Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ Նախարարներուն. «Ան Որ Կ՛ուզէ Ընտրութիւններուն Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել, Թող Կառավարութենէն Հեռանայ»

January 23, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տաւոսի մէջ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է միջազգային գործընկերներու հետ, որոնց շարքին ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու բարձր յանձնակատարութեան ու Միջազգային դրամատան շինարարութեան եւ կառուցման նախագահին հետ, եւ հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի նախագահ Քրիսթալինա Ճորճիեւայի հետ:

Սալամ ըսաւ, որ Միջին Արեւելքին յատկացուած նիստերուն ընթացքին իր պատգամը յստակ էր, թէ Լիբանան աստիճանաբար եւ հաստատ քայլերով կը վերատիրանայ միջազգային ընտանիքին ու իր գործընկերներուն վստահութեան:

Ան ըսաւ, որ կառավարութեան քաղաքականութիւնը հիմնուած է երկու հիմնական սիւներու վրայ. առաջինը` պետութեան հաստատութիւններու բարեկարգումներու ճամբով վերակառուցումը, սկսելով ելեւմտական բարեկարգումներով, սակայն առանց ատով բաւարարուելու, իսկ երկրորդը` զէնքի պետութեան մենաշնորհը ըլլալուն վերականգնումը:

Ան նշեց, որ 1969 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով լիբանանեան պետութիւնը Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ գործողութիւններու ամբողջական վերահսկողութիւն ունի:

Սալամ աւելցուց, որ կառավարութիւնը լիբանանեան բանակին նախարարաց խորհուրդին ներկայացուցած ծրագիրի երկրորդ փուլի ծիրին մէջ յառաջ կը շարժի Լիթանի գետի հիւսիսին մէջ:

Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի կացութեան` վարչապետը յայտնեց, որ թէեւ տեղի ունեցողը համապարփակ պատերազմ չէ, սակայն միակողմանի մաշեցման պատերազմ է` նշելով, որ Իսրայէլ գրեթէ առօրեայ յարձակումներ կը գործէ եւ տակաւին հարաւէն բաժիններ բռնագրաւուած կը պահէ:

Ան ընդգծեց, որ աշխատանք կը տարուի միջազգային ընտանիքը զօրաշարժի ենթարկելու եւ դիւանագիտական ու քաղաքական բոլոր միջոցները օգտագործելու Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի յարգէ թշնամական արարքներու դադրեցման յայտարարութեան մէջ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ Լիբանանէն ամբողջովին հեռանայ:

Սալամ մերժեց Իրանի մէջ անկարգութիւններու եւ ցոյցերու շուրջ հարցումի մը պատասխանել` նշելով, որ ամէն անգամ, որ իրանցի պաշտօնատարներ Լիբանան կ՛այցելեն, անոնց  կը փոխանցուի, թէ փափաք գոյութիւն ունի Լիբանան-Իրան յարաբերութիւնները վերակառուցելու փոխադարձ յարգանքի եւ ներքին հարցերուն չմիջամտելու հիմամբ:

Ան նշեց, որ Իրան շրջանային դերակատար է եւ ուղղակի ազդեցութիւն ունի Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան վրայ, եւ ինք կը նախընտրէ անոր ներքին հարցերուն շուրջ մեկնաբանութիւն չկատարել:

Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի եւ իրանեան վարչակարգին միջեւ յարաբերութիւններուն` Սալամ ըսաւ, որ ինք չի կարծեր, թէ այդ յարաբերութիւնը տկարացաւ` նշելով, որ Հըզպալլային ուղղուած իր տեւական պատգամն է վարուիլ իբրեւ լիբանանեան կուսակցութիւն, որ իր ազգային դերակատարութիւնը առաջնահերթ կը նկատէ շրջանային որեւէ այլ օրակարգէ:

Անդրադառնալով խորհրդարանական ընտրութիւններուն` վարչապետը յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ի վեր յստակ դարձուցած է, թէ ընտրութիւններուն վերահսկողութիւնը պիտի ստանձնէ` նշելով, որ ինքնիրեն չ՛արտօներ իր թեկնածութիւնը առաջադրել, եւ որեւէ նախարար, որ կ՛ուզէ թեկնածու ներկայանալ, պէտք է կառավարութենէն հեռանայ:

Սալամ շեշտեց, որ կառավարութեան անկողմնակալութեան ամրապնդումը հիմնական է, եւ անհրաժեշտ է ընտրութիւնները կատարել իրենց սահմանադրական ժամկէտին եւ առաւելագոյն աստիճանի անկողմնակալութեամբ:

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Պետութիւններու, Կառոյցներու Եւ Զէնքի Միութեան Հարցին Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համաձայն Ենք»

Յաջորդը

Պարզանիի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Շարհ. «Քիւրտերու Քաղաքական Եւ Քաղաքացիական Իրաւունքները Պաշտպանուած Են»

RelatedPosts

Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.