Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները 25 յունուարին հանդիպած են Աբովեան քաղաքի բնակիչներուն հետ: Հանդիպումին մասնակցած են խմբակցութեան մեծ թիւով պատգամաւորներ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն հետ կապուած յառաջիկայ ընելիքները:
Պատգամաւորները պատասխանած են քաղաքացիները յուզող հարցումներուն:
«Աբովեանի մէջ ալ քաղաքացիներուն դիրքորոշումը յստակ էր` պէտք է ազատիլ այս իշխանութենէն, եւ միասնաբար ատիկա կարելի է: Պէտք է հասնինք իշխանափոխութեան, պիտի կանխենք այս իշխանութեան վերարտադրութիւնը», հանդիպումէն ետք ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:


