Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան Եւ Աղուան Վարդանեան Լրագրողներու Հետ Հանդիպումներով Եզրափակեցին ՀՅԴ Նախընտրական Քարոզարշաւը

Ապրիլ 1, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին ներկայացուց ՀՅԴ նախընտրական քարոզարշաւը: Անոր համաձայն, Դաշնակցութիւնը այն քաղաքական ուժն է, որ որեւէ վարչական լծակ չ՛օգտագործեր  ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ ազդելու համար:

«Մենք զերծ մնացած ենք գայթակղութիւններէ` որեւէ լծակ օգտագործելէ: Ժողովրդավարական ընտրութիւններ ունենալու համար լուրջ հիմքեր ստեղծուած են, հակառակ անոր, որ վարկանշային թեկնածուներու մեծ թիւը եւ, առհասարակ, վարկանշային ընտրակարգը մեր սրտով չէր: Ասիկա փոխհամաձայնութեան արդիւնք էր, բայց կ՛ըսենք, որ բարձր մակարդակի ընտրութիւններ ունենալու տարբերակը քիչ մը նսեմացուած է այս ընտրակարգով», ըսաւ Ռուստամեան` աւելցնելով, որ իրենք նպատակ դրած են ժողովուրդին բացատրել, որ կարելի չէ  գերդաստանային կապերու միջոցով ընտրութիւններու երթալ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ ՀՅԴ-ն պիտի պայքարի՞  վարկանշային ընտրակարգին դէմ, եւ այս առնչութեամբ ՀՀԿ-ին հետ քննարկումներ պիտի ըլլա՞ն, ան պատասխանեց, որ այդ ընտրակարգին դէմ են նաեւ այլ քաղաքական ուժեր:

Անոր համաձայն, ստեղծուած է իրավիճակ մը, որ իշխանութեան վերարտադրութիւն չըլլայ: «Իշխանութիւններու վերարտադրութեան համար երկու հիմք կար` մեծամասնական ընտրակարգը, բացականերու, ուրիշներու փոխարէն քուէարկութիւնները, որոնք սնտուկները լեցնելու, կեղծումներ կատարելու կարելիութիւններ կու տային, եւ ասիկա կը հասցնէ ուռճացուած թիւ ունենալու: Այս ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ շատ աւելի քիչ, որովհետեւ ուրիշներու  փոխարէն քուէարկութիւն պիտի չըլլայ: Մենք այդ երկու կարելիութիւններէն զրկած ենք իշխանութիւնները», ըսաւ Ռուստամեան:

Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, քաղաքական բանտարկեալ ըլլալու համար պէտք է հինգ չափորոշիչի համապատասխանել: Պատասխանելով լրագրողներու հարցումին` Օսկանեան-Րաֆֆի-Օհանեան դաշինքի համակիր Սամուէլ Բաբայեանի ձերբակալութիւնը շատերը կը տեսնեն քաղաքական դրդապատճառ, Դաշնակցութիւնը ինչպէ՞ս կը գնահատէ նախընտրական շրջանին նման ձերբակալութիւններն ու իրադարձութիւնները, յատկապէս, որ ՀՅԴ-ն ոչ կանուխ անցեալին ունեցած է ձերբակալութիւններու փորձ, ան ըսաւ. «Մեզի հետ շատ աւելի տխուր փորձ եղած է, կուսակցութիւն փակուած է: Եթէ ինչ որ անձ յանցագործութիւն կը կատարէ եւ եթէ կատարած է նախընտրական փուլին, ուրեմն այդ յանցագործութեան դէմ որեւէ քայլ պէտք չէ՞ կատարուի, ան պէտք չէ՞ պատժուի: Մերը յստակ քաղաքական էր, որովհետեւ փակուեցաւ կուսակցութիւնը: Եթէ յանցագործութիւն կը  կատարուի, ժամանակահատուածը կապ չունի, պէտք է պատժուի, ո՛վ ալ ըլլայ անիկա»:

Ռուստամեանի համաձայն, Սամուէլ Բաբայեանը իրենք ճանչցած են լաւագոյն յատկանիշներով` ազատագրական պայքարի ժամանակ:

«Կը ցաւիմ, որ անոր անունը այս պատմութեան մէջ կայ, բայց քանի օրէնքով ուժի մէջ մտած դատավճիռ չկայ, մենք պարտաւոր ենք առաջնորդուիլ անմեղութեան կանխավարկածով: Բայց ես չեմ բացառեր® Կ՛ըսեն, որ առանց կրակի ծուխ չկայ, եւ քանի քննութեան տուեալները չկան, անոնց մասին խօսիլը անլուրջ է», նշեց ան:

Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ նաեւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ` ղարաբաղեան տագնապի լուծման առնչուող թեզերուն: «Այս բոլորին մէջ` իբրեւ դրական կողմ, կը տեսնեմ այն, որ մենք ամբողջ աշխարհին կը ներկայանանք իբրեւ քաղաքակիրթ ժողովուրդ, հանդուրժող հասարակութիւն ունեցող պետութիւն, ուր  կարելի է ազատ քննարկումներ իրականացնել, ինչպէս որ կ՛իրականացնէ Հայ ազգային քոնկրեսը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ տպաւորութիւն կայ, որ վերոնշեալ քաղաքական ուժը կ՛իրականացնէ Ազրպէյճանի քարոզչութիւնը:

«Կայ քաղաքական ուժ, որ Ազրպէյճանի քարոզիչը դարձած է, որովհետեւ այն, ինչ որ կ՛ըսեն անոնք, դուք ուղղակի կը լսէք նաեւ պաշտօնական Պաքուէն», նշեց Ռուստամեան:

Ռուստամեան համոզուած է, որ այդ առաջարկը կործանարար է:

Անոր բնորոշումով` Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր կեանքի նպատակը  դարձուցած է մեզի պարտադրել բոլորովին այլ հայեցակարգ մը, որ չի համատեղուիր Ղարաբաղի ժողովուրդի պատկերացումներուն հետ:

Ռուստամեան նշեց նաեւ, որ մատրիտեան սկզբունքները կը ներառեն կարեւոր տարրեր, որոնց մասին Լեւոն Տէր Պետրոսեան ցանկութիւն չունի խօսելու: «Այդտեղ կարգավիճակի լուծման ձեւ կայ, անոր  ժամանակ այդ լուծումը չկար, կար փուլային տարբերակ, որ ամէն ինչ յանձնենք, յետոյ անդրադառնանք կարգավիճակի հարցին: «Տարածքներ կարգավիճակի դիմաց» սկզբունքը կ՛ենթադրէ կարգավիճակի ճշդում, յետոյ տարածքներու յանձնում, իսկ անոնք հակառակը կ՛ըսեն», ըսաւ ան:

Արձագանգելով այն դիտարկումին, որ եթէ այս փաստաթուղթը չստորագրուի, մեզի պիտի առաջարկուի աւելի վատ պայմաններով փաստաթուղթ, Ռուստամեան ըսաւ. «Պատերազմի մէջ գտնուող երկրի մը մէջ այսպիսի ուժերը ջլատող քարոզչութիւն իրականացնել ինչպէ՞ս կարելի է: Ան կ՛ըսէ այն, ինչ որ կ՛ըսէ Ազրպէյճանը»:

Անոր խօսքով` Եւրոպական խորհուրդի իր գործընկերներու բերանէն նոյն բանը կը լսէ, բայց չէր ուզեր նոյն շարքին տեսնել նաեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը:

Աղուան Վարդանեան

Իր կարգին, երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան` եզրափակելով ՀՅԴ նախընտրական քարոզարշաւը:

Ան նախ անդրադարձաւ ՀՅԴ կարգախօսին եւ պաստառներուն` ըսելով, որ անոնք որակապէս եւ ճաշակով կը տարբերին միւսներէն:

«Ինչու ասիկա կը շեշտեմ, որովհետեւ գործ ունինք մարդոց հետ, եւ եթէ  քաղաքական ուժ ես, ժողովուրդին մաս կը կազմես, պէտք է ճաշակաւոր բան մը տաս մարդոց», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

Ան ընդգծեց, որ ՀՅԴ քարոզչական պաստառներուն վրայ անձ չկայ, մարդու դէմք չկայ, ինչ որ իւրայատուկ կը դարձնէ ՀՅԴ-ն` այլ քաղաքական ուժերէ: Վարդանեանի համաձայն, ՀՅԴ-ն փորձեց իր քարոզչութիւնը իրականացնել առաւելագոյն չափով` հանրապետութեան ամբողջ տարածքը ներառելով: Տասնեակ վայրերու մէջ բազմահազար համակիրներով հանրահաւաքներ տեղի ունեցան, ՀՅԴ-ն ներկայացաւ իր ծանրակշիռ խումբով` Հրանդ Մարգարեան, Արմէն Ռուստամեան, Աղուան Վարդանեան, Դաւիթ Լոքեան, Արմենուհի Կիւրեղեան, Լեւոն Մկրտչեան, Արծուիկ Մինասեան, Ռուզաննա Առաքելեան, Սպարտակ Սէյրանեան, Միքայէլ Մանուկեան, Արտաւազդ Սահակեան, Արսէն Համբարձումեան, Կիրօ Մանոյեան:

Խօսելով ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրին մասին` Աղուան Վարդանեան  նշեց, որ անոր մէջ ամփոփուած են այսօրուան մեր պետականութեան առանցքային օրակարգային բոլոր հարցերը: Ի դէպ, անոնց հիմնական մասը այսօր դարձած է պետական քաղաքականութեան առանցք, ինչ որ  շատ էական է, ըստ Վարդանեանի:

«Մենք մեր նախընտրական քարոզարշաւին ժամանակ ամբոխավարութիւն երբեք չենք ըրած, չենք փորձած մարդիկը սիրաշահիլ` զուտ ձայն ստանալու համար, եւ մեր քաղաքական օրակարգը այսօրուան մեր պետականութեան օրակարգն է: Բացի մեր կեդրոնական ընտրական գրասենեակէն, գործած են 13 տարածքային գրասենեակներ, ըստ 13 ընտրատարածքներու, եւ իւրաքանչիւր ընտրատարածք ունէր իր քարոզչական ծրագիրը: Իրականացուած են հարիւրաւոր հանդիպումներ», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

Ինչ կը վերաբերի վարկանշային թեկնածուներուն, Աղուան Վարդանեան մեծ գոհունակութեամբ նշեց, որ ամէն ընտրատարածքի մէջ առաջադրուած են 4-5 իսկապէս կայացած, իրենց մասնագիտութեան մարզին մէջ հեղինակութիւն ունեցող, արհեստավարժ վարկանշային թեկնածուներ:

«Մեր վարկանշային թեկնածուներուն 28 առ հարիւրը անկուսակցականներ էին, որոնք ընտրութիւն կատարած են մինչեւ քարոզարշաւը եւ Դաշնակցութեան կողքին կանգնած են: Շատերուն դուք կը ճանչնաք, անոնք յայտնի մարդիկ են», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

Անոր համաձայն, միւս քաղաքական ուժերուն նախընտրական քարոզչութիւնը կառուցուած էր հիմնականին մէջ մէկ անձի շուրջ, իսկ եթէ դաշինք էին, ապա 3, 4 կամ 5 անձի շուրջ: Իսկ Դաշնակցութիւնը յատուկ էր նաեւ այդ իմաստով, որ նախընտրական քարոզարշաւը կառուցուած եղած է ոչ թէ մէկ կամ քանի մը անձերու, այլ խումբի եւ գաղափարներու շուրջ:

Աղուան Վարդանեանի համոզումով` Հայաստանի քաղաքացիները ե՛ւ  պատճառ, ե՛ւ իրաւունք ունին երկրի ապագային նայելու լաւատեսութեամբ, յոյսով, վստահութեամբ, որ կրնայ երկիրը դարձնել զարգացող, կազմակերպուած, ուժեղ երկիր: «Յոյս ունիմ, որ մեր քաղաքացիներուն գերակշիռ մասը յուսահատութիւնը, յուսալքութիւնը, անվստահութիւնը այս անգամ պէտք է փորձէ թօթափել` հաւատալով, որ կրնայ երկրին մէջ բան մը փոխել», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Լուծման Վերաբերեալ Ոչ Մէկ «Լաւրովի Ծրագիր» Գոյութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարը Կ՛աւետէ Ելեկտրածին Շարժակներու «Գործէ Արձակումն» Ու Ելեկտրականութեան Սակերու Նուազումը

RelatedPosts

Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքը  Երկարաձգուեցաւ Եւս Երեք Ամիսով
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքը Երկարաձգուեցաւ Եւս Երեք Ամիսով

Նոյեմբեր 14, 2025
Հայ Դատը Շարք Մը Այլ Կազմակերպութիւններու Հետ  Կ՛ընդդիմանայ Կազայի Ապահովական Ուժին`  Ազրպէյճանի Անդամակցութեան
Հայկական

Հայ Դատը Շարք Մը Այլ Կազմակերպութիւններու Հետ Կ՛ընդդիմանայ Կազայի Ապահովական Ուժին` Ազրպէյճանի Անդամակցութեան

Նոյեմբեր 14, 2025
Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը
Հայկական

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը Հայաստանում Նախատեսուած «Աղօթքի Նախաճաշի» Վերաբերեալ

Նոյեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?