22 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական ընկերակցութեան կեդրոնական մարմինի եւ մասնագիտական յանձնախումբերու վեհաժողովին պաշտօնական բացումը:
Վեհաժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ 23 հոկտեմբերին:
Սոյն ժողովին Սուրիան կը ներկայացնէր Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, որ արաբերէնով խօսք առնելով ներկայացուց Սուրիոյ իրավիճակը:
Արտասանուած խօսքերը տեղւոյն վրայ կը թարգմանուէին չորս լեզուներու:
Ռէյիսեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ Սուրիոյ տագնապի հրահրման ու երկրին քանդումին մէջ Թուրքիոյ ունեցած դերին վրայ` դիտել տալով, որ միջազգային ընտանիքը 100 տարի առաջ նոյն բարբարոսներուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտելու համար գործի չանցաւ, նոյնիսկ խօսքը զլացաւ: Ահա թէ ինչու Թուրքիա, նախորդ տարիներուն, նոյնանման ոճիրներ գործելու յանդգնութիւնը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ` անտեսելով միջազգային բոլոր օրէնքներն ու ՄԱԿ-ի որոշումները: Ան աւելցնելով ըսաւ, որ եթէ կարկինը լայն բանանք, նոյն ոճիրներուն կրկնութիւնը, նոյն ոճով ու անմարդկայնութեամբ պիտի տեսնենք նաեւ Արցախի սահմաններուն վրայ, Սումկայիթի եւ այլ վայրերու մէջ, այս անգամ` Ազրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած:
Վերադառնալով Սուրիոյ իրավիճակին` Ռէյիսեան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է հաշիւ պահանջել Թուրքիայէն, որպէսզի նման սպանդներ այլ երկիրներու մէջ ալ չկրկնուին:
Այնուհետեւ Կիպրոսի ներկայացուցիչը երկրորդելով Ռէյիսեանի ըսածները դիտել տուաւ, որ Կիպրոսի հարցը եւս Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն պատճառով յառաջացաւ եւ ժողովին առաջարկեց կոչ ուղղել միջազգային ընտանիքին` դատապարտելու Թուրքիան. առաջարկը կրկնեցին նաեւ Յունաստանի, Հայաստանի եւ Ալպանիոյ ներկայացուցիչները:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Արտաշէս Գեղամեան յայտնեց, որ բաւական է միջազգային գրականութեան ակնառու ներկայացուցիչներէն Վիքթոր Հիւկոյի «Հոսկէ թուրքերը անցան» խօսքը վերյիշել եւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ վերաբերմունքը առ այսօր նոյնն է: Ան նկատել տուաւ, որ Ռէյիսեան կրնար անդրադառնալ նաեւ հայկական եկեղեցիներուն նկատմամբ Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն: Վերոյիշեալ երկիրներու ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ անհրաժեշտ է գործնական պատիժներ սահմանել Թուրքիոյ դէմ, որպէսզի կարելի ըլլայ զսպել պատմութենէն եկող ու մեր օրերուն շարունակուող անոր ոճրային վարքագիծը: