Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Գլխաւորութեամբ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ

December 16, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԱԽ) նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, ուր քննարկուած են ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացման, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ տարուող պայքարի իրաւական ու կառուցակարգային նախադրեալներու ամրապնդման հիմնախնդիրները:

Առաջին հարցը խորհուրդի անդամներուն զեկուցած է պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, ռազմարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Փախչանեան, իսկ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բնագաւառին մէջ Հայաստանի ձեռնարկած միջոցառումներու, հիմնախնդիրներու եւ հետագայ ընելիքներու մասին զեկուցած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գէորգի Կուտոյեան եւ ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեան:

ԱԱԽ անդամները համաձայնութիւն յայտնած են ներկայացուած «Ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացման պետական ծրագիր»-ին: Քննարկման արդիւնքով ներկայացուած առաջարկներու հիման վրայ կառավարութեան տրուած են շարք մը յանձնարարականներ:

Ահաբեկչութեան դէմ տարուող պայքարի իրաւական ու կառուցակարգային նախադրեալներու ամրապնդման հիմնախնդիրներու վերաբերեալ ԱԱԾ տնօրէնի եւ ոստիկանութեան պետի զեկուցումներէն ետք Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հաւանութիւն տուած է ներկայացուած` «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան դրոյթներու իրականացումը ապահովող միջոցառումներու ծրագիր-ժամանակացոյց»-ի նախագիծին եւ կառավարութեան յանձնարարած սահմանուած կարգով ընթացք տալ անոր:

Վերոնշեալ հարցի զեկուցման ժամանակ նշուած է, որ դեռ 2012-ին  կառավարութեան կողմէ հաստատուած «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային ռազմավարութեան դրոյթներու իրականացումը ապահովող միջոցառումներու ծրագիր-ժամանակացոյց»-ը կատարելագործման անհրաժեշտութիւն ունի` հաշուի առնելով աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումները, շրջանին մէջ ահաբեկչական սպառնալիքներու բարձր մակարդակը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան զարգացման եւ ձեւափոխութեան միտումները, որուն միտուած է փաստաթուղթի նախագիծը:

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առումով հանրապետութեան նախագահը, իբրեւ ամէնէն գործուն միջոցներ, առանձնակիօրէն կարեւոր նկատած է երեք ուղղութիւն. գործնական հետախուզական աշխատանքներու կատարելագործումը, ներառեալ` արհեստագիտական միջոցներու կատարելագործումը, հակազդման ստորաբաժանումներու կարելիութիւններու բարձրացումը եւ միջազգային համագործակցութեան ընդլայնումն ու առաջաւոր փորձի փոխանակումը:

Նախորդը

Մանոյեան. «Վտանգաւոր Է Պաքուի Առաջարկը, Թէ Եկէք Բանակցինք Այն Կէտերուն Հարցով, Ուր Համաձայնութիւն Կայ»

Յաջորդը

Պերի. «Շարունակել Աշխուժ Աշխատանքը` 1701 Բանաձեւի Աննախատեսելի Խախտումներէն Խուսափելու Համար»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.