Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանոյեան. «Վտանգաւոր Է Պաքուի Առաջարկը, Թէ Եկէք Բանակցինք Այն Կէտերուն Հարցով, Ուր Համաձայնութիւն Կայ»

December 16, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, 15 դեկտեմբեր 2017-ին հրաւիրուած ասուլիսին ամփոփելով 2017 թուականը, նկատեց, որ տարին Հայաստանի Հանրապետութեան համար եղած է որոշ ձեռքբերումներու տարի, բայց գլխաւոր ձեռքբերումը Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան համաձայնագիրն է:

«Հիմնական նուաճումը եւ ձեռքբերումը Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրի ձեռքբերումն է, բան մը, որ կարելի էր 4 տարի առաջ ալ ընել, եթէ Եւրոպական Միութիւնը համաձայնէր անոր միայն քաղաքական հատուածը հաստատել: Հայաստանը կ՛ըսէր, որ եթէ տնտեսական բաժինը չենք կրնար ստորագրել, գոնէ քաղաքական մասը ստորագրենք, Եւրոպական Միութիւնը ինչ-ինչ պատճառներով հրաժարեցաւ: Հիմա կը մնայ համաձայնագիրը վաւերացնել Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Միութեան իւրաքանչիւր անդամի կողմէ», ըսաւ ան:

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, Արցախի հարցով լուրջ տեղաշարժ չկայ, քանի որ Ազրպէյճանը չ՛իրագործեր այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք գոյացած են Ս. Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի վեհաժողովներուն ընթացքին` ստեղծել  եւ ամրացնել վստահութեան մեքանիզմները, որմէ ետք հարցի լուծման մասին կարելի կ՛ըլլայ խօսիլ:

«Այս ուղղութեամբ, չեմ կարծեր, որ մեծ փոփոխութիւն կ՛ունենանք, Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը որեւէ նշաններ չի տար, եւ այդ ոչ կառուցողական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի, ինչ որ կը նշանակէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է զօրացնէ Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ աշխատանքները, որոնք կը տեսնենք, ինչքան ազդեցիկ են Ազրպէյճանի վրայ», ըսաւ ան:

Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, ինչ որ իմաստով տակաւին գործընթաց կայ, որ որոշ չափով երաշխիք է, որ մեծ ծաւալով պատերազմ չսկսի:

«Եթէ բանակցութիւններ կան, պատերազմի վտանգը կը նուազի: Այդ վիճակը պէտք է պահել, բայց մեր ընելիքը արտաքին ճակատի վրայ, ինչպէս ըսի, Արցախի ճանաչումն է, բայց ներքին ճակատին վրայ  ալ բաւական մեծ քայլեր առնուած են: Ինչ որ մինչեւ ապրիլը կար եւ ապրիլէն ետք, իսկապէս շատ մեծ տարբերութիւն կայ եւ ինչ որ չափով բնականաբար հանգստացնող է: Նաեւ անհանգստացնող է, որ եթէ կարելի էր այսքան բան ընել, ինչո՞ւ նախկին շրջանին  չեն եղած», ըսաւ ան:

Մանոյեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման շուրջ Ազրպէյճանի կողմէ մեծ համաձայնագիր մշակելու առաջարկին: Ըստ անոր, վտանգաւոր է յառաջ մղուած այն մօտեցումը, թէ եկէք բանակցինք այն կէտերուն շուրջ, որոնց  հարցով համաձայնութիւն կայ:

Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ շրջանային իրադարձութիւններուն եւ նկատեց, թէ անոնք բնականաբար կ՛ազդեն նաեւ Հայաստանի վրայ:

«Ինչ որ չափով ասոնք ազդեցութիւն կ՛ունենան, բայց չեմ կարծեր, որ զինուորական գործողութիւններ ըլլան», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Արա Յարութիւնեան Ընդունեց ՀՅԴ Արցախի Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Գլխաւորութեամբ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.