Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հրապարակեց Արցախի  Հակամարտութեան Բանակցութիւններու  Փաստաթուղթերը

Կառավարութիւնը Հրապարակեց Արցախի Հակամարտութեան Բանակցութիւններու Փաստաթուղթերը

Կառավարութեան կայքին վրայ հրապարակուեցան Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերաբերող պետական գերատեսչութիւններուն մօտ գտնուող շարք մը փաստաթուղթեր: Ինչպէս նշուած է այդ փաստաթուղթերուն կից` անոնք պատկերացում մը կու տան մինչեւ 2020 տարուած բանակցութիւններու գործընթացի բովանդակութեան մասին: Ուշագրաւ է այն, որ փաստաթուղթերուն հրապարակումէն ետք յստակ դարձաւ, որ Փաշինեան չէ բացայայտած, թէ ինք ի՛նչ պատասխան տուած է 2019-ի առաջարկներուն, թէեւ ան նախապէս յայտարարած...

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու

Նախագահ Աուն Նախկին Դեսպան Քարամը Նշանակեց Մեքանիզմի Յանձնախումբին Մօտ Լիբանանեան Պատուիրակութեան Նախագահ

Լիբանանի նախագահի բանբեր Նաժաթ Շարաֆէտտին երէկ առտու յայտարարեց. «Իր սահմանադրական երդման կատարման եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերագոյն շահերը պաշտպանելու իր սահմանադրական լիազօրութիւններուն համապատասխան, ինչպէս նաեւ ի պատասխան 27 նոյեմբեր 2024 թուականին «Զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին հռչակագիր»-ին հիմամբ ստեղծուած «Լիբանանի համար զինուորական թեքնիք յանձնախումբ»-ին նախագահող Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ողջունելի ջանքերուն, եւ ամերիկեան կողմէն իմանալէ ետք, թէ իսրայէլեան կողմը համաձայն...

Խաղաղութեան Պապին  Խաղաղութեան Պատգամը

Խաղաղութեան Պապին Խաղաղութեան Պատգամը

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան այցելութեան աւարտին Դիմատետրի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Խաղաղութեան պապին խաղաղութեան պատգամը` հողին կառչեցէ՛ք, պահպանեցէ՛ք պատգամի երկիր Լիբանանը, արդարութեան եւ հաւասարութեան Լիբանանը»:

Խմբագրական.   Կենսունակ Պետութիւն․Աղբալեանի Բանաձեւը (Ծննդեան 150-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Կենսունակ Պետութիւն․Աղբալեանի Բանաձեւը (Ծննդեան 150-Ամեակին Առիթով)

Նիկոլ Աղբալեանի միտքերուն, մտածումներուն եւ ուսումնասիրութիւններուՆ մէջ, եթէ փորձենք լուսարձակի տակ բերել պետականութեան նկատմամբ անոր ունեցած սահմանումներն ու համոզումները, կրնանք բանաձեւել որոշ արժէքային սկզբունքներ, որոնց կը հաւատար այո՛՝ կրթական, կուսակցական, հասարակական, մշակութային, բայց նաեւ պետական գործիչը։ Աղբալեանի համար պետականութիւնը սոսկ  իշխանական կառուցուածք չէր իր համապատասխան գերատեսչութիւններով, այլ ամէնէն առաջ  ազգի հոգեւոր, կրթական եւ արժեհամակարգային ամրութեան  բարձրագոյն երաշխիքն էր։ Ըստ իրեն,...

Լիբանան Այցելելով`  Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Չկայ Խաղաղութիւն  Առանց Արդարութեան»

Լիբանան Այցելելով` Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Չկայ Խաղաղութիւն Առանց Արդարութեան»

Լեւոն ԺԴ. պապը կիրակի կէսօրէ ետք եռօրեայ այցելութեամբ հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր զինք դիմաւորեցին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու առաջին տիկին Նեհմաթ Աունը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ու անոր կինը` Ռանտա Պըրրին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամն ու անոր կինը` Սահար Պաասիրի-Սալամը, պապական նուիրակ Փաոլօ արք. Պորճիան եւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը: Պապը օդակայանին մէջ դիմաւորող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մէջ էր...

Բագրատունի. «Խաղաղութեան Պապը`  Պատգամի Երկիր Լիբանանի Մէջ»

Բագրատունի. «Խաղաղութեան Պապը` Պատգամի Երկիր Լիբանանի Մէջ»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի իր դիմատետրեան էջին վրայ անդրադառնալով Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան այցելութեան գրեց. «Խաղաղութեան պապը` պատգամի երկիր Լիբանանի մէջ»: Նշենք, որ երեսփոխան Բագրատունի պապը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմէր:  

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Ձեր Այցելութիւնը Օրհնեալ Թող Ըլլայ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Ձեր Այցելութիւնը Օրհնեալ Թող Ըլլայ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան այցելութեան առիթով ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ո՜վ նորին սրբութիւն, Լիբանան ձեր այցելութիւնը օրհնեալ թող ըլլայ»:  

Բագրատունի Արծարծեց Վիգէն Իւլճեքեանի Ազատ Արձակման Պահանջը

Բագրատունի Արծարծեց Վիգէն Իւլճեքեանի Ազատ Արձակման Պահանջը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ հանդիպումի մը ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի արծարծեց Պաքուի մէջ ապօրինաբար գերեվարուած լիբանանահայ Վիգէն Իւլճեքեանի շուտափոյթ ազատ արձակման հարցը: Նախարար Ռաժժի յայտնեց, որ հարցը լիբանանեան կողմէն ուշադրութեան առարկայ է, եւ անհրաժեշտ դիմումները կատարուած են, սակայն էականը այն է, որ հայկական կողմը հետապնդէ այս խնդիրը: Վիգէն Իւլճեքեանի...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սահակեան-Լ.  Մկրտիչեան Քոլեճ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Քոլեճ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` Ճորճ Գրիգորեանի եւ Աւետիս Կիտանեանի, ուրբաթ, 28 նոյեմբեր 2025-ին այցելեց Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան քոլեճ, ուր հանդիպում ունեցաւ դպրոցի տնօրէն Կարապետ Ղազարեանի, ՍԴՀԿ-ի Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմինի ատենապետ Վանիկ Տաքէսեանի եւ ՀԿԲՄ-ի վարչութեան անդամներու հետ: Պալապանեան յայտնեց, որ այս այցելութիւնը կը կրէ համագաղութային նպատակ` Լիբանանի սահմաններուն...

«Հըզպալլան Իր Ուժերը Կը Վերականգնէ,  Եւ Իսրայէլի Ու Ամերիկայի Համբերութիւնը  Սկսաւ Սպառիլ, Ինչ Որ Մագլցումի Կրնայ Յանգեցնել»  Կ՛ըսեն Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ

«Հըզպալլան Իր Ուժերը Կը Վերականգնէ, Եւ Իսրայէլի Ու Ամերիկայի Համբերութիւնը Սկսաւ Սպառիլ, Ինչ Որ Մագլցումի Կրնայ Յանգեցնել» Կ՛ըսեն Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնեցին. «Հըզպալլան օրէ օր իր ուժերը կը վերականգնէ, եւ Իսրայէլի ու Ամերիկայի համբերութիւնը սկսաւ սպառիլ, ինչ որ կրնայ մագլցումի յանգեցնել»: «Հըզպալլան աշխուժ կերպով կ՛աշխատի իր ուժերու վերականգնման, սուրիական սահմաններուն ճամբով հրթիռներու մաքսանենգման եւ իր դիրքերուն ռազմակայաններուն վերակառուցման վրայ», ըսած են անոնք: «Այսպիսի քայլերը կրնան Իսրայէլի հիւսիսային սահմանին վրայ գործողութիւններու յաւելման յանգեցնել», շեշտած են իսրայէլացի...

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Շատ Շուտով  Պիտի Սկսին Ցամաքային Գործողութիւններու  Ճամբով Թիրախաւորել Թմրեցուցիչի  Վենեզուելացի Մաքսանենգները»

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Շատ Շուտով Պիտի Սկսին Ցամաքային Գործողութիւններու Ճամբով Թիրախաւորել Թմրեցուցիչի Վենեզուելացի Մաքսանենգները»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ իր երկիրը «շատ շուտով» պիտի սկսի ցամաքային գործողութիւններու ճամբով թիրախաւորել «թմրեցուցիչի վենեզուելացի մաքսանենգները», երբ նախապէս ջանքերը կեդրոնացած էին ծովուն վրայ: Թրամփ զինեալ ուժերու անդամներու հետ Գոհաբանութեան տօնին առիթով տեսակապի ճամբով զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մարդիկ հաւանաբար այլեւս չեն ուզեր ծովու ճամբով թմրեցուցիչներ փոխադրել, եւ պիտի սկսինք նաեւ անոնց այդ մէկը ցամաքի ճամբով կատարելը արգիլել»`...

Ազրպէյճանի Մէջ Կայացած Է Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Սահմանազատման  Յանձնախումբերու Հանդիպումը

Ազրպէյճանի Մէջ Կայացած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանազատման Յանձնախումբերու Հանդիպումը

Ազրպէյճանական Կապալա քաղաքին մէջ 28 նոյեմբերին կայացած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանազատման յանձնախումբերու 12-րդ հանդիպումը, կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆայեւի նախագահութեամբ հանդիպումին կողմերը քննարկած են սահմանազատման միջոցառումներու հետ կապուած կազմակերպչական եւ թեքնիք հարցեր: Անոնք, ըստ հաղորդագրութեան, նշած են նախորդ` 16 յունուարին կայացած հանդիպման հիմամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը պետական սահմանի սահմանազատման համալիր աշխատանքները հիւսիսային...

Հայաստան Եւ Թուրքիա Կը Կայացնեն Գիւմրի-Կարս  Երկաթուղիի Շահագործման Թեքնիք Քննարկումներու Փուլը

Հայաստան Եւ Թուրքիա Կը Կայացնեն Գիւմրի-Կարս Երկաթուղիի Շահագործման Թեքնիք Քննարկումներու Փուլը

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ համապատասխան պետական վարչութիւններու ներկայացուցիչները 28 նոյեմբերին հանդիպած են սահմանի Ախուրիկ-Աքիաքա անցակէտին եւ Գիւմրիի մէջ, կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Կայացած է Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի վերականգնման եւ շահագործման ուղղուած թեքնիք քննարկումներու երկրորդ փուլը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հոկտեմբերին յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի ծաւալած դրական երկխօսութիւնը յոյս կու տայ, որ յառաջիկային հայ-թրքական սահմանը կրնայ բացուիլ:    

Լեւոն ԺԴ. Պապը Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ  Կայունութեան Եւ Ժողովուրդներու Միջեւ  Մերձեցման Ազդակ Ըլլալու

Լեւոն ԺԴ. Պապը Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Կայունութեան Եւ Ժողովուրդներու Միջեւ Մերձեցման Ազդակ Ըլլալու

Լեւոն ԺԴ. պապը երէկ իր արտաքին առաջին պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Թուրքիա` մասնակցելու Նիկիոյ տիեզերական ժողովի 1700-ամեակի նշման: Ան հետեւելով փրոթոքոլին ծաղկեփունջ զետեղեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Աթաթուրքի շիրիմին: Ապա հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Լեւոն ԺԴ. պապը նախագահական համալիրին մէջ պաշտօնական դէմքերու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` «կայունութեան...

Թուրքիա. «Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղապահներու  Տեղակայումը` Միայն Զինադադարի  Հաստատումէն Ետք»

Թուրքիա. «Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղապահներու Տեղակայումը` Միայն Զինադադարի Հաստատումէն Ետք»

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը անդրադարձած է Ուքրանիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու զօրախումբ տեղակայելու առաջարկին` նշելով, որ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ միայն զինուորական գործողութիւններու դադրեցումէն ետք: «Նախ եւ առաջ, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պէտք է զինադադար հաստատուի: Ատկէ ետք միայն պէտք է խաղաղապահ առաքելութիւն ստեղծուի` յստակ լիազօրութեամբ եւ ատոր մասնակցող իւրաքանչիւր երկրի մասնակցութեան յստակ չափանիշերով», յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Յիշեցնենք, որ...

Սպիտակ Տան Մօտ Յարձակում` Ազգային  Պահակագունդէն Երկու Զինուորներու Վրայ

Սպիտակ Տան Մօտ Յարձակում` Ազգային Պահակագունդէն Երկու Զինուորներու Վրայ

Չորեքշաբթի երեկոյեան Սպիտակ տան մօտ խճողուած շրջանի մը մէջ Ազգային պահակագունդի երկու զինուորներ յարձակումի ենթարկուելով ծանրօրէն վիրաւորուեցան: Ապահովական մարմիններու շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ հաղորդեցին, որ յարձակումին հեղինակը աֆղան 29-ամեայ Ռահմանուլլահ Լաքանուալն է, որ յարձակումին ընթացքին օգտագործած է ատրճանակ մը: «Ֆոքս Նիուզ» հաղորդեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Ռեթքլիֆ յայտնած է, որ կասկածեալը աֆղան մըն է, որ Գանտահար շրջանին մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի եւ...

Դատարանը Վերացուց Լիտիա Մանթաշեանի Կալանքը

Դատարանը Վերացուց Լիտիա Մանթաշեանի Կալանքը

Դատարանը երէկ վերացուց Բագրատ արք. Գալստանեանի եւ միւսներուն գործով միակ կին մեղադրեալ Լիտիա Մանթաշեանի կալանքը, կիրարկեց վարչական հսկողութիւն եւ գրաւ` զայն անմիջապէս ազատ արձակելով դատարանի դահլիճէն: Պաշտպան Տաթեւիկ Սողոյեան առաջարկած էր կիրարկել վարչական հսկողութիւն եւ բացակայելու արգելք: Դատախազները, որոնք անցեալ շաբաթ դէմ էին Մանթաշեանի ազատ արձակման, երէկ ընդունելի նկատեցին փաստաբաններու հիմնաւորումներն ու մտահոգութիւնները եւ առաջարկեցին կիրարկել բացակայելու արգելք` գրաւով: Նախորդ...

Սալամ. «Լիբանան Զէնքի Մենաշնորհման  Հարցին Մէջ Կ՛ուշանայ, Եւ Հըզպալլայի Զէնքը  Ո՛չ Կուսակցութեան Ղեկավարները  Պաշտպանեց, Ո՛չ Ալ Լիբանանը»

Սալամ. «Լիբանան Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Կ՛ուշանայ, Եւ Հըզպալլայի Զէնքը Ո՛չ Կուսակցութեան Ղեկավարները Պաշտպանեց, Ո՛չ Ալ Լիբանանը»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Մամլոյ ակումբի վարչական խորհուրդը ընդունելուն ընթացքին յայտնեց. «Լիբանան միակողմանի մաշեցման պատերազմի մէջ է, եւ ատիկա մագլցում կը նկատենք: Կարիքը չունինք արաբ եւ օտար պատուիրակներու, որպէսզի մեզի ահազանգ հնչեցնեն: Հակառակ ատոր, կարելի չէ պատկերը մութ ներկայացնել, որովհետեւ երկրին մէջ տեղի կ՛ունենան այլ հարցեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ երկիրը սկսած է ինքն իրեն նկատմամբ վստահութեան վերատիրանալ»: «Լիբանան կ՛ուշանայ...

Խմբագրական.  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մէջ Մշակութային Ժառանգութեան  Այլ Տեսակի Ներկայացումներ

Խմբագրական. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մէջ Մշակութային Ժառանգութեան Այլ Տեսակի Ներկայացումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի անդամ ընտրուիլը  մշակութային մօտեցումներէն անդին քաղաքական շարժառիթներ ունի անշուշտ: Ամէն բանէ առաջ կարելի է նկատել այն, որ Հայաստանի`  նման համաշխարհային կառոյցի անդամակցութիւնը դրական կ՛ընկալուի, հեղինակութեան ճանաչումի եւ մշակութային-քաղաքակրթական արժէքներու համակարգին մէջ Հայաստանի դերը տեսանելի դարձնելու առումով: Կը հետեւցուի, որ հսկայական աշխատանք կայ իրականացուելիք այս ուղղութեամբ, եւ Հայաստանը թէ՛ ներքին առումով եւ թէ՛ յատկապէս արտաքին...

Նախագահական Պալատին Մէջ.  Լիբանանի Եւ Կիպրոսի Միջեւ Ծովային  Սահմաններու Սահմանագծման  Համաձայնութեան Ստորագրութիւն

Նախագահական Պալատին Մէջ. Լիբանանի Եւ Կիպրոսի Միջեւ Ծովային Սահմաններու Սահմանագծման Համաձայնութեան Ստորագրութիւն

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես երէկ առաւօտեան այցելութիւն տուաւ Պէյրութ: Ան Պաապտայի պալատ այցելելով հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ եւ Լիբանանի հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրամիջոցներու նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի հետ ստորագրեց Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ծովային սահմաններու սահմանագծման համաձայնութիւն մը: Նախագահ Աուն իր կիպրացի պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ողջունեց անոր Լիբանան երկրորդ այցելութիւնը` յիշեցնելով. «Առաջին այցելութիւնը նախագահ...

Page 58 of 795 1 … 57 58 59 … 795

Արխիւներ