Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ  Միջին Արեւելեան Հարցերու  Պատասխանատու Վ. Պրուլհարթի Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Միջին Արեւելեան Հարցերու Պատասխանատու Վ. Պրուլհարթի Հետ

Երեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2017-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վ. Պրուլհարթի հետ: Վերջինս Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի պատասխանատուն էր, իսկ այժմ ան Զուիցերիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարն է եւ Միջին Արեւելքի հարցերու կարգին Սուրիոյ առնչուած հարցերու գծով կը գործակցի ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Տը Միսթուրայի հետ: Յայտնենք նաեւ, որ Պրուլհարթ միաժամանակ զուիցերիական կառավարութեան կողմէ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն. Խորհրդաժողով` Նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 26-ամեակին

«Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 26-ամեակի կապակցութեամբ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, այլ միջոցառումների շարքում, կազմակերպել էր խորհրդաժողով: Խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ սեպտեմբերի 4-ին, Երեւանում, «Հակառակորդի ռազմաքաղաքական մարտավարութիւնն ու մեր անելիքները» խորագրի ներքոյ: Խորհրդաժողովին հրաւիրուած էին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանականներ, կառավարութիւնների անդամներ, կուսակցական գործիչներ, մտաւորականներ, վերլուծաբաններ, փորձագէտներ, լրագրողներ եւ ուրիշներ: Խորհրդաժողովը սկսուեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ  Մարգարեանի բացման խօսքով: Իր խօսքում ՀՅԴ Բիւրոյի...

Չինաստան 1 Միլիոն 540 Հազար Տոլարի  Զինուորական Օժանդակութիւն  Կը Մատուցէ Հայաստանին

Չինաստան 1 Միլիոն 540 Հազար Տոլարի Զինուորական Օժանդակութիւն Կը Մատուցէ Հայաստանին

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Չինաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին  Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան 4 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար Չան Վանցեուանի հետ: Նախարար Վիգէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Չինաստանին` տարիներ շարունակ Հայաստանի պաշտպանական մարզին մէջ անհատոյց օգնութիւն տրամադրելու համար: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին գնահատումով` ատիկա հայ-չինական բարեկամական յարաբերութիւններու վկայութիւններէն...

Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի  Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հետ

Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հետ

«Հայոց աշխարհ» օրաթերթէն Արմինէ Սիմոնեան հարցազրոյց մը ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ՀՅԴ-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած «Հակառակորդի ռազմաքաղաքական մարտավարութիւնն ու մեր ընելիքները» խորհրդաժողովին, այդ կարգախօսի նշանակութեան, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին, յատկապէս Դաշնակցութեան տեսակէտին` տագնապի լուծման եւ ընդհանրապէս Արցախի Հանրապետութեան առնչութեամբ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ՕԹԱՆ-ի կազմակերպութեամբ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած...

Նախարար Յակոբեան. «Հայաստան – Սփիւռք  6-րդ Համաժողովը Պիտի Տարբերի Նախորդներէն»

Նախարար Յակոբեան. «Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ Համաժողովը Պիտի Տարբերի Նախորդներէն»

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ  18-էն 20 սեպտեմբեր 2017-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով` Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համահայակական համաժողովը: «Երկիր»-ի փոխանցումով նախարարը ըսած է. «Համաժողովը նախատեսուած է իրականացնել Մայիսեան յաղթական հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակի, ինչպէս նաեւ Էրեբունի-երեւանի 2800-ամեակի նախաշեմին»: Նախարարին համաձայն, այս պահուն 70 երկիրներէ 1400...

ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Խորհրդաժողով.  Միջին Արեւելքի Մէջ Հայութեան  Եւ Հայ Դատին Վերաբերող Տարբեր Հարցերու  Եւ Մարտահրաւէրներու Օգտաշատ Քննարկում

ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Խորհրդաժողով. Միջին Արեւելքի Մէջ Հայութեան Եւ Հայ Դատին Վերաբերող Տարբեր Հարցերու Եւ Մարտահրաւէրներու Օգտաշատ Քննարկում

Շաբաթ 2 եւ կիրակի 3 սեպտեմբերին  «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ  Միջին Արեւելքի Հայ դատի խորհրդաժողովը: Սոյն խորհրդաժողովը  կ՛իյնար շրջագիծին մէջ խորհրդակցական այն հանդիպումներուն, որոնք հերթաբար տեղի կ'ունենան տարածաշրջանային մակարդակի վրայ` քննարկելու համար տուեալ տարածաշրջանին մէջ Հայ դատի գրասենեակներուն ու տեղական յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքները եւ ուղենշելու ապագայ ընելիքները: Շաբաթ առաւօտեան ժամը 9:30-ին ՀՅԴ Բիւրոյի անունով խորհրդաժողովին բացումը կատարեց ՀՅԴ...

«Նրանք Նկարում Էին Պատերազմը» Ժողովածուն  Կազմողները Այցելեցին «Ազդակ»

«Նրանք Նկարում Էին Պատերազմը» Ժողովածուն Կազմողները Այցելեցին «Ազդակ»

Երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ»-ի հիւրերն էին «Նրանք նկարում էին պատերազմը» հրատարակութեան համահեղինակներ Ռուզան Բագրատունեան եւ Անահիտ Յարութիւնեան: Հայրենի հիւրերուն կ՛ընկերանար Զարթօնք օրաթերթի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան: Հրատարակութիւնը կը վերաբերի արցախեան պատերազմը տեսագրած-վաւերագրած մասնագէտ նկարահանողներուն: Հրատարակութեան կ՛ընկերակցի նաեւ խտասալիկ, որ կ՛ընդգրկէ 19 վաւերագրողներու նկարահանումներէն հատուածներ: Բնականաբար նման հրատարակութիւն մը եւ անոր հետ նաեւ պատերազմի նկարահանումները ունին ժամանակակից քաղաքական նշանակութիւն, յատկապէս երբ հակառակորդը տենդագին...

Ակնարկ.  Թէ՛ Թէ՛-ն Նաեւ Ռազմաքաղաքական  Ոլորտին Մէջ

Ակնարկ. Թէ՛ Թէ՛-ն Նաեւ Ռազմաքաղաքական Ոլորտին Մէջ

Անդրադառնալով Վրաստանի մէջ Agile Spirit 2017 բազմազգ ռազմափորձերուն Հայաստանի չմասնակցելուն` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը նշած է, որ Հայաստան պաշտօնապէս չէ յայտարարած, որ պիտի մասնակցի ռազմափորձերուն. «Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը եւ ընդհանուր անվտանգային համակարգը ՀԱՊԿ համակարգում ունի շատ կարեւոր դերակատարութիւն եւ ՀԱՊԿ-ի դերակատարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգային համակարգին համար կարեւոր եւ առանցքային նշանակութիւն ունի: Գաղտնիք չէ, որ...

Բացուեցաւ Վարդենիս – Մարտակերտ Մայրուղին`  Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութիւններու  Նախագահներուն Ներկայութեան

Բացուեցաւ Վարդենիս – Մարտակերտ Մայրուղին` Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութիւններու Նախագահներուն Ներկայութեան

Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 1 սեպտեմբերին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ ներկայ գտնուեցաւ Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի բացման արարողութեան: Մայրուղին կառուցուած է համայն հայութեան նուիրատուութիւններով` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ 2013 եւ 2014 թուականներու թելեթոններուն ընթացքին հաւաքուած եւ Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւններուն աջակցութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: Նախագահներ...

Արցախի Անկախութեան  26-ամեակին Առիթով  114 Նորագիրներ Համալրեցին  Դաշնակցութեան Շարքերը

Արցախի Անկախութեան 26-ամեակին Առիթով 114 Նորագիրներ Համալրեցին Դաշնակցութեան Շարքերը

2 սեպտեմբերին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ տեղի ունեցան Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 26-ամեակին նուիրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպած ոգեկոչման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Դաշնակցութեան շարքերուն միացան 114 նորագիր երիտասարդներ: Նախ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը` ի յիշատակ պանթէոնին մէջ ամփոփուած հայորդիներուն, որոնց կեանքին գնով այսօր ունինք անկախ ու ազատագրուած հայրենիք: Հայկական երկու հանրապետութիւններու քայլերգներէն ետք, որոնք հնչեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին կողմէ, բացման խօսքով հանդէս...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

2-3 սեպտեմբեր 2017-ին‚ՀՅԴ Լիբանանի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր շրջաններու տարած աշխատանքը‚ դիմագրաւած հարցերն ու կարիքները եւ շեշտուեցաւ աշխատանքներու այժմէականացման, առաւել թիրախաւորման ու յաւելեալ համակարգման անհրաժեշտութիւնը: Երկօրեայ խորհրդաժողովին մասնակիցները քննարկեցին Հայաստանի, Արցախի եւ ջաւախահայութեան վերաբերող քաղաքական ու քարոզչական դաշտը եւ կազմեցին աշխատանքային ծրագիր: ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերը...

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Խորհրդաժողովին Առիթով Զեկուցական Հանդիպում`  «Հայ Դատի Մարզերը Եւ Մարտահրաւէրները» Նիւթով

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Խորհրդաժողովին Առիթով Զեկուցական Հանդիպում` «Հայ Դատի Մարզերը Եւ Մարտահրաւէրները» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին եւ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 4 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական հանդիպում` «Հայ դատի մարզերը եւ մարտահրաւէրները» նիւթով: Զեկուցաբերներն էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ. Թեհրանէն` ՀՅԴ Բիւրոյի Թրքական...

Հարցազրոյց` «Հայ Դատի Գլխաւոր Մարտահրաւէրները Այսօր» Նիւթով

Հարցազրոյց` «Հայ Դատի Գլխաւոր Մարտահրաւէրները Այսօր» Նիւթով

«Վանայ ձայն»-ի, «Ազդակ»-ի եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի հետ կատարուած միացեալ հարցազրոյցով մը, երէկ` երկուշաբթի, 4 սեպտեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ Հայ դատի դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրներուն: Հարցազրոյցին սկիզբը, ան ընդանուր արժեւորումը կատարեց շաբաթավերջին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած` Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովին եւ հոն արծարծուած գլխաւոր նիւթերուն: Ապա, Հայ դատի...

Խմբագրական.   Չբարձրաձայնուող, Սակայն Առկայ Տարրը (Արցախի Հանրապետութեան Հիմնադրման 27-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Չբարձրաձայնուող, Սակայն Առկայ Տարրը (Արցախի Հանրապետութեան Հիմնադրման 27-ամեակին Առիթով)

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան նշումին արդիական հնչեղութիւն տալու առումով քաղաքական հրապարակագրութիւնը անպայման աշխարհաքաղաքական ներկայ իրադարձութիւններու, գերտէրութիւններու միջեւ ելեւէջային յարաբերութիւններու լոյսին ներքոյ կը քննարկէ հետագայ հաւանական ընթացքներու հունաւորման միտումները։ Այլ տարածաշրջանի մէջ կը թուի, որ լուռ, չբացայայտուած, այսուհանդերձ ինքզինք զգալի դարձնող համաձայնութիւներու, պատերազմական սահմանափակ գործողութիւններու եւ ընդհանրապէս իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու զինուորաքաղաքական մօտեցումները կը շարունակեն կիրարկուիլ։ Արցախի պարագային գոյավիճակը փոխելու աշխարհաքաղաքական որոշումի...

Չինարիի Մէջ Ազրպէյճան Կրակ Բացած Է  ԵԱՀԿ-ի Դիտորդներուն Ուղղութեամբ

Չինարիի Մէջ Ազրպէյճան Կրակ Բացած Է ԵԱՀԿ-ի Դիտորդներուն Ուղղութեամբ

Երէկ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին իրականացուած ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան դիտարկման ընթացքին, թշնամիի զինուած ուժերը խախտած են զինադադարը: «Ազրպէյճանի զինուած ուժերը կրակ բացած են ԵԱՀԿ-ի դիտարկման ժամանակ», «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան: Դիտարկումը տեղի ունեցած է Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղին ուղղութեամբ: «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին պաշտպանութեան նախարարութեան  մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան նշած...

Արթուր Աղաբեկեան Ստացաւ  «Արցախի Հերոս»-ի Կոչում

Արթուր Աղաբեկեան Ստացաւ «Արցախի Հերոս»-ի Կոչում

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձին առիթով  31 օգոստոսին նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է  պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն: Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանով, ՀՅԴ-ի անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու  պետական եւ զինուորական գործիչ, զօրավար-գնդապետ Արթուր Աղաբեկեանին տրուած է «Արցախի հերոս» Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն կոչում եւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշան` պաշտպանութեան կազմակերպման մէջ հայրենիքին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն, ցուցաբերած քաջութեան ու արիութեան համար:...

Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան  Սփիւռքի Նախարարին Կից  Հասարակական Խորհուրդի Նիստը

Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարին Կից Հասարակական Խորհուրդի Նիստը

31 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին կից հասարակական խորհուրդի հերթական նիստը` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ: Խորհուրդի նիստին իբրեւ անդամ կը մասնակցէր նաեւ «Ազդակ»-ի տնօրէնը: Նիստին ընթացքին ներկայացուեցան կարգ մը զեկուցումներ: «Հայ համայնքներու կրթական-մշակութային խնդիրներու լուծման ուղղուած ծրագիրներ» նիւթին մասին զեկուցեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի  ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանը: Սփիւռքի նախարարութեան «Տեղեկատուական եւ ուսուցողական կայքերու մշակման եւ սպասարկման ծառայութիւններ»...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան  «Ազդակ»-ի Բազմաշերտ Աշխատանքներուն

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան «Ազդակ»-ի Բազմաշերտ Աշխատանքներուն

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրը կը շարունակուի: Հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ Կալի Աւագեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Հուրի Հալէպլեան, Նանար Մինասեան, Նարեկ Քէշիշեան, Գոհար Եագուպեան, Սիլվի Սէրայտարեան, Ալիսիա Իշխանեան, Լորի Գորէսեան, Նանի Գալուստեան, Արենի Խաչատուրեան եւ Քրիստ Իսկէնտէրեան, որոնք կը մասնակցին «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին, երէկ երեկոյեան ժամը 5:15-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ ծանօթացան «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն: Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին գործադրութեան...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հասած Է Արցախ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հասած Է Արցախ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 30 օգոստոսին Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ դիմաւորած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն ծիրին մէջ Արցախ հասած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Պաշտպանութեան Եւ Զինուորական Ծառայութեան  Վերաբերող Օրէնքի Նախագիծերու Ներկայացում

Պաշտպանութեան Եւ Զինուորական Ծառայութեան Վերաբերող Օրէնքի Նախագիծերու Ներկայացում

Հայաստանի նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 օգոստոսին հրաւիրած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի, որուն ընթացքին քննարկուած են «Պաշտպանութեան մասին» եւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» Հայաստանի օրէնքներու նախագիծերը: Նիստին սկիզբը ընդգծելով, որ այդ թուականէն կը սկսի սահմանադրական փոփոխութիւններով պայմանաւորուած կարեւորագոյն օրինագիծերու քննարկումներու շարքը, նախագահ Սարգսեան նշած է, որ օրակարգին վրայ ներառուած նախագիծերուն մէջ տակաւին կան բազմաթիւ...

Page 609 of 796 1 … 608 609 610 … 796

Արխիւներ