Մուրատ Փափազեան. «Արմէն Սարգսեանը Ընդունելի Է Նաեւ Սփիւռքի Մէջ»
Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններուն աշխատանքը համակարգող խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան յայտարարեց, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ իբրեւ նախագահի թեկնածու Բրիտանիոյ դեսպան Արմէն Սարգսեանը առաջադրելը շատ լաւ որոշում է: Անոր դիտարկումով` Արմէն Սարգսեան լաւագոյն թեկնածուն է նախագահի պաշտօնին համար, ան նաեւ ընդունելի եւ ընկալելի է սփիւռքի մէջ, աւելի լաւ թեկնածու կարելի չէ պատկերացնել: «Ան տարիներ շարունակ գործած է սփիւռքի...




















