Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Խորհուրդի Ժողովին

Ապրիլ 4, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 23-էն 26 մարտ 2017-ին Արժանթինի մէջ (Ռոզարիօ) տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Համաշխարհային խորհուրդի ժողովը: Ժողովին ներկայ էին միութեան անդամ կազմակերպութիւնները` շուրջ 200 ներկայացուցիչներով: ՀՅԴ Երիտասարդականը ժողովին մասնակցեցաւ երկու ներկայացուցիչով` Ֆլորենսիա Զանիքեան (ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի երիտասարդական միութիւն) եւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան  փոխնախագահ եւ Սեւծովեան շրջանի համակարգող Կարօ Շատոյեան:

Ժողովին բացումին ելոյթով հանդէս եկան Արժանթինի ընկերվարական կուսակցութեան ատենապետ Անթոնիօ Փոնֆաթին, ինչպէս նաեւ տեղացի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ եւրոպական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Քննարկումներուն ժամանակ, Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան աւագ սերունդի ներկայացուցիչները  ներկայացուցին իրենց գործունէութեան շրջանին կատարուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ նոր սերունդին փոխանցեցին իրենց փորձառութիւնը եւ գիտելիքները:

Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Սեւծովեան շրջանի փոխնախագահ Կարօ Շատոյեան իր ելոյթին ընթացքին խօսեցաւ  Եւրոպայի եւ յատկապէս Սեւծովեան շրջանին ընդհանուր տնտեսական խնդիրներուն, տագնապներուն, մարդու իրաւունքներուն առնչուող եւ այլ հարցերու մասին, անդրադառնալով նաեւ Արեւելեան երկիրներու եւ  Ռուսիոյ միջեւ փոխյարաբերութիւններու սրման` կոչ ուղղելով ներկաներուն աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելու նշուած շրջանի խնդիրներուն:

Եռօրեայ համագումարին ընթացքին միութեան խորհուրդի ժողովը քննարկումներէ ետք ընդունեց շարք մը բանաձեւեր Պիելոռուսիոյ եւ Կիպրոսի իրավիճակին եւ կիներու իրաւունքներուն մասին, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցան շրջանային հանդիպումներ, որոնց ծիրին մէջ ՀՅԴ Երիտասարդականը մասնակցեցաւ եւրոպական կոմիտէին` իբրեւ Սեւծովեան շրջանի անդամ:

Ժողովին եզրափակիչ օրը զուգորդուեցաւ 41 տարի առաջ Արժանթինի մէջ հաստատուած ամբողջատիրական կարգերուն դէմ պայքարի ընթացքին զոհուածներու յիշատակին նուիրուած ամէնամեայ քայլարշաւի օրուան հետ, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ ժողովին  մասնակիցները:

Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Համաշխարհային խորհուրդը միութեան Համաշխարհային համագումարէն ետք հիմնական որոշում կայացնող ժողովն է, որ կը  գումարուի երկու տարին մէկ անգամ: Վերջին անգամ անիկա հիւրընկալուած էր Հայաստանի մէջ` 2015-ին:

Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար միջազգայնականի ուղեկից երիտասարդական կազմակերպութիւնն է, որուն կ՛անդամակցին աւելի քան 143 կազմակերպութիւններ աշխարհի շուրջ 100 երկիրներէ: ՀՅԴ Երիտասարդականը միութեան լիիրաւ անդամ է:

 

Նախորդը

«Թուրքիան Կ՛ուզէ Ազրպէյճանի Հետ Կովկասի Մէջ Կարեւոր Դերակատար Դառնալ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը Պիտի Ստորագրուի Նոյեմբերին

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?