Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պետական նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելազիզ Պըն Սալեհ Խլէյֆին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
«Լիբանան կը գնահատէ Քաթարի դերը` իրեն ցուցաբերած աջակցութեան միջոցով յաղթահարելու դժուար պայմանները, եւ Լիբանան անհամբեր կը սպասէ այդ աջակցութեան շարունակութեան», ըսաւ նախագահ Աուն:
«Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի աշխատանքը դիւրացնելու համար Իսրայէլի վրայ ճնշումը անհրաժեշտ է` հասնելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան թիւ 1701 որոշումի բոլոր կէտերուն գործադրութեան: Բանակը կարիքը ունի սարքերու, մեքենաներու եւ պաշարներու, որոնք անոր կ՛արտօնեն կատարել իր առջեւ դրուած խնդիրները», նշեց Աուն:
Խլէյֆի նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր փոխվարչապետ Թարեք Մըթրիի ներկայութեամբ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ իր հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի կայունութիւնը շրջանի կայունութեան համար հիմնական սիւն է, եւ կոչ կ՛ուղղենք` լիբանանցի ժողովուրդի ձգտումներուն իրականացման համար առաջնահերթութիւն տալու ուղիղ երկխօսութեան»:
Ան յայտարարեց մեկնարկը ՄԱԿ-ի գաղթի գործակալութեան հետ գործակցաբար սուրիացիներու կամաւոր տունդարձի աջակցութեան ծրագիրին, որմէ պիտի օգտուին շուրջ 100 հազար մարդիկ, «եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Սուրիոյ կառուցողական գործակցութեան համար»:
«Ժամանակն է, որ Լիբանան առողջանայ, յառաջանայ ու զարգանայ, եւ ատոր է, որ կը ձգտինք», շեշտեց քաթարցի պատուիրակը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց քաթարցի պատուիրակը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութիւնն ու վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Քաթարի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պըրրի Խլէյֆիէն խնդրեց Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շնորհակալութիւնը փոխանցել Քաթարի իշխանին, կառավարութեան ու ժողովուրդին` տեւաբար Լիբանանի կողքին կանգնելնուն, բոլոր ոլորտներուն մէջ անոր թիկունք կանգնելնուն եւ աջակցելնուն համար լիբանանեան բանակին, որպէսզի կարենայ կատարել իր համախմբող ազգային դերակատարութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ իսրայէլեան յարձակումէն քանդուածին վերաշինութեան քաթարեան ազնիւ նպաստին համար:
Նշենք, որ քաթարցի պատուիրակը նաեւ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի:


