Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլիի Մէջ Շէնք Մը Փուլ Եկաւ

January 26, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ արշալոյսին Թրիփոլիի Քըպպէ շրջանին մէջ բնակելի շէնք մը փուլ եկաւ` պատճառելով 2 զոհ: Փրկարար խումբերը, անհրաժեշտ սարքերու սակաւութեան եւ դժուար պայմաններու մէջ անմիջապէս ուղղուեցան դէպքի վայր:

Նշենք, որ փուլ եկած շէնքը մէկ օր առաջ դատարկուած էր` անոր վրայ բազմաթիւ ճեղքեր երեւան գալուն համար, սակայն Միր ընտանիքը, որ փլատակներուն տակ մնացած էր, մերժեց հեռանալ, այլընտրանքային կացարան չունենալուն պատճառով:

Լիբանանեան Կարմիր խաչը յայտնեց, որ փլատակներուն տակ բոլոր մնացածներն ալ ողջ են եւ իրարու կողքին:

Փրկարար խումբերը չորս ժամ պայքարելէ ետք, յաջողեցան կին մը փլատակներէն դուրս բերել եւ փոխադրել հիւանդանոց:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հետեւեցաւ դէպքին եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարէն պահանջեց առնչակից ծառայութիւններուն, մասնաւորաբար Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերուն, Կարմիր խաչին եւ Թրիփոլիի քաղաքապետութեան ցուցմունք տալ փլատակներու վերացման եւ փուլ եկած շէնքին բնակիչները փրկելու` անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով լիբանանեան բանակի օգնութեան: Հանրապետութեան նախագահը նաեւ պահանջեց հետաքննութիւն կատարել շէնքին փլուզման շուրջ` պատասխանատուութիւնները ճշդելու համար:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին ըսաւ, որ կանուխ առաւօտէն ի վեր կը հետեւի զարգացումներուն` նշելով, որ կառավարութիւնը Թրիփոլիի մէջ փլուզման վտանգ դիմագրաւող շէնքերու հարցին չափազանց կարեւորութիւն կ՛ընծայէ, աշխատանք կը տանի այդ հարցը լուծելու եւ անոր անհրաժեշտ գումարները կարելի եղածին չափ շուտ ապահովելու:

Առողջապահութեան նախարար տոքթ. Ռաքան Նասրէտտին ցուցմունք տուաւ վիրաւորները դարմանելու նախարարութեան հաշուոյն:

Փրկութեան բարձրագոյն մարմինի ընդհանուր քարտուղար Պասսամ Նապուլսի նշեց, որ Թրիփոլիի մէջ գոյութիւն ունին 105 շէնքեր, որոնք փուլ գալու վտանգը կը դիմագրաւեն, եւ աշխատանք կը տարուի վնասուածներուն այլընտրանքային կացարաններ ապահովելու:

 

 

Նախորդը

Հասան. «Ներկայ Քաղաքականութիւն Մը Միայն Յաւելեալ Զիջումներու Պիտի Առաջնորդէ»

Յաջորդը

Շէյխ Քասեմ Կոչ Կ՛ուղղէ Լայնածաւալ Պաշտօնական Ու Ժողովրդային Գործողութեան Եւ Միջազգային Ճնշումի

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.