Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու շարք մը միջազգային ղեկավարներ երէկ Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ Միջազգային տնտեսական ֆորումի ծիրին մէջ պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին ստորագրեցին Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութիւնը:
Խորհուրդի նախագահ Թրամփ տասնեակներով միջազգային այլ ղեկավարներ հրաւիրեց իրեն միանալու եւ նշեց, որ իր կարծիքով` այս խորհուրդը միջազգային մարտահրաւէրներ պիտի կարգաւորէ:
Թրամփ ըսաւ, որ Իրան երկխօսութիւն կ՛ուզէ, եւ իր երկիրը անոր հետ երկխօսութիւն պիտի կատարէ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի նկատմամբ բան մը պիտի ընէ:
Ան յայտնեց, որ ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն կայ, բան մը, որ ոչ ոք կը կարծեր, թէ կարելի է:
Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմը կրցաւ աշխարհի վրայ ութ պատերազմներու վերջ տալ եւ այլ պատերազմներու վերջ տալուն կը մօտենայ:
Թրամփ ըսաւ, որ 59 երկիրներ մասնակցած են Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին` շեշտելով, որ Համաս շարժումը պէտք է հրաժարի իր զէնքէն, այլապէս ատիկա անոր վերջը պիտի ըլլայ:
Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան բարգաւաճումը ամբողջ աշխարհին բարգաւաճում կը պատճառէ:
Թրամփ շեշտեց, թէ Իրանի հիւլէական կարողութիւններուն վերջ տրուած է:
Ան նաեւ ըսաւ, որ եթովպիական «Նահտա» ամբարտակին վերաբերեալ կացութիւնը դժուար է, սակայն շեշտեց, որ լուրջ աշխատանք կը տարուի այդ հարցը լուծելու:
Նշենք, որ Խաղաղութեան խորհուրդի նախաձեռնութեան միացան նաեւ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը: Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ նստած էին կողք-կողքի, ապա Տոնալտ Թրամփ միացաւ անոնց:
Թրամփ թուելով իր պաշտօնավարման օրով դադրեցուած պատերազմները` յիշատակեց նաեւ հայ-ազրպէյճանական տագնապը: «Հայաստան եւ Ազրպէյճան: Այս առաջնորդներէն շատեր դարձան իմ ընկերներս: Անոնք հիմա այստեղ են», նշեց Թրամփ:


