«Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2018-ի Գարունը
Պիտի Դիմաւորէ Առանց
Հայաստան – Թուրքիա Արձանագրութիւններուն»
Դեկտեմբեր 12-ին պաշտօնական այցելութեամբ Աթէնք գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում մը ունեցած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիասի հետ:
Հանդիպումէն ետք` նախարար Քոցիասի ընկերակցութեամբ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաժողովներու սրահին մէջ նախարար Նալբանդեան հանդէս եկած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, միջազգային եւ շրջանային հրատապ հիմնախնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղիներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներուն մասին ծաւալուն ելոյթով մը:
Նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ելոյթին ներկայ եղած են Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար անձնակազմը, Աթէնքի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, անուանի գիտնականներ, քաղաքագէտներ, վերլուծաբաններ եւ լրագրողներ:
Իր խօսքին մէջ նախարար Նալբանդեան անդրադարձած է հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բազմադարեան յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր անցած 25 տարիներուն ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումներուն:
Եւրոպական Միութեան հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրին լոյսին տակ, նախարարը ներկայացուցած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ընդլայնուող յարաբերութիւնները:
Նախարարը հաստատած է, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ Յունաստանը Հայաստանի առանցքային գործընկերներէն մէկն է: Ըստ նախարարին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ծիրին մէջ վերջին շաբաթները շատ նշանակալի էին: 24 նոյեմբերին Հայաստան Եւրոպական Միութեան հետ ստորագրեց համապարփակ եւ ծաւալուն համագործակցութեան համաձայնագիրը: Ըլլալով Եւրասիական տնտեսական միութեան գործուն անդամ` Հայաստան կը զարգացնէ իր յարաբերութիւնները նաեւ այլ ձեւաչափերու հետ: Նախարարը յոյս յայտնած է, որ նման նպատակասլաց եւ իրատեսական երկխօսութիւն մը շարժիչ ուժ դառնայ` շրջանին մէջ համագործակցութեան խթանման համար:
«Այս համաձայնագիրին ստորագրութիւնը Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան միակ օրինակը չէ: Վերջին երկու տարիներուն մենք յաջողած ենք յառաջ ընթանալ փոխադարձ համագործակցութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ, մասնաւորապէս, այլ ծրագիրներու կողքին, միանալ COSME, «Ստեղծագործ Եւրոպա», եւ «Հորիզոն 2020» ծրագիրներուն, նախաստորագրել ընդհանուր օդանաւորդական գօտիի շուրջ համաձայնագիրը եւ ստորագրել անդրեւրոպական փոխադրամիջոցներու ցանցի դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն ընդլայնման բարձր մակարդակի փոխըմբռնման արձանագրութիւնը: Մենք կ՛ակնկալենք նոր նախաձեռնութիւններ` միեւնոյն ատեն յատուկ կարեւորութիւն տալով այցեգիրներու ազատականացման հոլովոյթի մեկնարկին: Կ՛ակնկալենք նաեւ մեր յոյն գործընկերներուն հետագայ աջակցութիւնը` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ի նպաստ», ըսած է Նալբանդեան:
Խօսելով Հայաստան-Յունաստան տնտեսական երկկողմանի կապերու ընդլայնման կարելիութիւններուն մասին` նախարարը նշած է, որ այս առումով օգտակար կրնան ըլլալ միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքը եւ գործարար համաժողովներու կազմակերպումը: «Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան շնորհիւ, ստեղծուած են նոր կարելիութիւններ` առեւտուրի եւ ներդրումներու համար: Այսօր, Հայաստանի միջոցով կարելի է առանց տուրքի դուրս գալ 170 միլիոն բնակիչ ունեցող Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայ: Հայաստանը ունի արտօնեալ դրութիւն` Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներու, Ճափոնի եւ այլ երկիրներու հետ: Յոյսով ենք, որ քաղաքական զարգացումներուն բերումով ընձեռուած կարելիութիւնները թոյլ կու տան լիարժէք տնտեսական համագործակցութիւն ծաւալելու 80 միլիոն բնակչութեամբ շուկայ ունեցող Իրանին հետ: Այդ առումով յատկանշական կրնան ըլլալ Պարսից ծոց-Սեւ ծով փոխադրամիջոցներու եւ կապի երթուղիներու վերաբերեալ նախագիծերը», աւելցուցած է նախարարը:
Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2018-ի գարունը պիտի դիմաւորէ առանց Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններուն: Խօսելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին` ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ սկսած էր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթ մը, որուն հիմամբ 2009-ի հոկտեմբերին ստորագրուեցան Ցիւրիխի արձանագրութիւնները: Նախարարը ընդգծած է, որ մինչեւ այսօր այդ փաստաթուղթերը չեն վաւերացուած, որովհետեւ Թուրքիան դրած էր անհիմն նախապայմաններ, որոնք կը հակասէին արձանագրութիւններու տառին եւ ոգիին: «Այս փաստաթուղթերը չեն կրնար ընդմիշտ պատանդ մնալ, եւ այդ է պատճառը, որ Հայաստանի նախագահը սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի գլխաւոր ամպիոնէն յայտարարեց, որ Հայաստանը արձանագրութիւնները չեղեալ կը յայտարարէ, որովհետեւ չկայ որեւէ դրական յառաջընթաց անոնց իրականացման համար», յայտարարած է Նալբանդեան:
Նախարար Նալբանդեան նաեւ անդրադարձած է մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման միջազգային ջանքերուն մէջ Հայաստանի առաջնորդող դերակատարութեան: Ան կարեւոր տեղ յատկացուցած էր արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու միացեալ ջանքերուն, ինչպէս նաեւ հանգուցալուծման հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն:
Ան շեշտած է, որ արցախեան տագնապի խաղաղ լուծումը Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգի գլխաւոր առաջնահերթութիւններու շարքին է: Նախարարը նշած է, որ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի նախարարական համաժողովի շրջանակներուն մէջ, 6 դեկտեմբերին իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ ունեցած է հանդիպում մը, որ ընդհանուր առմամբ ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ:
«Հանդիպումէն ետք նշեցի, թէ արդեօք յառաջիկային զարգացումներ տեղի պիտի ունենա՞ն: Որովհետեւ այս տարուան հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն վեհաժողովը նոյնպէս ընթացած էր դրական մթնոլորտի մէջ, սակայն հանդիպումէն անմիջապէս ետք Ազրպէյճանը վերադարձած էր իր անհիմն մեղադրանքներուն եւ հռետորաբանութեան: Անցեալ շաբաթ ԵԱՀԿ-ի նախարարական համաժողովին ունեցած ելոյթիս ընթացքին մանրամասն անդրադարձայ Արցախի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին: Միջնորդներու` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները յայտարարութիւն կատարեցին արցախեան տագնապի լուծման վերաբերեալ: Հայաստանը պատրաստ էր միանալու այդ յայտարարութեան, սակայն Ազրպէյճանը հրաժարեցաւ, որուն պատճառով չյաջողեցանք որդեգրել Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ համանախագահներու միացեալ յայտարարութիւն մը: Ասիկա բազմիցս կրկնուած է ԵԱՀԿ-ի նախարարական հանդիպումներու շրջանակներուն մէջ: Ուրեմն, ինչպէ՞ս կարելի է նուազեցնել լարուածութիւնը, եթէ Ազրպէյճանը կը մերժէ 1994-1995 թուականներու զինադադարի համաձայնագիրներով ստանձնած յանձնառութիւնը վերահաստատել: Ինչպէ՞ս կարելի է նուազեցնել լարուածութիւնը, եթէ Ազրպէյճան չ՛ուզեր զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծումը իրականացնել», ըսած է Էդուարդ Նալբանդեան:
Նախարարը նշած է, որ Ազրպէյճան կը ձեւացնէ, թէ նախորդ վեհաժողովներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները հայկական կողմի դրած նախապայմաններն են: Նալբանդեան ընդգծած է նաեւ, որ Հայաստան նախապայմաններ չէ դրած, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները պէտք չէ կատարուին: Համպուրկի եւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդներու ժողովներուն ընթացքին համանախագահներու որդեգրած յայտարարութիւնները ապացուցեցին, որ Ազրպէյճանի` Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը մերժելու փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան: Ան ընդգծած է, որ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարումէն հրաժարելու Ազրպէյճանի գործելաոճը լրջօրէն հարցականի տակ կը դնէ Պաքուին` իբրեւ բանակցող կողմի նկատմամբ վստահութիւնը:
Համանախագահներու նախաձեռնութեամբ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն մը` յունուարի երկրորդ կիսուն կազմակերպելու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը: Էդուարդ Նալբանդեան նշած է, որ ինչպէս միշտ, Հայաստանը նման հանդիպումներու կը ներկայանայ կառուցողական տրամադրութեամբ: Ըստ անոր, եթէ Պաքուն հետեւի համանախագահներու` զինադադարը խստօրէն յարգելու կոչերուն, կատարէ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած հիմնախնդիրի լուծման սկզբունքներուն եւ կառուցողաբար ներգրաւուի բանակցային հոլովոյթին մէջ, ապա այդ մէկը ճամբայ կը բանայ խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ մղելու եւ սթաթիւս քոն փոխելու:
Ելոյթէն ետք, նախարարը պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն: