Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներդրումային Աշխուժացման Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն` Հայ Եւ Լիբանանցի Գործարարներու Միջեւ

December 15, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաղորդագրութիւն` «Ար.Տի.Սի.Էլ»-ի` Աշխարհի լիբանանցի գործարարներու համախմբումին եւ  հայկական առեւտրական եւ տնտեսական պատուիրակութեան հետ փորձառութիւններու փոխանակման եւ ներդրումային աշխուժացման համաձայնագիրի մը ստորագրման շուրջ:

«Ար.Տի.Սի.Էլ»-ը` Աշխարհի լիբանանցի գործարարներու համախմբումը Ֆուատ Զմքհլի եւ վարչական անդամներու նախագահութեամբ, հայկական առեւտրական պատուիրակութեան հետ փորձառութիւններու փոխանակման եւ ներդրումային աշխուժացման համաձայնագիր մը ստորագրեց:

Այս համաձայնութեան ստորագրումը եւ հաւաքը կազմակերպուած էին Ֆուատ Զմքհլի հրաւէրով` երեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2017-ին: Լիբանանեան համաշխարհային համախմբումը հանդիպումներ կազմակերպեց հայկական պատուիրակութեան հետ, որ բաղկացած էր դրամատնային, արհեստագիտական, ճարտարագիտական, ուժանիւթային, ուտեստեղէնի, դեղորայքի, շինարարական սարքաւորումներու  բնագաւառներէն նշանաւոր գործարարներէ:

Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր  Հայաստանի զարգացման հիմնարկի գործադիր տնօրէն Արմէն Ա. Աւագեան` նեկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական  Աւագ Աւագեան, ինչպէս նաեւ նշանաւոր պատասխանատուներ` Զարգացման հիմնարկի շրջանային տնօրէն Ալինա Եղիազարեան, հանդիսութիւններու բաժինի պատասխանատու Մարկոս Ազատեան եւ առեւտուրի ու ներդրումներու տնօրէն Ստեփան Աւաճեան:

Ֆուատ Զմքհլ ըսաւ, որ երկու կողմերուն միջեւ կայացած ժողովները կեդրոնացան հայկական ընկերութիւններուն հետ գործակցութեան եւ ներդրումային առիթներ բացայայտելու անհրաժեշտութեան վրայ ինչպէս նաեւ հիմնելու նոր հարթակ մը Հայաստանի մէջ լիբանանցի գործարարներու համախմբումին համար, որ «Ար. Տի.Սի.Էլ»-ի աշխարհը ըլլայ հարթակ ամբողջ աշխարհի մէջ:

Հայաստանի զարգացման հիմնարկի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագեան ըսաւ, որ հայկական առեւտրական այս պատուիրակութիւնը, որ Լիբանան կ՛այցելէ, կը նկատուի մեծ առիթ մեզի համար: Այս պատուիրակութեան նպատակն է ներկայացնել հայ գործարարները իրենց լիբանանցի պաշտօնակիցներուն` Հայաստանի մէջ առեւտրական գործարքներ կազմակերպելու համար: Մենք կարիքը ունինք օգտուելու մեզի ընձեռուած բոլոր կարելիութիւններէն` առաւելագոյն չափով իրականացնելու համար մեր նպատակաուղղուած շուկան Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ, մանաւանդ որ Լիբանանի մէջ ունինք զօրաւոր հայկական ներկայութիւն, որով կը հպարտանանք:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը ուրախութիւն յայտնեց կազմակերպուած ընթրիքին համար, որ կազմակերպած էր Լիբանանի գործարարներու համախմբումը, յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆուատ Զմքհլին` հիւրընկալելու հայկական պատուիրակութիւնը:

Դեսպանը ըսաւ, որ Լիբանանն ու Հայաստանը ունին դարաւոր ջերմ յարաբերութիւններ: Քառորդ դարէ ի վեր այս յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ բարձրացած է երկու անկախ ու ինքնիշխան երկիրներու մակարդակին եւ կը շարունակէ իր ամրապնդումը:

Ան նշեց, որ պէտք է շարունակենք մեր գործակցութիւնը` ամրացնելով տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները: Այս նպատակը կարելի է իրականացնել երկու երկիրներուն յարատեւ ճիգերով:

Դեսպանը աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Այս յարափոփոխ աշխարհին մէջ մենք պէտք է վստահինք  երկու ժողովուրդներու հասարակաց գիծի հիմքերուն, որոնք մեր գործակցութիւնը կը դարձնեն աւելի դիւրին, ինչ որ կ՛արտացոլայ մեր միացեալ առաւել պայծառ տեսլականներուն մէջ: Թող այս երեկոյթը ըլլայ սկիզբը խոստմնալից ապագայի»:

 

 

Նախորդը

Տիրան Աճեմեանի Ալպոմի Հրատարակութեան Առիթով. Հարցազրոյց` Սիլվի Աճեմեանին Հետ

Յաջորդը

«Մեր Առաքելութիւնը Վերանորոգ Հաւատքով, Յոյսով Ու Տեսիլքով Պիտի Շարունակենք» Կը Հաստատէ Արամ Ա. Կաթողիկոսը` Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Աւարտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պատմութեան Անցնելու Համար
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պատմութեան Անցնելու Համար

January 20, 2026
Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր  Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան  Խորհուրդին Միանալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

January 20, 2026
Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը  «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.