Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ Ուաշինկթընի հետ կապերը մասնագիտական մակարդակի բանակցութիւններու ճամբով կը վերադառնան իրենց բնականոն իրավիճակին: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Ան նշեց, որ երկու կողմերը լարուածութիւն յառաջացուցած երկարատեւ վիճելի հարցերու շուրջ երկխօսութիւն կը կատարեն երկու երկիրներու մայրաքաղաքներուն մէջ:
Ռիապքով յայտնեց, որ քննարկումներու վերջին նիստը տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի մէջ` աւելցնելով, որ քննարկումները դռնփակ են` պահպանելու համար պատշաճ մթնոլորտն ու երկխօսութեան համար պայմանները:
Ըստ անոր, ջանք կը թափուի ճշդելու համար, թէ նշեալ ժողովները ի վերջոյ ինչպէ՛ս պիտի ներկայացուին:


