Քանատայի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Հանդիպումներ Ունեցած Է Հայաստանի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներուն Հետ
28 օգոստոսին Երեւան հասած է Քանատայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, որուն ղեկավարն է «Մէկ ազատ աշխարհ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Մաժետ Շաֆին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Քանատայի խորհրդարանի ստորին պալատի Պահպանողական կուսակցութեան երեսփոխաններ Ռաքել Հարտըրը եւ Թոնի Քլեմընտը: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցի Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթաուայի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պելեան: 29 օգոստոսին պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին, արտաքին գործոց...




















