Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Առաքելութիւնը Վերանորոգ Հաւատքով, Յոյսով Ու Տեսիլքով Պիտի Շարունակենք» Կը Հաստատէ Արամ Ա. Կաթողիկոսը` Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Աւարտին

Դեկտեմբեր 15, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Ազգային ընդհանուր ժողովը 2017 դեկտեմբերին իր յարկին տակ առաւ շուրջ 100 պատգամաւորներ, թեմակալ առաջնորդներ եւ հիւրեր, որոնք չորս օրուան վրայ քննեցին ու քննարկեցին Ազգային ընդհանուր ժողովի Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն քառամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ յատուկ զեկուցաբերներու միջոցով ներկայացուցին կաթողիկոսութեան  հիմնախնդիրներէն քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան, երիտասարդութեան, պահանջատիրութեան, եւ սփիւռքի վերակազմակերպումին վերաբերող հարցերը:

Իր օրակարգերուն աւարտին, ժողովը ներկայացուց հոնկէ բխած բանաձեւերը, կատարեց անոնց քննարկումը եւ ստացաւ առաջնորդարաններէն եւ ժողովէն եկած առաջարկներ: Ապա տեղի ունեցաւ ընտրութիւնը Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն:

Եզրափակելով ժողովը` իր հայրապետական խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը բարձր գնահատեց ժողովին ընթացքը եւ վստահեցուց, որ յառաջիկայ չորս տարիներուն Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները ջանք պիտի չխնայեն ծառայելու ազգին: Վեհափառ հայրապետը նշեց, որ ժողովը քննարկումներու ճամբով լուրջ մտահոգութիւններ արծարծած է, ինչ որ նոր ծրագիրներու մշակման մղիչ ուժ պիտի հանդիսանայ: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց նորընտիր ժողովներուն, թէ կաթողիկոսութեան աշխատանքները համայն հայութեան համար են, եւ անոր համար անհրաժեշտ է թափ տալ թեմերու վերակազմաւորման ու նոր որակով պարուրել աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յառաջացնել կաթողիկոսութիւն-թեմեր գործակցութեան նորարար մեքանիզմներ: Վեհափառ հայրապետը առաջնահերթութիւն նկատեց Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը կատարել ծրագիրներու ճամբով եւ աւարտեց իր խօսքը ըսելով, որ հայ ժողովուրդը կաթողիկոսութեան կիզակէտն է եւ ոչ թէ լուսանցքային երեւոյթ. մեկնելով հայ ազգի գերագոյն շահերէն, համահայկական մօտեցումով ըսելիք ու ընելիք ունի Ս. աթոռը: «Մեր առաքելութիւնը վերանորոգ հաւատքով, յոյսով ու տեսիլքով պիտի շարունակենք: Այդ տեսիլքը մեր հայրենիքին, եկեղեցւոյ ու միութեան հզօրացումն է, մեր եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան առաւել աշխուժացումն է: Այս բոլորը մենք միասնաբար պիտի կատարենք` ձեր մասնակցութիւնը մեր հաւաքական աշխատանքին շատ կարեւոր է», եզրափակեց վեհափառ հայրապետը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ազգային կեդրոնական նորընտիր վարչութիւնը (8 դեկտեմբեր 2017)

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

  1. Կոմիտաս արք. Օհանեան
  2. Օշական արք. Չոլոյեան
  3. Վարուժան արք. Հերկելեան
  4. Սեպուհ արք. Սարգիսեան
  5. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան
  6. Գեղամ արք. Խաչերեան
  7. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան
  8. Խորէն արք. Տողրամաճեան
  9. Շահան արք. Սարգիսեան
  10. Բաբգէն արք. Չարեան
  11. Շահէ եպս. Փանոսեան
  12. Մեղրիկ եպս. Բարիքեան
  13. Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան
  14. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան
  15. Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սարգիսեան
  16. Պօղոս վրդ. Թինքճեան
  17. Պետրոս վրդ. Մանուէլեան

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

  1. Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  2. Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  3. Տիգրան Ճինպաշեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  4. Ստեփան Տէր Պետրոսեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  5. Վրէժ Սապունճեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  6. Յակոբ Եափուճեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  7. Արթիւր Նազարեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  8. Աւետիս Կիտանեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  9. Յակոբ Գըլպաշեան (Պէյրութ, Լիբանան)
  10. Հրաչ Յակոբեան (Հալէպ, Սուրիա)
  11. Արմէն Տէրեան (Աթէնք, Յունաստան)
  12. Թովմաս Թովմասեան (Թեհրան, Իրան)
  13. Վահէ Եագուպեան (Լոս Անճելոս, Միացեալ Նահանգներ)
  14. Կայծակ Զէյթլեան (Լոս Անճելոս, Միացեալ Նահանգներ)
  15. Տրդատ Մանկիկեան (Ուաշինկթըն, Միացեալ Նահանգներ)
  16. Ժիրայր Պասմաճեան (Մոնրէալ, Քանատա)
  17. Գրիգոր Մահսէրէճեան (Ապու Տապի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)
Նախորդը

Ներդրումային Աշխուժացման Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն` Հայ Եւ Լիբանանցի Գործարարներու Միջեւ

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Ռուսիոյ Հետ «Էս-400»-ներու Շուրջ Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?