Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Մէջ Մեկնարկը Յայտարարուեցաւ 2017-ի Պաթրունի Միջազգային Փառատօնին

March 31, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ երէկ մեկնարկը յայտարարուեցաւ 2017-ի Պաթրունի միջազգային փառատօնին` ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Պաթրունի քաղաքապետ Մարսելինօ Հարքի, Պաթրունի միջազգային փառատօնի յանձնախումբի նախագահ Սայետ Ֆայեատի, Ազգային լրատու գործակալութեան տնօրէնուհի Լոր Սլէյմանի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքի:

Փառատօնը յայտարարելու նպատակով կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սարտուք մաղթեց, որ Լիբանանի ամառը ճոխ ըլլայ փառատօներով: Ան նշեց, որ իւրաքանչիւր փառատօն իր դիմագիծը կ՛ունենայ` աւելցնելով, որ Պաթրունի փառատօնին նիւթը ուրախութիւնն է, որովհետեւ անիկա ուղղուած է երիտասարդութեան եւ երաժշտութեան:

Նախարար Կիտանեան ողջունեց ամէնօրեայ դրութեամբ նախարարութեան կողմէ զբօսաշրջական, միջազգային եւ տեղական փառատօներու մեկնարկը յայտարարելու ձեռնարկները` նշելով, որ այս փառատօներուն թիւը կը հասնի 120-ի:

Ա. Կիտանեան ողջունեց նաեւ Պաթրունի փառատօնին ընդգրկած մշակութային ծրագիրը, որուն հիման վրայ եւրոպացի եւ միջինարեւելքցի բեմադրիչներու պատրաստած կարճ ժապաւէններու ցուցադրութիւն պիտի կատարուի:

Նախարար Կիտանեան բարձր գնահատեց զբօսաշրջութեան մարզին մէջ Պաթրունը կարեւոր շրջանի մը վերածելու աշխատանքը, յատկապէս շարժապատկերի աշխարհին մաս կազմող բեմադրիչներուն հետաքրքրութեան վայրը դարձնելու իմաստով:

Ա. Կիտանեան անդրադարձաւ նաեւ շարժապատկերի մարզին նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող եւ այդ մարզին մէջ մասնագիտացող լիբանանցի երիտասարդներուն` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ շարժապատկերի եւ ժապաւէններու արտադրութեան մարզը զարգացման փուլ մը կ՛ապրի:

Նախարար Կիտանեան դրուատեց Պաթրունի փառատօնը կազմակերպող յանձնախումբին որոշումը` փառատօնին մեկնարկը յայտարարելու զբօսաշրջութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիէն:

«Կը մաղթէինք, որ արտաքին գործոց նախարարը, որուն հետ սերտ բարեկամական կապեր գոյութիւն ունին, ներկայ ըլլար այս ձեռնարկին, սակայն միաժամանակ կը հասկնանք անոր բազմազբաղ ըլլալը: Կը մաղթենք, որ Պաթրուն ըլլայ Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք փառատօներուն պարագլուխը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը նիւթապէս եւ բարոյապէս պիտի զօրակցի այդ փառատօներուն:

 

 

Նախորդը

Մաշնուք. «Արաբական Լիկային Յղուած Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Նամակը Ազգային Մեղք Կը Նկատուի»

Յաջորդը

Խորհրդարանը Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Պիտի Գումարէ Ընդհանուր Քննարկման Լիագումար Նիստեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.