ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ չի կարծեր, թէ հոկտեմբեր 27-ի դէպքին մանրամասնութիւններն ու ծալքերը ամբողջութեամբ բացայայտուած են: «Հասարակութեան մէջ մնացած է այն տպաւորութիւնը, որ լիարժէք ձեւով չէ բացայայտուած, եւ ասիկա արդէն 18-րդ տարին է, որ մեզի կ’ընկերակցի այս դէպքը: Վստահաբար, այսպիսի դէպքերը միեւնոյն ձեւով չեն ընկալուիր, բայց ես, նաեւ հետեւելով 18 տարիներու կշռոյթին, կը նկատեմ, որ ծայրայեղ վարկածներ չեն հնչեր այսօր», յայտնած է ան:
Ըստ պատգամաւորին, կայ խաւ մը, որ բաւարարուած չէ, եւ ասիկա կը նշանակէ, որ 18 տարուան այդ բեռը, այդ դէպքերուն պատճառած զգացական վիճակը տակաւին մեզի հետ է: Ռուստամեան նաեւ չէ բացառած այն հաւանականութիւնը, որ արտաքին միջամտութիւն կատարուած է հոկտեմբեր 27-ին: «Ես միշտ կ’ըսեմ, որ ոչ մէկ բան կարելի է բացառել, որովհետեւ եթէ քրէական գործին առնչուած որեւէ բան կը բացառես, այդ կը նշանակէ, թէ լաւապէս կը տիրապետես բոլոր նրբերանգներուն: Քանի ամբողջութեամբ չէ բացայայտուած եւ ամբողջական համոզում չկայ տակաւին, ես որեւէ նման վարկած չեմ կրնար բացառել», ընդգծած է պատգամաւորը:
Արմէն Ռուստամեան հաստատած է, որ պարզ է, թէ հոկտեմբեր 27-ի դէպքը շահաւէտ էր մեր երկրի թշնամիներուն: Միեւնոյն ժամանակ, արտաքին ուժերէն Ռուսիոյ միջամտութիւնը կը բացառէ: «Հայաստանի թշնամին Ռուսիան չէ: Այդ վարկածներէն գոնէ զերծ մնանք, շատ ծայրայեղ վարկածներ գոնէ այսօր չեն քննարկուիր, բայց ես չեմ բացառեր, որ արտաքին ուժերու մասնակցութիւնը առկայ ըլլայ», նշած է ան:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ խորհրդարանի նախագահ Արա Բաբլոյեան յայտարարած է, որ Հայաստանի զարգացման յառաջընթացին վրայ հոկտեմբեր 27-ի դէպքին ազդեցութիւնը էական չէ, Ռուստամեան ըսած է. «Ես կը կարծեմ, թէ ատիկա մեծ հարուած էր Հայաստանին, երկար ժամանակ պահանջուեցաւ, որպէսզի ապաքինինք, ոտքի կանգնինք, ատիկա պատճառ դարձաւ, որ ուշանայ մեր երկրին զարգացումն ալ, մնացած բոլոր ծրագիրներն ալ»:
Անոր համաձայն, այդ օրերուն առնուազն երկու անձի շուրջ կար համախմբում, ատիկա ակնյայտ էր: «Այդ վստահութեան արդիւնքն էր, որ ոեւէ մէկը կասկածի տակ չէր դներ ընտրութիւնները: Բոլորը կ’ընդունին այդ դաշինքին իշխանութիւնը, ասիկա մեծ հարթակ է, որուն վրայ կարելի էր մեծ հեռանկարային ծրագիրներ կառուցել, իրավիճակի սթափ գնահատական կար` երկիրը կը գտնուէր ծանր ճգնաժամային վիճակի մէջ, եւ այդ իրավիճակը փոխելու մարտահրաւէր կար», յայտնած է ան:
Ռուստամեանի կարծիքով, եթէ այդ խումբը մնար, այդ համախմբուածութիւնը մնար, անպայման իր դրական արդիւնքները պիտի տար, իսկ մեր զարգացման ընթացքը ուշացաւ: