Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանի Ալպոմի Շնորհահանդէս

Դեկտեմբեր 16, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանի ալպոմի շնորհահանդէսը:

Ցուցասրահի անձնակազմին անունով խօսք առաւ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան նկատել տուաւ, որ յետեղեռնեան շրջանին, երբ հայութիւնը` տարագրուած իր հայրենի օճախէն, հասաւ Սուրիա եւ Լիբանան ու փորձեց վերակերտել իր կեանքը, վստահաբար ոչ ոք կը յուսար, որ ան շուտով ո՛չ միայն պիտի վերագտնէ ինքզինք, այլեւ պիտի վերակազմակերպէ իր կեանքը անհատական ու հաւաքական մակարդակի վրայ եւ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին պիտի յաջողի իր ներկայութիւնը հաստատել տուեալ երկիրներուն քաղաքական, կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներուն մէջ: Ան յայտնեց, որ Ցեղասպանութենէն ու տարագրութենէն կարճ ժամանակ ետք հայ հոգեւոր, մտաւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը ճառագայթելով ծնունդ տուաւ նոր հսկաներու, որոնք իրենց արժանաւոր տեղը գտան նոյնիսկ տեղական ու արաբական միջավայրին մէջ` աւելցնելով, որ այս հաստատումին վաւերական փաստը կը տեսնենք Տիրան Աճէմեանի կեանքին ու ստեղծագործական աշխարհին մէջ:

Ս. Տէրտէրեան անդրադարձաւ Տիրան Աճէմեանի կենսագրական տուեալներուն` շեշտը դնելով անոր երգիծանկարչութեան տաղանդին վրայ, ինչպէս նաեւ թուելով անոր բեմադրած թատերախաղերը, աշխատակցած թերթերը, պատկերազարդած գիրքերը` ընդգծելով, որ անոր ստեղծագործական աշխատանքին մէջ քաղաքական երգիծանկարչութիւնը Լիբանանի պատմութեան հետ ակնյայտօրէն զուգահեռ կը քալէ 1939-1970-ական թուականներուն: Ան հաստատեց, որ Տիրան Աճէմեան լիբանանեան երգիծանկարչութեան կտակած է պատկառելի ժառանգ մը, որ լաւապէս խնամած եւ անոր վրայ գուրգուրացած է իր դուստրը` արուեստաբան, Լիբանանի արուեստի թանգարանին երկար տարիներ ծառայած ու պատասխանատու պաշտօն ստանձնած, նաեւ մշակութային-կազմակերպչական բեղուն գործունէութիւն ծաւալած Սիլվիա Աճէմեան, որ յատուկ բծախնդրութեամբ երկար ժամանակ աշխատեցաւ ու պատրաստեց ալպոմը: «Տիրանի հետ մտերմանալու, անոր երգիծանկարչութեան տաղանդով համակուելու ու նաեւ այդ բոլորը ժամանակակից մեր կեանքի պայմաններուն հետ առնչելու պատեհ առիթն է, որ կ՛ընծայուի բոլորիս այս ալպոմին հրատարակութեամբ», եզրափակեց Սիւզի Տէրտէրեան:

Այնուհետեւ Սիլվիա Աճէմեան ելոյթ ունենալով շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմին, նաեւ տնօրէնութեան, որուն շնորհիւ կազմակերպուած էր սոյն շնորհահանդէսը:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան խօսք առնելով իր հիացմունքը յայտնեց ալպոմին հրատարակութեան առիթով: Ան նկատել տուաւ, որ մեր կեանքին մէջ գործած դէմքերը յիշատակելով ո՛չ միայն ծանօթացած կ՛ըլլանք անցեալին, այլեւ նոր թարմութիւն բերած կ՛ըլլանք մեր կեանքին: «Այս օրերուն նմանօրինակ մեծերը կը պակսին: Տաղանդաւորներ կան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, սակայն չկան անոնք, որոնք ուղղութիւն կու տային մեր կեանքին: Կարեւոր է երբեմն յիշել զիրենք եւ իրենց աշխատանքներուն ընդմէջէն ծանօթանալ իրենց հետապնդած արժէքներուն, նաեւ նոր շունչ բերել մեր կեանքին», հաստատեց առաջնորդ սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ Տիրան Աճէմեան վերլուծական միտքով կրցած է մեզի ծանօթ դէմքեր անմահացնել եւ անոնց կեանքին մէջ յայտնաբերել թաքուն կողմեր:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը մաղթեց, որ մեր յիշողութեան մէջ շարունակաբար ունենանք մեր մեծերը, որպէսզի մեր կեանքի ընթացքն ալ ըլլայ ճիշդ եւ նպատակասլաց:

Յայտնենք, որ այսօր` շաբաթ, 16 եւ վաղը` կիրակի, 17 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Տիրան Աճէմեանի գործերու ցուցահանդէս: Ցուցասրահը բաց է ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

 

 

Նախորդը

Ս. Յակոբ Մծբնացիի Նախատօնակ` Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ստեղծուած Բացը

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?