Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիս

January 23, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22 յունուարին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով: Ան ամփոփեց խորհրդարանական շաբաթը եւ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:

«Որպէսզի պատկերացում կազմէք, թէ իշխանութիւնը ինչպէ՛ս կ՛աշխատի եւ արդիւնաւէտութիւնը, քառօրեան, որ կը տեւէ չորս օր, եւ կառավարութիւնը պէտք է օրէնսդրական բազմաթիւ նախագիծեր բերէր, աւարտեցինք մէկուկէս օրուան մէջ` չհաշուած Նիկոլ Փաշինեանի երէկուան ջղաձգումները», յայտարարեց Գեղամ Մանուկեան:

«Եւ այդպէս արդիւնաւէտութիւնը կը չափուի այս կառավարութեան: Տարուան վերջաւորութեան` դեկտեմբերի վերջին օրերուն կը յիշեն, որ տասնեակներով նախագիծերի կարիք կայ ու արտահերթերով կը փորձեն իրենց անգործունակութիւնը հիմնաւորել: Այդ ալ կառավարութեան գնահատականն է, թէեւ իրենք կը կարծեն, որ իրենք արժանի են բազմամիլիոննոց պարգեւավճարներու», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք 27 յունուարին` հայրենիքի պաշտպանի յիշատակի օրը, պիտի երթա՞ն Եռաբլուր` Գեղամ Մանուկեան ըսաւ. «Մեզմէ շատերուն համար տարին կը սկսի 2 յունուարին` Եռաբլուր այցելելով. Շահէն Մեղրեանի ծննդեան օրն է: 26 յունուարին մեզմէ շատեր պիտի ըլլան Եռաբլուրի մէջ` այցելելու 1992 թուականի Քարին Տակի հերոսամարտին նահատակուած Նորիկի, Կարոյի շիրիմներուն, եւ այդպէս շարունակ: Այդպէս չէ, որ մէկ օր կ՛այցելենք Եռաբլուր»:

«Ես Եռաբլուրի մէջ եղած եմ երիտասարդ տարիներէն, առաջին յուղարկաւորութիւնը 1990 թուականին եղած է: Այսքան տարիներու ընթացքին աւելի ահաւոր զգացում չէ եղած, ինչպիսին 2024 թուականի սեպտեմբերի 19-ն էր, երբ հարիւրաւոր մարդիկ այցելած էին մէկ տարի առաջ ազրպէյճանական նախայարձակումի հետեւանքով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն կողմէ դաւաճանուած պաշտպանութեան բանակի նահատակներու յիշատակին: Ատիկա ուղղակի ահաւոր էր», ըսաւ Մանուկեան:

«Հակառակ Ռուբինեանի սիրուն թիթեռներուն, որ իբրեւ թէ այս կամ այն երկրի անձնագիր ունեցողներուն համար սահմանը պիտի բացուի եւ այլն, որեւէ բան չկայ. սահմանը փակ է: Ֆիտանի կողմէ, բացառութեամբ Նիկոլ Փաշինեանին ուղղուած վերջին խօսքերուն, պարբերաբար յայտարարութիւններ կը հնչեցուին Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: Երկիր մը, ուր բոլոր ընկերաբանական հարցախոյզներուն մէջ թշնամի կը դիտուին Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հայութիւնը: Այս ամբողջ սպառնալիքներու պարունակին մէջ արտաքին հետախուզութեան զեկուցումին մէջ Թուրքիա անունը հնչած է երեք անգամ` այն ալ ճանապարհներու հարցով: Փոխարէնը` հոգեւոր գործիչները կը դիտարկեն իբրեւ սպառնալիք», ըսաւ ան:

«Անցնող տասնամեակներուն ոեւէ մէկը չէր պատկերացներ, որ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տարածք կ՛ասպատակեն հարիւրաւոր ԱԱԾ-ականներ, հարիւրաւոր քահանաներու մասնակցութեամբ ժողովին կարող են ԱԱԾ-ականներ գալ` Միքայէլ սրբազանը բերման ենթարկելու համար», ըսաւ Գեղամ Մանուկեան` անդրադառնալով Եպիսկոպոսաց ժողովը Աւստրիոյ մէջ կայացնելու որոշումին: Ան նշեց, որ նորութիւն չէ, որ եկեղեցական ժողովներ կը կայացուին նաեւ Հայաստանէն դուրս:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պայքարի Ոգիով Յաղթեց Անթունիէին` 95-91 Արդիւնքով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Խմբագրական.  Յարմարուելու Դասեր
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յարմարուելու Դասեր

February 14, 2026
Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պէտք Է Իրանի Հետ Գործարք Կնքենք, Այլապէս Ցնցումի Պիտի Ենթարկուի, Եւ Դժուար Պահ Պիտի Դիմագրաւենք»

February 14, 2026
Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.