ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրին եւ գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀԿՄ-ի սրահին մէջ ներկայացուեցաւ Նապաայի յատուկ ուսումնասիրութիւն-ռազմավարութիւնը:
Նման ծրագիրներու նպատակն է բնակավայրերու ծրագրաւորում կատարել եւ պատշաճ ու քաղաքակիրթ միջավայր մը տրամադրել քաղաքացիներուն:
Նապաայի վերաբերող այս ուսումնասիրութիւն-ռազմավարութիւնը ֆինանսաւորուեցաւ Իտալիոյ կառավարութեան կողմէ` Լիբանանի մէջ բարգաւաճման եւ գործակցութեան իտալական գործակալութեան միջոցով:
Ձեռնարկին ներկայ էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրի տնօրէն Թարեք Օսէյրան, ուսումնասիրութեան-ռազմավարութեան աշխատանքները ֆինանսաւորող Լիբանանի մէջ բարգաւաճման եւ գործակցութեան իտալական գործակալութեան տնօրէն Ճիանանտրէա Սանտրի, տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ՄԱԿ-ի տարբեր ծրագիրներու պատասխանատու ներկայացուցիչներ, քաղաքացիական ընկերութեան խորհուրդներ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ լրագրողներ:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Իտալիոյ քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը արտասանեց ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրի անդամ Մարիամ Նազզալ, որ ողջունեց ներկաները` ուրախութեամբ յայտնելով, թէ կատարուած ուսումնասիրութիւնը կարեւոր է եւ անիկա կը ծառայէ իբրեւ ապագայի բարգաւաճման ծրագիրներու հիմք:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն խօսքը փոխանցեց քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան, որ ողջունեց ներկաները` շեշտելով, թէ Պուրճ Համուտը ազգային գոյակցութիւն եւ համերաշխութիւն կը պատգամէ, ինչպէս նաեւ յարութեան, գոյատեւելու կամքի արժանապատիւ գործի եւ հրաշքներ գործող հաւատքի խորհրդանիշն է:
Ճ. Գրիգորեան անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, յատկապէս սուրիական տագնապին պատճառով սուրիացի տեղահանուածներու ներկայութեան եւ անոնց մատուցուելիք ծառայութիւններուն: Ան ընդգծեց քաղաքապետարանին թափած ջանքերուն ընդմէջէն տիրող ապահովութեան կարեւորութիւնը` Պուրճ Համուտի բոլոր բնակիչներուն համար, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց քաղաքացիութիւնն ու պատկանած համայնքը:
Ճ. Գրիգորեան ընդգծեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին դերակատարութիւնը` շրջանի բարեզարդման ու բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ մատուցուած ծառայութիւնները բարելաւելու իմաստով:
Ան նշեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը բարձր կը գնահատէ կատարուած ուսումնասիրութիւն-ռազմավարութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր արդիւնքները, որոնք կը համապատասխանեն քաղաքապետարանին կամքին եւ բնակարանային առումով որդեգրելիք բարգաւաճման քայլերուն:
Ճ. Գրիգորեան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով բոլորին միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` բարձրացնելու համար բնակութեան պայմաններն ու կենսամակարդակը, ինչպէս նաեւ բարելաւելու ամբողջ շրջանին ծառայութիւններն ու ենթակառոյցը:
ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրի տնօրէն Թարեք Օսէյրան անդրադարձաւ լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ գործակցութեան կարեւորութեան` հաստատելով, որ նման ուսումնասիրութիւններու եւ ռազմավարութիւններու պատրաստութիւնը անհրաժեշտ է` նախ եւ առաջ ճշդելու համար հարցերը եւ ի վերջոյ բարգաւաճման յստակ եւ միացեալ ծրագիրներու գործադրութեան ընդմէջէն լուծելու զանոնք:
Օսէյրան հաստատեց ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրի տնօրէնութեան պատրաստակամութիւնը յաւելեալ փողոցներու պարագային նաեւ գործադրելու նման ուսումնասիրութիւններ` գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին:
Լիբանանի մէջ բարգաւաճման եւ գործակցութեան իտալական գործակալութեան տնօրէն Ճիանանտրէա Սանտրի բարձր գնահատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ գործակցութիւնը` ընդգծելով, որ ՄԱԿ-ի բնակարանային ծրագիրին կողմէ Նապաայի ընտրութիւնը եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը այդ աշխատանքին մասնակից դարձնելը խիստ գնահատելի են իրենց համար:
Սանտրի հաստատեց, որ նման նախաձեռնութիւններ կարեւոր են` լուծել կարենալու համար հարցերը, ինչպէս նաեւ անմիջական, միջակ եւ երկար տեւողութեամբ ընկերային, բարգաւաճման եւ տնտեսական ծառայութիւններ մատուցելու բոլորին:
Ձեռնարկին նպատակն էր ներկայացնել այս ուսումնասիրութիւն-ռազմավարութեան արդիւնքները, այդ ծրագիրը յաջողցնելու ուղին ու փոխադարձ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ փաստաթուղթերուն կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առնել` իբրեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին տրամադրութեան տակ դրուած փաստաթուղթեր:
Նապաայի յատուկ ուսումնասիրութիւն-ռազմավարութեան մանրամասն ներկայացումը կատարեցին ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրի անդամներ Տանի Հարաքէ եւ Ռիհամ Քուաթլի:
Ներկայացումէն ետք Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան գնահատեց կատարուած հսկայ եւ բացառիկ աշխատանքը` նշելով, որ այդ ուսումնասիրութիւն-ռազմավարութեան արդիւնքները բաւական ցնցիչ դուրս եկած են:
Մ. Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս աշխատանքին յաջողութեան` ըլլան անոնք ծրագիրը գործադրող նուիրատուներ, թէ քուլիսներու ետին գործող անհատներ:
Ան նկատել տուաւ, որ քաղաքապետարանը իր ապագայ ծրագիրներուն մէջ անպայման պիտի հիմնուի այդ ուսումնասիրութեան վրայ:
Ապա Օսէյրան եւ Սանտրի Պուրճ Համուտի քաղաքապետին յանձնեցին Նապաայի յատուկ ուսումնասիրութիւն-ռազմավարութիւնը:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ապա ներկայ բազմութիւնը այցելեց Նապաայի թաղերը` ծանօթանալու համար ուսումնասիրութեան նիւթը դարձած վայրին եւ հոն տիրող բնակավայրերուն ընդհանուր վիճակին: