող ու միջազգային վարկը օրըստօրէ բարձրացնող ապագայ կերտելու համար»:
Ընտրական խախտումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Օհանեան ըսած է. «Եկէք այս օրը անցընենք հանդարտ ոգիով եւ անսասան հաւատքով, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ մեր երկրին համար, բոլորին համար, նաեւ մեր մարտական ընկերոջ` Սամուէլ Բաբայեանին համար». ան դիտել տուած է, որ իրենք մօտէն կը հետեւին ամէն ինչի եւ այս բոլորով պիտի զբաղին աւելի ուշ:
Լեւոն Տէր Պետրոսեան. «Քուէարկեցի Քաղաքացիական Պարտքս Կատարելու»
Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան քուէարկելէ ետք յայտարարած է. «Քուէարկեցի քաղաքացիական պարտքս կատարելու»:
Նշենք, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեան քուէարկած է ընտրական նոյն կեդրոնին մէջ, ուր քուէարկած էր ներկայ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, եւ քուէարկութեան ընթացքին թեքնիք հարցեր ծագած էին: Սարքը չճշդեց Տէր Պետրոսեանի մատնահետքը: Հեգնանքով պատասխանելով լրագրողին հարցումին, թէ ի՞նչ պատճառով այդ հարցը եղած է, Տէր Պետրոսեան ըսած է. «Գիւղատնտեսական աշխատանքներէն»: Ան ոչ մէկ այլ հարցումի պատասխանած է:
Փիրշթուք. «Հայաստան Ամէն Ինչ Ըրած Է, Որ Ընտրութիւնները
Կատարուին Թափանցիկութեան Սկզբունքով»
2 ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութեամբ Հայաստան այցելած է Պիելոռուսիոյ Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ներկայացուցիչներու տան փոխնախագահ Պոլեսլաւ Փիրշթուքի:
«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յայտնած է, որ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովին հետ, անոնք մանրամասն քննարկած են նոր Ընտրական օրէնսգիրքը, որով առաջին անգամ ըլլալով կը կատարուին համապետական ընտրութիւններ:
«Ընտրական օրէնսգիրքին վերաբերող մեր եզրակացութիւնները դրական են, որովհետեւ իսկապէս պատրաստած էք ամբողջական, համակարգային փաստաթուղթ, ուր նկատի կ’առնուին բոլոր կողմերուն հետաքրքրութիւնները: Մենք ուրախ ենք նաեւ այն պատճառով, որ նոր Ընտրական օրէնսգիրքին գծով գրեթէ չկան դժգոհութիւններ Հայաստանի մէջ. այլընտրանքային ուժերը, ընդդիմադիրները ունին փոքր դիտողութիւններ, բայց դժգոհութիւններ չկան: Ասիկա մեծագոյն յաջողութիւնն է», յայտնած է Պոլեսլաւ Փիրշթուք:
Ըստ անոր, Հայաստան ամէն ինչ ըրած է, որպէսզի ընտրութիւնները կայանան թափանցիկութեան սկզբունքով, ներդրուած են թեքնիք նորագոյն մեքանիզմները` քուէն պահպանելու համար, ինչ որ մէկ քայլ առջեւ է:
ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի Դիտորդներ.
«Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Վաղը Կը Գնահատենք»
Միջազգային դիտորդները ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարած են եւ լրագրողներուն կոչ ուղղած են` սպասելու մինչեւ 3 ապրիլ: ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Կէյր Փեքեվոլթը եւ դիտորդական առաքելութեան յատուկ համակարգող Իկնասիօ Սանչես Ամորան զրուցած են լրագրողներուն հետ եւ հաստատած, որ ընտրական հոլովոյթը միայն ընտրութեան օրով կարելի չէ սահմանափակել:
«Մենք հոս ենք փետրուարէն: Մեր կազմը կ’աշխատի ամբողջ երկրին մէջ: Մենք հետեւած ենք քարոզարշաւին, զանգուածային լրատուամիջոցներուն եւ ընտրութիւններուն առնչուած բոլոր խնդիրներուն: Վաղը մենք մեր գնահատականը պիտի տանք ամբողջ հոլովոյթին գծով», ըսած են անոնք: Դիտորդներուն համաձայն, ամէն բան կարելի չէ մէկ գիշերուան ընթացքին փոխել, այլ` բարեփոխումները պէտք է ըլլան հետեւողական. անոնք յոյս յայտնած են, որ Հայաստանի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները բարեփոխումներ կը կատարեն ո՛չ միայն ընտրական համակարգի բարեփոխումներուն համար եւ ո՛չ ալ լոկ օրէնքի փոփոխութեան համար: