Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Աւանդական Տոհմիկ Օրը` Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ

Հոկտեմբեր 30, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, նախագահութեամբ Ոսկի Կերեքմեզեանի, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերուն եւ «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցին, շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական ու տոհմիկ օր:

Տոհմիկ օրուան բացումը կատարեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, օրուան նախագահ Ոսկի Կերեքմեզեան, ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեանն ու վարչական անդամները:  Այս առիթով ողջոյնի խօսք արտասանեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին սովորութեան վերածուած այս օրուան յաջողութեան: Ան դիտել տուաւ, որ հայկական ճաշերն ու անուշեղէնները ունին իրենց իւրայատկութիւնը, զոր պէտք է պահպանել եւ փոխանցել յառաջիկայ սերունդներուն, որովհետեւ այդ բոլորը մաս կը կազմեն հայկական կեանքին, առօրեային եւ կենցաղին: Ան հաստատեց, որ ԼՕԽ-ը` հաւատարիմ իր առաքելութեան, նման նախաձեռնութիւններով կը փորձէ ո՛չ միայն հայութեան, այլ նաեւ օտարներուն հասանելի դարձնել հայկական աւանդութիւններն ու տոհմիկ սովորութիւնները` այն համոզումով,  որ ազգային առանձնայատկութիւններու պահպանումը մաս կը կազմէ հայապահպանման:

Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ ձեռարուեստի կեդրոնէն յիշատակի նուէր մը յանձնուեցաւ Ոսկի Կերեքմեզեանին:

Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ վաճառքի դրուած էին ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան», «Նայիրի», «Գայեանէ», «Ա. Ազիրեան», «Անի», «Աշխէն», «Կարինէ», «Շուշանիկ», «Արագած», «Հ. Սասունի», «Ռուպինա», «Աղթամար » եւ «Հայաշէն» մասնաճիւղերուն կողմէ պատրաստուած հայկական աւանդական ուտելիքներ, համեղ ճաշեր եւ անուշեղէններ, նաեւ` ԼՕԽ-ի «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցի պատրաստութիւնները:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, հրապարակին վրայ հնչեց հայ երգը, եւ ներկաները խանդավառ մթնոլորտի մէջ պար բռնեցին:

ԼՕԽ-ի գործունէութեան լայն ու բազմաբնոյթ դաշտին մաս կազմող այս նախաձեռնութիւնը առիթ է Պուրճ Համուտի` լիբանանահայութեան սրտին վրայ համախմբելու հայերն ու օտարները, հայկական մթնոլորտ ստեղծելու, ինչպէս նաեւ ասկէ գոյացած հասոյթով ժողովուրդին կարիքները հոգալու:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի, «Վանայ Ձայն»-ի Եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի Միացեալ Հարցազրոյցը Զարմինէ Զէյթունցեանի Եւ Արա Խզմալեանի Հետ

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Կիրակնօրեայ Տօնավաճառ` Գործակցաբար ՄԱԿ-ի Բնակչութեան Հիմնադրամին Եւ RET Կազմակերպութեան

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?