Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրի Հիմքը Ընդունուած Նոր Սահմանադրութիւնն Է»

October 31, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դաշնակցութիւնը չունի ու չէ ունեցած կասկածներ, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը պիտի չստորագրուի:  «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի վերջոյ նոյեմբերին պիտի ստորագրուի՞ այս փաստաթուղթը, թէ՞ ոչ:

«Մենք լիայոյս ենք, որ անիկա պիտի ստորագրուի: Առայժմ որեւէ խոչընդոտ չենք տեսներ, եթէ ներսը որեւէ խոչընդոտ չփորձենք հրահրել: Կը կարծեմ, որ յստակ է` հրապարակուած համաձայնագիրը չի խանգարեր, անհամատեղելի չէ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ: Բնագիրը հրապարակայնացնելէ ետք աւելի ակնյայտ դարձաւ, որ «կամ-կամ»-ի վիճակ չկայ, խանգարող ոչինչ կայ, անոնք կրնան զիրար լրացնել», յայտնեց Արմէն Ռուստամեան:

Պատգամաւորը նշեց, որ անվտանգութեան, զինուորական, ուժանիւթի մարզերուն հարցերը Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեամբ նոր լրացուցիչ կարելիութիւններ կը ստեղծեն:

«Մենք պէտք է օգտուինք այս առիթէն: Այսպիսով պիտի աւելնայ մեր անկախութիւնը, վերանայ այն տպաւորութիւնը, որ Հայաստանը միայն միակողմանի ուղղութեամբ կ՛առաջնորդուի: Ասիկա դրական արդիւնքներ եւ հետեւանքներ պիտի ունենայ մեզի համար: Բոլորս պէտք է ուզենք, ամէն ինչ ընենք, որ համաձայնագիրը ստորագրուի նախատեսուած ժամկէտներուն մէջ», նշեց ան:

«Այն, ինչ որ կը կատարուի, պիտի ծառայէ մեր ռազմավարական շահերուն: Մենք կը մնանք եւրոպական արժեհամակարգին մէջ, որ   կապուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան, իրաւական հիմքերու ամրապնդման հետ», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:

Դիտարկման, թէ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) մէջ այս արժէքները, ըստ փորձագէտներու, կը բացակային, Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ ատիկա ԵՏՄ-ի հարցն է:

«Նոյնիսկ եթէ ասիկա չըլլայ, այդ ամբողջ արժեհամակարգը արտացոլուած է մեր Սահմանադրութեան մէջ: Եթէ նոյնիսկ որեւէ երկիր` ըլլայ ԵՏՄ-էն դուրս, թէ որեւէ տեղէ, իր հոգւոյն խորքը դէմ էր, որ Հայաստան անցում կատարէ խորհրդարանական կառավարման համակարգին, ապա փաստի առջեւ կանգնած է: Այդ պատճառով ալ Սահմանադրութեան ընդունումը աւելի կարեւոր է: Այս համաձայնագիրին հիմքը դրուած էր Սահմանադրութեան ընդունումով, որովհետեւ նոր բան, որ Սահմանադրութեամբ նախատեսուած չէր, այստեղ չկայ: Մենք պիտի ունենանք գործընկեր մը, որ մեզի պիտի օգնէ Սահմանադրութիւնը գործադրել աւելի խորքային եւ լիարժէք կերպով»:

 

 

Նախորդը

Էրտողան Արցախի Հիմնախնդիրը Թէ՛ Ազրպէյճանի, Թէ՛ Թուրքիոյ Համար «Արիւնահոսող Վէրք» Կը Նկատէ

Յաջորդը

Դաւիթ Բաբայեան. «Արցախը Թուրքիոյ Համար Բաց Վէրք Է, Իսկ Անոր Գործած Ցեղասպանութիւնները Բաց Վէրքեր Չե՞ն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.